«Կարագ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արեւելահայերէն|Կարագ}} 300px|մինի '''Կարագ''', կաթնամթերքային արտադրատեսակ, որ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

14:00, 15 Սեպտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն

Կարագ, կաթնամթերքային արտադրատեսակ, որ կը ստացւուի սերուցքի կամ խնոցիացուած կաթի խմորումէն։ Այն կ՛օգտագործուի թէ՛ որպէս հացի վրայ քսուկ, թէ՛ որպէս սնունդ պատրաստելու համար խոհարարական պարագայ։ Բացի այդ՝ կարագը կ՛օգտագործուի նաեւ որպէս պատրաստ սնունդին համային առաւել բարձր յատկութիւններ հաղորդելու համար յաւելում։

Կարագ պատրաստելու համար չափազանց կարեւոր է կաթի առաւել սննդարար, հեշտ անջատուող, իւրայատուկ եւ որակով օժտուած բաղադրամասը՝ կաթնաիււղը։ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կ՛արտադրուի մօտ 20 տեսակի կարագ՝ 52-82,5% իւղայնութեամբ, 16-35% ջուրի 1-2,5-3,0% չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթի պարունակութեամբ։ Կաթնաիւղը օրգանիզմին մէջ կը մարսուի բարձր՝ 97% գործակցով, իսկ պլազմայի չոր նիւթերը՝ 94,1%։ Կաթնաիւղի լիարժէքութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ անոր մէջ առկայ ճարպալուծ՝ A, E, PP, B1, C վիթտամիններով, β կարօտինով եւ կենսաբանական այլ աշխտոյժ նիւթերով։

Կարագը շերտ առ շերտ կտրտուած

Կարագներու ապրանքագիտական դասակարգումը

Գործարանային եղանակով կովի կաթնասերէն պատրաստուած կարագները, կախուած արտադրման միջոցներէն, կը ստորաբաժանուի հետեւեալ տեսակներուն՝

  • վոլոգոդեան,
  • անալի,
  • աղած,
  • սիրողական,
  • բաշկիրական,
  • գիւղացիական,
  • բուտերբրոդային,
  • լրացումներով եւ համով,
  • հալած։
 
Կարագի վաճառք Լոնտոնի խանութներէն մէկուն մէջ

Վոլոգոդեան կարագ

Բարձր ջերմաստիճաններու մէջ պաստերիզացուած, քաղցր կաթնասերէն պատրաստուած անարատ սերակարագ է։ Ունի ընկոյզի համ եւ հոտ։ Այդ համի եւ հոտի բացակայութեան պարագային կարագը կը դասուի անալի քաղցր սերակարագներու շարքին։ Վոլոգոդեան կարագը կը պատկանի քաղցր կարագներուն։

Անալի կարագ

Անալի կարագը քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստեն պաստերիզացուած սերին, կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր կուլտուրաներ աւելցնելու միջոցով կամ առանց անոնց։

Աղած կարագ

Քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստուի նոյն ձեւով, ինչպիսին անալի կարագի պարագային, այսինքն. պաստերիզացուած սերին կ՛աւելցնեն կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր կուլտուրայ, սակայն վերջը միայն լրացուցիչ կը խառնեն կերակուրի աղ։

 
Աղած կարագ

Սիրողական կարագ

Կը պատրաստեն քաղցր, թթու եւ անալի, ջուրի քանակը պէտք է ըլլայ 20%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթը՝ 2%։

Բաշկիրական կարագ

Կը հանդիսանայ անալի, քաղցր, թթուային կարագ, որուն մէջ իւղը կը կազմէ 79,5%-էն ոչ պակաս, ջուրի քանակը՝ 18%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը (ՍՈՄՈ)` 2,5-3%: Ունի բնորոշ քաղցր համ։

Գիւղացիական կարագ

Քաղցրահամը լինում է աղ դրած կամ անալի, իսկ թթուասէրակարագը` միայն անալի։ Յուղի քանակը անալի կարագում պէտք է լինի 72,5%, իսկ աղիում՝ 71,5%-ից ոչ պակաս, ջրի քանակը 25%-ից ոչ աւելի, չոր իւղազուրկ մնացորդը՝ 2,5%։

Բուտերպրոտային կարագ

Կ՛ըլլայ անալի, քաղցրահամ։ Իւղի քանակը պիտի կազմէ 61,5%-էն ոչ պակաս, ջուրը՝ 35%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը՝3,5%։

Լրացումներով եւ համով կարագ

Լրացումներով եւ համով կարագները ունին լայն տեսականի։ Անոնք կրնան ըլլալ քաղցր՝ իւղով, քաղցր՝ շոքոլայով, մեղրով, հատապտուղներով։

 
Կարագը լայնորէն օգտագործւում է որպէս լցօն

Կարագի արատները

Կարագը ունի նաեւ արատներ։ Անոնք կրնան ըլլալ անասուններուն տուած վատ կերէն, բնակլիմայական ոչ պատշաճ պայմաններէն եւ այլն։

Կարագի արատներ կը հանդիսանան նաեւ դառ համը, որ կ՛առաջանայ կենդանիին դառ խոտով կերակրելու, մետաղահամը՝ տարայի քայքայման հետեւանքով եւ այլն։



Արտաքին յղումներ