«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
"IMages.jpg" Ֆայլը Ջնջվել է: Վիքիպահեստում՝ JuTa մասնակցի կողմից: Պատճառը սա է՝ No permission since 17 May 2017:
ՉNo edit summary
Տող 27.
}}
 
'''Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ)''' հիմնուած է [[1890]]-ի օգոստոսին, այժմու [[Վրաստան]]ի մայրաքաղաք [[Թիֆլիս]]ի մէջ։ Կազմուած է իբրեւ Հայ ՅեղափոխականներիՅեղափոխականներու Դաշնակցութիւն՝ նպատակ ունենալով համախմբել Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական պայքարին լծուած յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները։ [[1892]]-ին գումարուած իր Առաջին Ընդհանուր Ժողովին վերանուանուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ կազմակերպական ապակեդրոնացումի հիման վրայ վերածուելով գաղափարական ու բարոյական միաձոյլ նկարագրով կուսակցութեան։ Իբրեւ այդպիսին՝ Հ.Յ.Դ. գլխաւորած է եւ կը շարունակէ դրօշակիրը մնալ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին։
 
Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը եղած է շեշտակիօրէն Գործի կուսակցութիւն՝ հայ ժողովուրդի մարտական բազուկը դառնալով։ Իր ծաւալած յեղափոխական եւ կազմակերպական եռուն գործունէութեամբ՝ Դաշնակցութիւնը զինած է մեր ժողովուրդը եւ պատրաստած է զայն ինքնապաշտպանութեան եւ համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան։ Համիտեան բռնատիրութեան տապալման եւ Պարսկական սահմնադրական շարժման յաղթանակին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Հ.Յ.Դ.: