«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 35.
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական դէպքերուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար՝ [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ան ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար՝ [[Ժորժ Պույուք]] մօտ:Նկատելով կանաչեանի ունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին:
Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը1913մէկը՝ 1913-էն [[1915]] :
 
<gallery>
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Տող 55 ⟶ 54՝
 
Գրած է
«''Վարդերի Հետ''» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ,ինչպէս նաեւ խմբերգեր եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով:
«Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին,
Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը,
Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի:
«Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը:
Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»:
Առաջին խմբերգերէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ- Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի»,եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգերը: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», « Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը:
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգերու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը: