«Հայկական Լեռնաշխարհ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 17.
Երկրի լեռնային ելեւէջքի տեղագրութեան (relief and topography) եւ արտաքին ազդակներու հետեւանքով Հայկական լեռնաշխարհի բնական պայմանները՝ կլիման, [[Հող (արեւմտահայերէն)|հող]]երը, բոյսերը, [[Կենդանիներ (արեւմտահայերէն)|կենդանի]]ները, բազմազան են։ Այդ բոլորը ենթարկուած են ուղղաձիգ գօտեւորման օրէնքին։ Այստեղ առկայ են կիսաանապատներէն մինչեւ լեռնային բաց դաշտ (ռուս.՝ թունտրէ այսինքն բաց դաշտ) եւ նոյնիսկ լեռնային-բեւեռային բնական բոլոր գօտիները։ Եւ այդ բոլորը իրարու յաջորդած են ընդամէնը 75—200 մեթրի վրայ։ Բնական պայմաններուն այդպիսի խառնաշփոթութիւնն ալ պայմանաւորուած է երկրի առանձին շրջաններուն տարբեր զբաղմունքներու առաջացմանն ու զարգացման:
 
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ ապրած ու իր բազմադարեան պատմութիւնը կերտած է հայ ժողովուրդը։ Այն բնական պայմաններու իւրօրինակ համալիր է, բնագիտաաշխարհագրական առանձին միաւոր։ [[Բարձրավանդակ (արեւմտահայերէն)|Բարձրավանդակ]]ը ուշագրաւ է իր մակերեւոյթի ինքնատիպ երիտասարդ [[Հրաբուխ (արեւմտահայերէն)|հրաբխային]] դաշտային բնավայրերով եւ միջլեռնային գոգաւորութիւններով, բարձր լեռնային լիճերով եւ արագահոս գետերով, ցայտուն արտայայտուած յառաջընթաց գօտիականութեամբ։ Այստեղ կը հանդիպին երկրագունդի գրեթէ բոլոր բնական գօտիները նաեւ մերձարեւադարձային գօտին (tropical zone) մինչեւ ձիւնամերձ գօտի։ Ամենաբարձր կէտը Մասիս ([[Արարատ Լեռ (արեւմտահայերէն)|Արարատ]]) լեռն է, որ ունի 5 165 մեթր բարձրութիւն։
 
[[Պատկեր:Great Armenian world.jpg|մինի|ձախէն|[[Արարատ]]]]
Լեռնաշխարհի հիւսիսային սահմանը [[Փոքր Կովկաս (արեւմտահայերէն)|Փոքր Կովկաս]]ի եւ Արեւելապոնտական լեռնային համակարգերն են։ Արեւելքի սահմանը Փոքր Կովկասով կը հասնի մինչեւ [[Ղարատաղի Լեռներ |Ղարատաղի լեռներ]]ը եւ Սոհունտ լեռ։ Թեքուելով դէպի [[Ուրմիոյ Լիճ |Ուրմիոյ լիճ]]ին կողմը՝ կը ներառէ լիճի ափամերձ գաւառները եւ կը հասնի [[Հայկական Տաւրոս]]ի շարունակութիւնը համարուող Կորդուաց լեռնաշղթային։ Լեռնաշխարհի հարաւային սահմանը կը հասնի [[Մարտին]]ի կամ Մասիոս լեռներ եւ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոս։ Հասնելով [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ գետ]]ին՝ արեւմտեան սահմանը Անտիտաւրոս լեռներով կը հասնի [[Սեւ Ծով|Սեւ ծով]]ին ու Արեւելապոնտական լեռներուն։ Հարեւան երկրներէն՝ Փոքրասիական բարձրավանդակէն եւ [[Իրան (արեւմտահայերէն)|Իրան]]ական լեռնաշխարհէն բարձրադիր ըլլալուն պատճառով գերմանացի արեւելագէտները այն կոչեր են «լեռնային կղզի»։ Լեռնաշխարհը ունի ծովիու մակերեւոյթէն 1500-1800 մեթր միջին բարձրութիւն։ Ընդհանուր տարածքը մօտ 400 000 քմ² է։
 
Տարբեր ուղղութեամբ երկարող լեռնաշղթաները միմեանց միջով կտրելով երկիրը վերածած են բազմաթիւ փակ շրջաններու։ Լեռնաշղթաներու միջեւ ինկած են ձորեր, հովիտներ եւ դաշտեր։ Երկիրին վրայ հիմնականօրէն տարածուած են հրաբուխային [[Սարահարթ (արեւմտահայերէն)|սարահարթեր]] եւ առանձին լեռնազանգուածներ, բեկորային ու ծալքաւոր լեռներ, կերտուածական tectonic իջուածքներ։ Հայկական լեռնաշխարհը կը մտնէ [[Երկրաշարժ (արեւմտահայերէն)|երկրաշարժ]]ներու գօտիին մէջ։ Այստեղ կը գտնուի [[Առաջաւոր Ասիա|Առաջաւոր Ասիոյ]] միակ գործող հրաբուխը՝ Թոնդուրեկը (Մասիսէն հարաւ-արեւմուտք), որուն խառնարանէն դուրս կու գան ջրային գոլորշիներ, ծծմբային ու ածխածնային կազեր եւ մանր քարակտորներ, իսկ ստորոտէն կը բխին հանքային տաք [[Աղբիւր|աղբիւր]]ներ։