«Հայկ Նահապետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 21.
== Ժառանգներ ==
Ըստ Մովսէս Խորենացիի եւ այլ հայ պատմագիրներու՝ Հայկին սերունդէն է Հայկազունիներու արքայատոհմը։ Այդ ազնուական հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը՝ Վահէ արքան զոհուեցաւ [[Գաւգամելի]]ին մէջ, Հայկն [[Ալեքսանտր Մակեդոնացի]]ի արշաւանքէն պաշտպանելու։
«Հաբեթի սերունդներու Ցանկը սահմանել եւ առաջադրած է Մովսէս Խորենացին, որպէս Հին Կտակարանի ազգաբանութեան ցանկերուն այլընտրանք, քանզի, Պատմահայրը կը բողոքէ. «ս. գիրքը յուրայիններուն (հրեաներուն. հեղ) զատելով իբրեւ իր սեփական ազգ՝ միւսներուն լքեց, իբրեւ արհամարելիարհամարհելի եւ իր կողմէն նշանակուելու անարժան…(հաւելելով) մեր Հաբեթի սերունդները բոլորովին չկան»։ Խորենացին առաջադրած է սեփական՝ Նոյի Հաբեթ որդիին ազգաբանութեան Ցանկ, հաւելելով, որ ան աւելի հաւաստի է, քան Ծննդոց բաժնի ցանկերը, քանի որ այնտեղ Հաբեթի սերունդները կը բացակային (Մ. Խորենացի, ՀՊ, էջ՝ 77-78)։ Ի տարբերութիւն իրմէ առաջ եւ հետոյ պատմութիւններ գրող պատմիչներու, Պատմահայրը ազնուորէն կը թուարկէ, թէ Հաբեթի ազգաբանութիւնը ճշտելով, ինքը ինչ աղբիւրներէն օգտուած է՝ Աբիւտենոս, Կեփաղիոն, յունարէն գրականութիւն, իսկ Հին Կտակարանի Ծննդոց բաժնի ազգանութեան ցանկերը որեւէ հաւաստի աղբիւրներ չունին։ Սկսած Խորենացիէն, մեր բոլոր պատմիչները անփոփոխ կը թողեն «Հաբեթէն սկսուող ազգաբանութեան», այդ թուականին «Առաջին հայկեաններու»՝ Հայկէն մինչեւ Արա Գեղեցիկ» Հայկազունի առաջնորդներու Ցանկը։
Ըստ Խորենացիի շարք մը հայոց ազնուական տոհմեր իրենց ակունքներու սկիզբ կը համարուին Հայկ Նահապետին։ Անոնցմէ են Բզնունիները, Խորխոռունիները, Մանդակունիները, Վահեւունիները, Վարաժնունիները, Առանշահիկները եւ այլն։ Ժամանակակից գիտնականներու մէկ մասը այլեւս կը հրաժարի դիտարկել Հայկին որպէս զուտ առասպելական անձ եւ հակուած է ներկայացնել անոր որպէս հայոց հերթական թագաւոր, ով մեծ աւանդ ունեցած է հայկական արժեհամակարգի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ<ref>Պ․Մ․Հերունի, ''Հայերը և հնագույն Հայաստանը''Երևան 2006 թ․</ref>։