«Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 23.
== Զինեալ պայքարը ==
ՀԱՀԳԲ-ի ռազմական գործողութիւնները հիմնականին մէջ ուղղուած էին թրքական դեսպանատներուն, հիւպատոսարաններուն, դիւանագէտներուն, պետական պաշտօնատար անձանց, զինուորական և ոստիկանական հաստատութիւններուն, թրքական բիզնես միջավայրին, յատկապէս՝ «Turkish Airlines» ընկերութեան գրասենեակներուն, ինչպէս նաև այլ երկիրներու պետական ու հասարակական այն կառույցներուն, որոնք դրամական կամ ռազմական օժանդակութիւն ցոյց կու տան թրքական պետութեանը, խոչընդոտ կը հանդիսանայ ՀԱՀԳԲ-ի գործունէութեանը։ ՀԱՀԳԲ-ն իր գոյութեան մասին առաջին անգամ յայտնեց, երբ ստանձնեց [[20 Յունուար]] [[1975]] թուականին Պէյրութի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան գրասենեակի ռմբահարման պատասխանատուութիւնը։ Այս գործողութեան շարժառիթ կը հանդիսանար Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան Պէյրութեան գրասենեակի կողմէ լիբանանահայութեան արտագաղթը երրորդ երկիր, յատկապէս՝ ԱՄՆ և Կանադա, կազմակերպելը։ Այս ռազմագործողութեանը հաջորդեցին շուրջ 200-էն 300 զինուած ռազմագործողութիւնը, որոնց արդյունքում սպանուեցան մօտ 100 և վիրաւորուեցան աւելի քան 200 մարդ, այդ թիւին մէջ՝ շուրջ չորս տասնեակ թուրք դիւանագէտներ և այլ պաշտօնատար անձինք։ Առաւել մեծ արձագանք ստացած են գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած Օրլի ռազմագործողութիւնը, «Վան» գործողութիւնը, «Կարին – Էրզրում» գործողութիւնը և Շուկայի վրայ յարձակումները։
[[Պատկեր:ASALA 50.jpg|350px|մինի|ձախից|ՀԱՀԳԲ–ի մարտիկները մարզման ժամանակ]]
== ՀԱՀԳԲ-ն և Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ==
Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը ստեղծուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն և իր կարևորագոյն խնդիրներուն կը համարէ նաև լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը։ Այս առումով մեծ ներդրում ունեցած է զինուած պաշտպանութեան գործին մէջ։ Յաճախ ստիպուած է հակադրուիլ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս ՀՅԴ-ին, որ երբեմն վերածուած է զինուած ընդհարումներուն։