«Հայկական Սփիւռք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ ԱՎԲ ծրագրով )- փոխվում է ),, փոխարինվեց: ) - → ), (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5.
</ref>: Հայկական սփիւռքի քանակը կը կազմէ մօտ 8-9 միլիոն<ref>{{Cite news|url=http://news.bbc.co.uk/2/hi/europe/6382703.stm|title=Armenia seeks to boost population|date=2007-02-21|language=en-GB|access-date=2018-07-24}}</ref>:
 
Հայաստանը, աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունենալով, իր ողջ պատմութեան ընթացքին եղած է ժամանակի հզօր կայսրութիւններու շահերու բախման դաշտ։ [[Բիւզանդիա (արեւմտահայերէն)|Բիւզանդիա]]<nowiki/>յի եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]<nowiki/>ի միջեւ երկարատեւ ռազմաքաղաքական հակամարտութիւնը 387-ին արդիւնքը եղաւ հայ պետականութեան կործանումը, [[Հայաստանի առաջին բաժանում|Հայաստանի առաջին բաժանումը]]ը այդ երկիրներու միջեւ։ Այդ թուականը պայմանականօրէն կարելի է համարել նաեւ հայ գաղթի պատմութեան սկիզբը։ Այդուհետ արտագաղթերը հայրենիքէն դարձան հայ ժողովուրդի պատմութեան մնայուն բնութագրերէն մէկը։
 
Դարերու ընթացքին հայերու, ինչպէս եւ այլ ժողովուրդներու արտագաղթը հայրենիքէն պայմանաւորուած եղած է երեք հիմնական գործօններով՝ տնտեսական, կրօնական եւ քաղաքական, որոնք, ինքնուրոյն պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն, մշտապէս ուղեկցուած են օտարազգի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող բռնաճնշումներով եւ հալածանքներով։
Տող 24.
'''Նոր ժամանակներ'''
 
1826–1829-ներուն Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ Ռուսաստանի յաղթական պատերազմներէն ետք սկսած է [[Արեւելեան Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Արեւելեան Հայաստանի]] վերաբնակեցումը հայերով։ Ռուսաստանին միացուած հայկական տարածքները՝ [[Երեւան|Երեւանի]]ի եւ [[Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն|Նախիջեւանի]] խանութիւնները, զարգացնելու եւ սահմանամերձ շրջաններուն վստահելի բնակչութիւն ունենալու նպատակով Ռուսաստանը կազմակերպած է թուրքական եւ պարսակական տիրապետութեան տակ մնացած հայ բնակչութեան մէկ մասը (շուրջ 150.000) ներգաղթը Արեւելեան Հայաստան։ Անոր շնորհիւ կտրուկ աճեցաւ տեղի հայ բնակչութեան թիւը, Արեւելեան Հայաստանը վերածուեցաւ հայ ժողովուրդի համախմբման կեդրոնի։
 
Մինչդեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի կը խստանար հայերու ընկերա-տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ճնշման քաղաքականութիւնը։ Հայերու ազատագրական շարժման վերջ դնելու նպատակով Թուրքիայի իշխանութիւնները [[սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ-ի]] օրօք 1894–1896-ներուն կազմակերպեցին շուրջ 300.000 հայերու սպանութիւնը [[Արեւմտեան Հայաստան|Արեւմտեան Հայաստանի]]ի եւ երկրի այլ վայրերուն մէջ։ Անոր անխուսափելի հետեւանքներէն էր հայերու աւելի մեծ չափով արտագաղթը հայրենիքէն՝ այս անգամ նաեւ դէպի Հիւսիսային եւ Հարաւային [[Ամերիկա (արեւմտահայերէն)|Ամերիկա]]:
 
[[Պատկեր:Refugearmenian.PNG|մինի|Հայ մայր եւ որդի գաղթի ճանապարհին (1919)]]
Տող 44.
Հայ գաղթականները, զրկուելով հայրենիքի մէջ ապրելու հնարաւորութիւնէն, սփռուեցին աշխարհի տարբեր երկրները։ Հայ ժողովուրդի կողմէ կատարուածի ճակատագրական նշանակութեան գիտակցման արտայայտութիւններէն է գաղթաշխարհի այդ՝ որակապէս նոր տեսակի անուանումը «սփիւռք» (անգլ.՝ diaspora) հասկացութեամբ, որ հայերէնի մէջ մինչ այդ չէր կիրառուած սեփական պատմութեան, տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայ համայնքներու նկատմամբ։
 
Նաեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք բազմաթիւ հայեր տեղափոխուած են մշտական բնակութեան օտար երկիրներ: Համաձայն [[Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն|Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան]] տուեալներուն 2015-ի դրութեամբ 940.000 մարդ, որոնք ծնած են Հայաստանի տարածքի ներկայիս կ՛ապրին այլ երկիրներու մէջ: Այդ թիւի յարաբերակցութիւնը ներկայիս ընդհանուր բնկաչութեան վերաբերեալ 4-րդ ամենաբարձրն է ամբողջ աշխարհի տարածքին, գերազանուելով նոյնիսկ Սուրիոյ տուեալները<ref>{{Cite news|url=http://www.pewresearch.org/fact-tank/2016/11/10/in-nine-countries-20-or-more-born-there-have-migrated-or-sought-refuge-abroad/ft_16-11-10_emigrantpop_pctemigrant/|title=In nine countries, a fifth or more of birth populations are living in another country|date=2016-11-10|newspaper=Pew Research Center|language=en-US|access-date=2018-07-24}}</ref>: Յետաքրքիր է, որ այդ յարաբերակցութեան թիւը մնացած է գրեթէ անփոփոխ 1990-էն միչեւ 2015<ref name="ft_16-11-10_emigrantpop_featued">{{Cite news|url=http://www.pewresearch.org/fact-tank/2016/11/10/in-nine-countries-20-or-more-born-there-have-migrated-or-sought-refuge-abroad/ft_16-11-10_emigrantpop_featued/|title=ft_16-11-10_emigrantpop_featued|date=2016-11-10|newspaper=Pew Research Center|language=en-US|access-date=2018-07-24}}</ref>:
 
== Հայկական համայնքները Արեւելքի երկիրներուն մէջ ==
Տող 58.
== Կրթութիւն ==
[[Պատկեր:Mari & Vakhinak Bekaryan with Armenian school pupils in Addis Ababa, 1918.jpg|մինի|Մարի եւ Վաղինակ Պեքարեանները 1918-ին Ատիս Ապեպայի հայկական դպրոցի սաներուն հետ, Եթովպիա]]
Սկսած 1920-ականներէն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի մինչ այդ գործող դպրոցներու կողքին հիմնուած է հայկական միջնակարգ (երկրորդական) եւ նախակրթական դպրոցներու լայն ցանց։ Տեղի հայութեան համար հայոց լեզուն ներկայիս ալ հաղորդակցման բնական միջոց է, այստեղ տարբեր տարիներուն հրատարակուած են մեծ թիւով հայկական թերթեր ու ամսագրեր, պահպանուած եւ զարգացած են հայ գեղարուեստական գրականութեան աւանդոյթները։ Բազմաթիւ ազգային, յատկապէս մշակութային կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայալեզու պարբերականներու գոյութիւնը ստեղծած է ուրոյն հայկական մթնոլորտ [[Հալէպ|Հալէպի]]ի, [[Պէյրութ|Պէյրութի]]ի գրեթէ ամբողջովին հայերով բնակեցուած առանձին թաղամասերու մէջ։ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայ համայնքները մինչեւ 1980-ականները հայ սփիւռքի մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններն էին։ Այստեղ մեծցած ու կրթութիւն ստացած են նաեւ այլ երկիրներու համայնքային առաջնորդներու զգալի մասը։ Արեւելքի երկիրներու համայնքներու մշակութային եւ կրթական առաջընթացին մեծապէս նպաստած է նաեւ Արեւմուտքի երկիրներու, յատկապէս ԱՄՆ-ի, հայութեան մշտական դրամական օժանդակութիւնը, որու շնորհիւ հիմնուած են դպրոցներ, երիտասարդական կեդրոններ, հիւանդանոցներ, տրամադրուած են կրթաթօշակներ եւ այլն։
 
== Հայկական համայնքները Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ ==
Տող 75.
== Մշակութային եւ կրթական կեանք ==
[[Պատկեր:National feast and dancers at St. Garabed.jpg|մինի|Հայ պարախումբ Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ մօտ. նկարը՝ նորուեկեան արխիւներէն]]
Արեւմուտքի երկիրներու հայութեան ազգային գործունէութիւնը զգալիօրէն աշխուժացածլ է, երբ 1960-ական թուականներուն սկսած է հայերու ներհոսքը Արեւելքի երկիրներէն, իսկ 1980-ականներու վերջը՝ նաեւ Հայաստանէն: Եթէ ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներուն անոնք համալրած են տեղի հայ համայնքները, ապա [[Շուէտ (արեւմտահայերէն)|Շուէտիոյ]], Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, [[Հոլանտա արեւմտահայերէն)|Հոլանտայի]], [[Պելճիքա|Պելճիքայի]]յի եւ այլ երկիրներուն մէջ հիմնած են նոր համայնքներ կամ վերակենդանացուցած եղածները։ Առաւել արդիւնաւետութեամբ սկսած են գործել համայնքային հիմնարկութիւնները, հիմնած են կրթական եւ մշակութային նոր հաստատութիւններ, թերթեր, գեղարուեստական խումբեր եւ այլն։ Գլխաւորապէս անոնց ջանքերու շնորհիւ 1960-ականներու կէսերուն ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած են առաջին ամէնօրեայ հայկական դպրոցները: Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ գործող հայկական ամէնօրեայ դպրոցները մասնաւոր են եւ, ի տարբերութիւն պետական դպրոցներու, վճարովի։ Ուսուցումն այդ դպրոցներուն կ՛ընթանայ համաձայն տուեալ երկրի պետական ուսումնական ծրագրերու եւ տեղական լեզուներով, ինչը պարտադիր պայման է աւարտական վկայականը պետութեան կողմէն ճանչցուելու համար։ Հայկական դպրոցներու ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ հիմնական ծրագրի հետ երեխաները կ՛ուսանին հայոց լեզու ու գրականութիւն, հայ ժողովուրդի (ներառեալ եկեղեցւոյ) պատմութիւն, հայկական երգ ու պար: Խիստ կարեւոր է նաեւ այդ դպրոցներուն մէջ ստեղծուած ազգային մթնոլորտը, որու շնորհիւ ալ հայ երեխաներուն մէջ կը ձեւաւորուի ազգային ինքնագիտակցութիւնը։
 
Այդուհանդերձ, Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ գործող սակաւաթիւ հայկական միջնակարգ դպրոցներուն կը սորվին հայազգի երեխաներու փոքր մասը։ Որպէս հետեւանք՝ տեղի հայերու, յատկապէս երիտասարդութեան ճնշող մեծամասնութիւնը լաւագոյն պարագային կը տիրապետէ հայերէնի խօսակցական լեզուի սոսկ տարրերուն։ Այդ իր հերթին կ՛անդրադառնայ հայկական մամուլի վրայ. կ՛աւելնան տեղական լեզուներով հրատարակութիւններու թիւը, իսկ հայալեզու պարբերականները, որպէս կանոն, ունին օտարալեզու յատուկ ենթաբաժիններ կամ յաւելուածներ։ Ի տարբերութիւն Արեւելքի երկիրներու՝ տեղի հայ համայնքներուն ձեւաւորուած մշակութային ոլորտը չի նպաստեր հայալեզու գրականութեան զարգացման, կը խթանէ օտարագիր հայազգի գրողներու ի յայտ գալուն։ Արեւմուտքի երկիրներուն հայկական հիմնարկութիւններու արդիւնաւէտ գործունէութեան, կը նպաստէ մեծ թիւով հայերու ներգրաւման, մեծապէս կը խոչընդոտէ նաեւ մեծ քաղաքներուն ցրուած բնակչութիւնը։
Տող 92.
'''Հայերը Վրաստանի մէջ'''
[[Պատկեր:Ներսիսյան դպրոց.jpg|մինի|Թիֆլիսի Ներսիսեաի դպրոցը]]
Ինչպէս խորհրդային շրջանին, այնպէս ալ ներկայիս ամենահայաշատ հանրապետութիւններէն է [[Վրաստան (արեւմտահայերէն)|Վրաստանը]], որտեղ հայերը զանգուածաբար բնակեցուած են Հայաստանի սահմանամերձ Նինոծմինտայի, [[Ախալքալաք|Ախալքալաքի]]ի, [[Ծալկա (արեւմտահայերէն)|Ծալկայի]] եւ Մառնեուլի շրջաններուն, նաեւ մայրաքաղաք [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիսի]], որ մինչեւ 1920-ականները Հարաւային Կովկասի հայութեան մշակութային եւ քաղաքական ամենամեծ կեդրոնն էր։ Խորհրդային իշխանութեան օրօք վիրահայոց ազգային մշակութային կեանքն ու գործունէութիւնը նոյնպէս ենթարկուած է սահմանափակումներու եւ ճնշումներու։ Անոր հետ մէկտեղ, վրացահայերը իրենց բազմադարեան պատմութեան եւ Վրաստանի զարգացման գործին ներդրած մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ թուաքանակի ու համահաւաք բնակուելու հանգամանքի շնորհիւ որոշ արտօնութիւններ ստացած են ազգամշակութային ոլորտէն ներս։
 
'''1990-ական թուականներ'''
Տող 129.
Սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւոր նպատակներէն է Հայկական հարցի լուծումը։ 1960-ականներէն սկսած՝ հիմնուած են նաեւ յատկապէս նման ուղղուածութեամբ կազմակերպութիւններ, որոնցմէ ամենաազդեցիկն են [[Հայ Դատի Յանձնախումբ|Հայ դատ]]<nowiki/>ի յանձնախումբը եւ [[Ամերիկայի Հայկական Համագումար (արեւմտահայերէն)|Ամերիկայի հայկական համագումարը]]: Բոլոր այդ կազմակերպութիւններու երկարամեայ եւ հետեւողական գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման կամ դատապարտման շարք մը երկիրներու եւ միջազգային որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ։
 
Աւանդական կուսակցական կառոյցներէն զատ Հայաստանի անկախութեան ճանաչումէն ետք ձեւաւորուեցան քանի մը անկուսակցական կառոյցներ․ [[Ռուսաստանի՝ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրես|Ռուսաստանի՝ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսը]]ը<ref>{{Cite news|urlname=http://www.pewresearch.org/fact-tank/2016/11/10/in-nine-countries-20-or-more-born-there-have-migrated-or-sought-refuge-abroad/"ft_16-11-10_emigrantpop_featued"/|title=ft_16-11-10_emigrantpop_featued|date=2016-11-10|newspaper=Pew Research Center|language=en-US|access-date=2018-07-24}}</ref> եւ [[Արեւմտահայոց համագումար|Արեւմտահայոց համագումարը]]ը<ref>{{Cite web|url=http://www.ncwarmenians.org/|title=National Congress of Western Armenians|website=www.ncwarmenians.org|language=en-US|accessdate=2018-07-24}}</ref>, [[Եւրոպայի՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ|Եւրոպայի՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը]]ը<ref>{{Cite web|url=http://www.western-armenia.eu/WANC/accueil.htm|title=HAYBACHDBAN - SITE OFFICIEL DU CONSEIL NATIONAL D'ARMENIE OCCIDENTALE|website=www.western-armenia.eu|accessdate=2018-07-24}}</ref> , [[Եւրոպայի Հայերու Համագումար]]<nowiki/>ը<ref>{{Cite web|url=http://www.aaeurop.com/?page_id=14352|title=«ԵՎՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅԵՐԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ» Ի ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹՅՈՒՆ|website=www.aaeurop.com|language=en-US|accessdate=2018-07-24}}</ref> , [[Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն|Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը]]ը<ref>{{Cite news|url=http://westernarmenia.wixsite.com/wa-parlament|title=Արևմտյան Հայաստան Պետության Ազգային Ժողով|newspaper=Արևմտյան Հայաստան Պետության Ազգային Ժողով|language=ru|access-date=2018-07-24}}</ref> [[Միացեալ Նահանգներու՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան Կոմիտէ|Միացեալ Նահանգներու՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան Կոմիտէն]]ն<ref>{{Cite web|url=https://western-armenia.org/|title=Defense Council of Western Armenia|website=Defense Council of Western Armenia|language=en-US|accessdate=2018-07-24}}</ref> ,որոնց նպատակ հռչակած են միջազգային իրաւունքներու շրջանակներուն վերականգնել Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամաբ հայ ժողովուրդի իրաւունքները։
 
== Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ ==
Տող 163.
 
[[Պատկեր:1985 CPA 5656.jpg|մինի|ԽՍՀՄ նամականիշ, 1985։]]
1937-ին, [[ԽՍՀՄ]]-ի մէջ սկսուած ստալինեան բռնաճնշումներու հետեւանքով, հակախորհրդային գործունէութիւն ծաւալելու անհիմն մեղադրանքով արգելուեցաւ [[Հայկական բարեգործական ընդհանուր միություն|ՀԲԸՄ]] եւ [[ՀՕԿ (Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէ)|ՀՕԿ]]-ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Այդպիսով իսկ վերջ դրուեցաւ սփիւռքի հետ առանց այն ալ խիստ սահմանափակ յարաբերութիւններուն։ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութիւնը վերստին յիշեց սփիւռքահայութեան մասին ութ տարի ետք։ Դեռեւս մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտը [[Ստալին|Ստալինը]]ը նպատակադրուած էր հետ վերադարձնել այն տարածքները, որոնք 1921-ի Մոսկուայի պայմանագրով Խորհրդային Ռուսաստանը զիջած էր Թուրքիոյ: Կանխազգալով ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ հնարաւոր հակազդեցութիւնը, որոնք արդէն մտահոգուած էին Արեւելեան Եւրոպայի ու Պալկաններու Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան ընդլայնումով, Ստալինը մշակեց գործողութիւններու յատուկ ծրագիր, որու որոշակի դեր վերապահուած էր նաեւ հայ սփիւռքին։ Կարճ ժամանակի ընթացքին սփիւռքահայ բոլոր համայնքները տեղեկացան նշուած տարածքները [[Խորհրդային Միութիւն|Խորհրդային Միութե]]ան միացնելու ծրագրերու եւ զանգուածային նոր ներգաղթի թոյլտուութեան մասին։ Սփիւռքահայերու բազմաթիւ դիմումները ԽՍՀՄ ղեկավարութեան՝ հայրենի տարածքներ վերադառնալու ցանկութեան վերաբերեալ, օգտագործուեցան Թուրքիոյ ներկայացուցած տարածքային պահանջներու հիմնաւորման համար։ Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումը ներգաղթը թոյլատրելու մասին հրապարակուեցաւ Նոյեմբեր 1945-ին, եւ ընդամէնը վեց ամիս անց՝ Յունիս 1946-ին, Հայաստան հասաւ ներգաղթողներու առաջին խումբը։ Այդ եւ յետագայ երեք տարիներուն 12 տարբեր երկիրներէ Հայաստան ներգաղթեց շուրջ 90 000 մարդ, այդ թուականին՝ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն՝ աւելի քան 32 000, Իրանէն՝ մօտ 21 000, Յունաստանէն՝ աւելի քան 18 000, Ֆրանսայէն՝ մօտ 5300 մարդ։
 
Խորհրդային Միութեան ղեկավարութիւնը, քաղաքական նպատակներով թոյլատրելով ներգաղթը պատերազմէն անմիջապէս ետք, կը գիտակցէր, որ երկիրը բնաւ պատրաստ չէ ընդունիլ այդչափ մեծ թիւով մարդկանց՝ բնակարաններու, սննդամթերքի, հագուստեղէնի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու աղէտալի սղութեան պայմաններուն։ Մինչդեռ հայրենադարձները, ի տարբերութիւն նախապատերազմեան շրջանի ներգաղթածներու, այլեւս չքաւոր գաղթականներ չէին։ Անոնք փոքր եւ մեծ քաղաքներու բնակիչներ էին, տարբեր մասնագիտութեան տէր մարդիկ (սկսած արհեստաւորներէն ու առեւտրականներէն մինչեւ բժիշկներ ու գիտնականներ), որոնք այս կամ այն չափով արդէն ինքնահաստատուած էին ընդունող երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ։ Գալով Հայաստան՝ անոնք առաջին իսկ օրէն յայտնուեցան իրենց համար ծանր ու խորթ ընկերա-տնտեսական պայմաններու մէջ, իրենց հանդէպ մշտական անվստահութեան մթնոլորտ, որու տրամաբանական հետեւանքը եղաւ 1949-ին տեղացի «ժողովուրդի թշնամիներու» հետ անոնց մէկ մասի արտաքսումը Խորհրդային Միութեան հեռաւոր շրջաններ։ 1975-ին խորհրդային իշխանութիւնները, [[Հելսինկ]]ի մէջ ստորագրելով [[Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան պայմանագիր]]ը, ստիպուած էին «ընտանիքներու վերամիաւորման նպատակով» թոյլատրել [[հրեայ]]ներու, [[գերմանացի (արեւմտահայերէն)|գերմանացի]]ներու, նաեւ հայրենադարձ հայերու արտագաղթը երկրէն։ Չնայած բոլոր բացասական երեւոյթներուն՝ հայրենադարձները (1962-1982-ներուն) Հայաստան ներգաղթեց եւս շուրջ 32 000 մարդ եւ արդէն Հայաստանի մէջ մեծցած ու ուսում ստացած անոնց զաւակները նպաստեցին երկրի զարգացման, յատկապէս նշանակալի էր անոնց աւանդը մշակոյթի եւ գիտութեան ոլորտին մէջ ([[Երուանդ Քոչար (արեւմտահայերէն)|Երուանդ Քոչար]], [[Յակոբ Յակոբեան]], [[Վահրամ Փափազեան]], [[Հրաչեայ Ներսիսեան]], [[Գոհար Գասպարեան]], [[Մկրտիչ Տեր-Կարապետեան]], [[Հրաչ Բարթիկեան]] եւ այլն)։