'''Մոհանդաս Կարամչանդ Կանտի''', (મોહનદાસ કરમચંદ ગાંધી) (22 Հոկտեմբեր, 1869էն – 30 Յունուար, 1948) [[Հնդկաստան]]ի քաղաքական ևեւ հոգևորհոգեւոր առաջնորդ ևեւ Հնդկական անկախութեան շարժման ղեկավար։ 1888 թուականին՝ 20 տարեկանը չբոլորած, Մահաթմա Կանտին կը մեկնի Լոնտոն, ու 3 տարի կ՛ուսանի ու կ՛աւարտէ իրաւաբանութեան համալսարանը։ 1893 թուականին ան կ՛աշխատի [[Հարաւային Ափրիկէ]]ի մէջ։ Հոն կը սկսի իր տեղացիներու պաշտպանութեան գործընթացը։ Ան կը մշակէր արդարութեան ու ոչ բռնութեան վրայ հիմնուած սկզբունքներ։
Կանտի նախաձեռնած է բռնակալութեան դէմ դիմադրութեան , խստորեն առանց բռնութեան (ահիմսա), որով Հնդկաստանը շահել է իր անկախութիւնը ևեւ մեծապէս ազդած է ամբողջ աշխարհի մէջ նմանատիպ շարժումներու տարածման վրայ՝ քաղաքացիական իրաւունքներու ևեւ ազատութեան համար։ Ան աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրևիբրեւ Մահաթմա Կանտի ([սանսկրիտ]՝ महात्मा կամ "Մեծն Հոգի") ևեւ Հնդկաստանի մէջ՝ իբրևիբրեւ Բապու(գուջարատի՝ બાપુ կամ "Հայր")։ Ան ճանչցուած եւ յարգուած է Հնդկաստանի մէջ, իբրևիբրեւ Հնդկաստանի հայրը։ Կանտին հայրենիք կը վերադառնայ առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1915 թուականին, ևեւ կը դառնայ ազգայնական շարժումի առաջնորդը։ Օգտագործելով «Սատյարգրահայի» սկզբունքները՝ Կանտին կը գլխաւորէ Հնդկաստանի անկախութեան պայքարը Բրիտանիոի դէմ։ Բրիտանացիները յաճախ ձերբակալած են Կանտին՝ Հարաւային Ափրիկէի ևեւ Հնդկաստանի մէջ ցուցաբերած իր գործունէութեան համար. Ան 7 տարի անցուցած է բանտի մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն երկու տարի անց՝ 1948 թուականի 13 Յունուարին, Հնդկաստանի մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան, ևեւ Կանտին հացադուլ կը յայտարարէ։ Ան այդ ժամանակ 78 տարեկան ծերունի էր։ Հինգ օր անց ընդիմադիրները կը խոստանան են դադրեցնել պայքարը ևեւ Կանտին կ՛ընդհատէ հացադուլը։ Հացադուլէն 12 օր անց մոլեռանդ-հինտու Նաթհուրամ Գոդզէն՝ Կանտիի հակառակորդը, 3 անգամ կը կրակէ Մահաթմայի փորին եւ կրծքավանդակին վրայ։ Կանտի, մահամերձ վիճակին մէջ, շարժումներով ցոյց կու տայ, որ ներած է մարդասպանին։ 1948 թուականի Յունուար 30–ին ան կը մահանայ։
Մահաթմա Կանտին ապրած է չափազանց համեստ կեանք մը։ Ան գերազանցապէս բուսակեր էր , եւ յաճախ ալ ինքնամաքրման ևեւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ բողոքի համար ծոմ կը պահէր։ Անոր տարեդարձը՝ 2 հոկտեմբերը Հնդկաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Կանտիի ազգային տօն, իսկ աշխարհի մէջ՝ [[Ոչ-Բռնութեան Միջազգային Օր]]։