«Հայկական Լեռնաշխարհ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 17.
Երկրի լեռնային ելեւէջքի տեղագրութեան (relief and topography) եւ արտաքին ազդակներու հետեւանքով Հայկական լեռնաշխարհի բնական պայմանները՝ կլիման, [[Հող (արեւմտահայերէն)|հող]]երը, բոյսերը, [[Կենդանիներ (արեւմտահայերէն)|կենդանի]]ները, բազմազան են։ Այդ բոլորը ենթարկուած են ուղղաձիգ գօտեւորման օրէնքին։ Այստեղ առկայ են կիսաանապատներէն մինչեւ լեռնային բաց դաշտ (ռուս.՝ թունտրէ այսինքն բաց դաշտ) եւ նոյնիսկ լեռնային-բեւեռային բնական բոլոր գօտիները։ Եւ այդ բոլորը իրարու յաջորդած են ընդամէնը 75—200 մեթրի վրայ։ Բնական պայմաններուն այդպիսի խառնաշփոթութիւնն ալ պայմանաւորուած է երկրի առանձին շրջաններուն տարբեր զբաղմունքներու առաջացմանն ու զարգացման:
 
=== Սահմաններ ===
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ ապրած ու իր բազմադարեան պատմութիւնը կերտած է հայ ժողովուրդը։ Այն բնական պայմաններու իւրօրինակ համալիր է, բնագիտաաշխարհագրական առանձին միաւոր։ [[Բարձրավանդակ (արեւմտահայերէն)|Բարձրավանդակ]]ը ուշագրաւ է իր մակերեւոյթի ինքնատիպ երիտասարդ [[Հրաբուխ (արեւմտահայերէն)|հրաբխային]] դաշտային բնավայրերով եւ միջլեռնային գոգաւորութիւններով, բարձր լեռնային լիճերով եւ արագահոս գետերով, ցայտուն արտայայտուած յառաջընթաց գօտիականութեամբ։ Այստեղ կը հանդիպին երկրագունդի գրեթէ բոլոր բնական գօտիները նաեւ մերձարեւադարձային գօտին (tropical zone) մինչեւ ձիւնամերձ գօտի։ Ամենաբարձր կէտը Մասիս ([[Արարատ Լեռ (արեւմտահայերէն)|Արարատ]]) լեռն է, որ ունի 5 165 մեթր բարձրութիւն։