«Կապար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
#ձայնային_ֆայլեր, փոխարինվեց: → oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
Ալքիմիագէտերը կապարը անուանած են Սաթուրն եւ գրած են այդ մոլորակի նշանով։ Կապարի միացութիւնները՝ «կապարի մոխիրը»- (PbO), կապարի ճերմակը [2PbCO<sub>3</sub>.Pb(OH)<sub>2</sub>] օգտագործած են [[Հին Յունաստան]]ին մէջ եւ Հռոմին մէջ՝ որպէս դեղորայքի եւ ներկերու բաղադրամաս։ Հրազէնի յայտնաբերումէն յետոյ կապարէն պատրաստած են գնդակ։
 
Հռոմէացի բանաստեղծ Վիթրուվիւսը գրած է առողջութեանը կապարի վնասակարութեան մասին եւ ժամանակէն գրողները կը ենթադրեն, որ կապարային թունաւորումը մեծ դեր խաղցած է Հռովմի կայսրութեան կործանման ժամանակ: Այն, որ Յուլիոս Կեսարը ունեցած է ընդամենը մեկ ժառանգ այնպէս, ինչպէս որ կ'ենթադրուէր անոր անպտղութիւնը, կը վերագրուէ կապարային թուանւորմանը: Այլ հետազոտողներ կը քննադատէն ատանկ ենթադրութիւնները նշելով զորօրինակ, որ ոչ բոլոր որովայնային ցաւերը կ'յառաջանան կապարային թունաւորումէն:<br>
 
Կապարի թունաւոր յատկութիւնը նշած են տակաւին մ. թ. 1<sup>ին</sup> դարուն՝ յոյն բժիշկ Տիոսկորիտեսը եւ Պլինիոս Աւագը: [[Մեծամոր (արեւմտահայերէն)|Մեծամոր]]ի պեղումներու ժամանակ ([[1965 թուական|1965]]-[[1966 թուական|1966]]) Ք. ա. 3<sup>րդ</sup> հազարամեակի շերտին մէջ յայտնաբերուած ինը համաձուլուածքներէն չորսը կը պարունակեն կապար՝ [[Պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]]-կապար, [[Պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]]-կապար-[[Անագ (արեւմտահայերէն)|անագ]], [[Պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]]-կապար-[[զինկ]], [[Պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]]-կապար-[[Անագ (արեւմտահայերէն)|անագ]]-[[զինկ]]։
Տող 27.
 
Կապարն, ըստ կենդանի օրկանիզմներուն վրայ ունեցած ազդեցութեան, կը պատկանէ խիստ վտանգաւոր նիւթերու թիւին, այսինքն՝ կապարի անվտանգ չափաքանակ գոյութիւն չունէ։ Ան մարդու օրկանիզմ կը թափանցէ կերակրափողի, շնչուղիներու, մաշկի միջոցաւ եւ աստիճանաբար կը կուտակուէ օրկանիզմին մէջ։ Մարդու առողջութեան համար կապարի վտանգաւորութիւնը կ'որոշուի վերջինիս թունայնութեամբ եւ օրկանիզմին մէջ կուտակուելու յատկութեամբ։
Կապարի առաւել բարձր խտութիւններ կը յայտնաբերուեն թիթեղեայ պահածոյատուփերուն մէջ, թարմ եւ սառեցուած ձկնեղէնի, ցորենի թեփի, ժելաթինի, խեցեմորթներու մէջ եւ այլն։ Կապարը թունաւոր է եւ վտանգաւորանորով, որ, անցնելով օրկանիզմ, չքայքայուեր, այլ՝ կը կուտակուէ։ Ան կրնայ ժամանակ առ ժամանակ թափանցել արեան մէջ եւ յառաջ բերել կապարային հիւանդութիւններ։
 
{{Սեղմ Պարբերական Աղիւսակ}}
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Կապար» էջէն