«Էրիք Քանթոնա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, փոխարինվեց: → oգտվելով ԱՎԲ
Տող 41.
Էրիք Տանիէլ Փիէր Կանտոնան ծնած է [[1966]] թուական [[Մայիս 24]]-ին [[Ֆրանսա]]յի [[Մարսել]] քաղաքին մէջ։ Ան յայտնի ֆութպոլիստ էր, խաղացած է յարձակող դիրքին մէջ։ Առաւել յայտնի է իր մասնակցութեամբ [[Ֆրանսա]]յի հաւաքականի եւ «[[Մանչեսթըր Իւնայթըտի]]» կազմերուն մէջ։ Վերջինին հետ արժանացած է [[Բրիմիոր Լիկա (Անգլիա)|Բրիմիոր Լիկա]]յի չորս յաղթական տիտղոսներու։ Մինչեւ հիմա Իւնայթըտի երկրպագուներու կողմէ կը համարուի կենդանի հերոս մը, որոնք անոր տուած են «Էրիք թագաւոր» մականունը։ Ֆութպոլիստի գործի ասպարէզը աւարտած է [[1997]] թուականին, որմէ ետք սկսած է նկարահանել Գինոյի մէջ։ Ան նկարահանած է «Եղիսաբէթ» ֆիլմին մէջ, որուն մէջ կատարած է Ֆուայի դերը։ Հիմա կ՛աշխատի որպէս մարզական ղեկավար «Նիւ Յորք Կոսմոս» ակումբին մէջ։ Անոր անգլիացի ռեժիսոր Քեն Լոուչը նուիրած է «Էրիքին փնտրելով» ֆիլմը։
 
Իր ֆութպոլիստի գործի ասպարէզը սկսած է «Օսերի մէջ»։ Խաղացած է «Մարտինգ», «Նանդ», «[[Մարսել]]» եւ «[[Փորթօ]]» խումբերուն մէջ։ Եռամեայ կարգապահական տուգանքէն ետք կը որոշէ աւարտել գործի ասպարէզը, սակայն Ֆրանսայի հաւաքականի մարզիչ [[Միշել Պլատինի]]ն, որ Կանտոնայի մոլի երկրպագու է, կը համոզէ զայն շարունակել գործի ասպարէզը։ Էրիքը կը որոշէ տեղափոխուիլ [[Անգլիա]]։
 
Գալով [[Անգլիա]]՝ ան որոշ ժամանակ կը խաղայ «Լիդս» խումբին մէջ։ [[1992]] թուական Նոյեմբերին կը տեղափոխուի «[[Մանչեսթըր Իւնայթըտ]]» 1,2 միլիոն ֆոնտով։ Առաջին խաղը խաղացած է Դեկտեմբեր 6-ին, ուր Իւնայթըտ յաղթեց 2-1 հաշիւով։ Անոր նորամուտը յաջող կը ստացուի, որովհետեւ ան ոչ միայն կոլերու հեղինակ կը դառնայ, այլ նաեւ կը կատարէ մասնագիտական գնդակներու փոխանցում (assist)։ Սակայն անոր տաղանդը չէր համակերպեր անոր բնաւորութեան հետ։ Լիդսի հետ խաղի ժամանակ ան կը թքէ երկրպագուներէն մէկուն վրայ, որուն համար կը պատժուի վճառելով հազար ֆոնտ։ Կարգապահական խնդիրները կը շարունակուին զայն հետապնդել։ Մէկ մրցաշրջանի ընթացքին ան կը ստանայ չորս կարմիր քարթ։