«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտում» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: թ: → թ։ (192)
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը,զ → ը, զ (6) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 22.
[[1923]]<nowiki/>-ին, [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|թրքական Հանրապետութեան]] կազմաւորումէն ետք անոր քաղաքական եւ գիտական վերնախաւը անհրաժեշտութիւն չէր տեսներ տարածութիւն պահպանել հայերու ցեղասպանութենէն կամ այդ իրականացնող անձերէն։ Ղեկավարող վերնախաւը գլխաւորապէս կազմուած էր [[Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն|իթթիհատ]]ի նախկին գործիչներէն, որոնցմէ շատերը անձամբ մասնակցած էին հայերու ոչնչացման գործողութիւններուն եւ դաշնակցութիւնը կազմած էին իսլամներու տեղագրական առաջնորդներու եւ իսլմական ցեղերու առաջնորդներու հետ, որոնք մեծ շահոյթ կը ստանային հայերու եւ յոյներու արտաքսումէն։ Հայերու ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը կրնար քայքայիչ ըլլալ այդ դաշնակցութեան համար։
 
[[1926]]-ին [[Թուրքիոյ ազգային ժողով]]ը օրէնք ընդունեց Իթթիհատի հայերու կողմէն «[[Նեմեսիս գործողութիւն|նեմեսիս]]» վրիժառութեան գործողութեան շրջանակներուն մէջ սպաննուած, ինչպէս նաեւ [[1919]]-ին մահապատիժի դատապարտուած անդամներու այրիներուն եւ ծնողազուրկներուն կենսաթոշակ նշանակելու մասին։ [[1927]]-ին, [[Թուրքիոյ Հանրապետական կուսակցութիւն|թուրքիոյ Հանրապետական կուսակցութեան]] համագումարին Մուսթաֆա Քեմալ քանի մը օր շարունակ կը պատմէր այդ մասին, թէ ինչպէս անկախութեան համար պայքարի ընթացքին ստեղծուեցաւ թուրք ազգը։ Այդ բնագիրը ընդունուեցաւ իբրեւ թրքական պաշտօնական պատմութիւն եւ պետութեան կողմէ սահմանուեցաւ իբրեւ սրբութիւն։ Համաձայն այդ պատմութեան` [[Թուրքեր (արեւմտահայերէն)|թուրք]] ազգի ծագումը սկսած է 1919-ին, իսկ անոր ձեւաւորման հարցին մէջ մասնակցութիւն ունեցած են բացառապէս իսլամները եւ առաջին հերթին` թուրքերը։ Ճառը կը գովաբանէր թուրքերը եւ կը մերկացնէր քրիստոնէական փոքրամասնութիւններն ու Արեւմուտքը։ Աթաթուրքի պատմական մտապատկերը կ՛արհամարհէր թրքական հասարակութեան մէջ պատմականօրէն կազմաւորուած աւանդական բազմացեղութիւնը։ Թրքական Հանրապետութեան մասին խմբակային աւանդոյթներուն մէջ տեղ չկար ցեղային փոքրամասնութիւններու` հայերու, [[քիւրտեր]]ու, [[յոյներ]]ու համար, իսկ անոնց նկատմամբ նախահանրապետական շրջանին եւ անոնցմէ ետք իրականացուած բռնութիւններու մասին կը լռէին։ Մինչ այժմ [[Թուրքիոյ քրէական օրէնսդրութեան 301-րդ յօդուածը|թուրքիոյ քրէական օրէնսդրութեամբ]]յանցագործութիւն կը համարէ պատմութեան քեմալական տարբերակի քննադատութիւնը, զորս անհնար կը դարձնէ թրքական հասարակութեան մէջ անոր քննարկումը<ref name="Renewal and Silence" /><ref name="Reading Genocide">{{Գիրք|վերնագիր=Suny, Gփջek, Naimark:A Question of Genocide. Armenians and Turks at the end of the Ottoman Empire|42-52|հեղինակ=Fatma Mֆge Gփջek.|մաս=Reading Genocide: Turkish Historiography on 1915}}</ref>:
 
[[Պատկեր:Mark Lambert Bristol.jpg|thumb|left|200px|Թուրքիոյ ԱՄՆ-ի գերագոյն կոմիսար [[Մարք Պրիսթոլ]]ը, որ ձեւաւորած է ԱՄՆ-ի Թուրքիոյ հանդէպ ունեցած քաղաքականութիւնը։]]
 
1919-էն Թուրքիա դարձաւ ամերիկեան ռազմավարական հետաքրքրութիւններու անբաժան մասը, հետախուզութեան մեծ շուկայ եւ յառաջապահ՝ ընդդէմ Խորհրդային [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|Ռուսաստանի]], յետոյ նաեւ` [[ԽՍՀՄ (արեւմտահայերէն)|ԽՍՀՄ]]-ի։ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի երկրորդ մեծ խաղացողը կը հանդիսանար [[Մեծն Բրիտանիա]]ն: Այս երկու երկիրներն ալ կը հետապնդէին այն սկզբունքը, որ որքան քիչ հարց կը ծագի Թուրքիոյ հին կազմին մասին, այնքան լաւ, եւ ամէն գնով կ՛աջակցէին Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտման։
 
1919-ին, Թուրքիոյ մէջ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի Գերագոյն յանձնակատար նշանակուեցաւ ատմիրալ [[Մարք Պրիսթոլ]]ը ({{lang-en|Mark Lambert Bristol}}), որ անկեղծօրէն համոզուած էր, որ [[Ուիլսընեան Հայաստան]]ը Իրաքի եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ իբրեւ թափարգել կը ծառայէ միայն յօգուտ [[Ֆրանսա (արեւմտահայերէն)|Ֆրանսայի]] եւ [[Մեծն Բրիտանիա|Մեծն Բրիտանիոյ]]: Տնտեսական ոլորտին մէջ Պրիսթոլ կը ձգտէր ամրապնդել ամերիկեան ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ «Կասկածելի» ազգային փոքրամասնութիւնները կ՛ընկալուէին անոր կողմէ իբրեւ Թուրքիոյ կայունութեան սպառնալիք։ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի քաղաքականութիւնը կը բխէր Հայաստանի` իբրեւ առանցք արտաքին պաշտպանութեան գոյատեւման անկարող. իսկ այդ պաշտպանութիւնը կրնար ցուցաբերել միայն [[Խորհրդային Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|Խորհրդային Ռուսաստանը]]: Կ. Պոլիս ժամանած առաջին իսկ օրերէն Պրիսթոլ սկսաւ քննադատել ամերիկեան կազմակերպութիւններու` հայերուն աջակցող գործողութիւնները եւ հակառակ քայլեր կը ձեռնարկէր [[Մերձարեւելեան օգնութիւն|«մերձարեւելեան օգնութիւն»]] ({{lang-en|Near East Relief}}) կազմակերպութեան կողմէ հայ որբերու` Թուրքիայէն դուրսբերման փորձերուն` յայտարարելով, որ «աւելի լաւ է զոհել այդ որբերը, եթէ ատիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի վստահութիւնն ամրապնդուի»<ref name="Bloxham-195">Bristol to Secretary of State, 29 May 1922. // Մէջբերում Donald Bloxham:The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians, 195 գրքից</ref>: Պրիսթոլ նաեւ թուրք ընտանիքներու մէջ ինկած հայ կանանց ազատելու փորձերուն ուղղուած հակառակ քայլեր կը ձեռնարկէր մէջ<ref name="Bristol" group="Ն">ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութեան սկզբնական փաստաթուղթին մէջ Պրիսթոլի արտայայտութիւնները ընդգծուած էին եւ մեկնաբանուած` «Ասիկա այն քիչ դէպքերէն մէկն է, ուր Պրիսթոլ իրօք կ'ըսէ այն ինչ, որ կը մտածէ» (Bristol diary, 10, 12 Oct. 1922 // Մէջբերւում է Donald Bloxham:The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians, 196 գրքից)</ref>: 1922 թուականին Թուրքիոյ եւ [[Յունաստան (արեւմտահյաերէն)|Յունաստանի]] միջեւ սկսած ազգաբնակչութեան զանգուածային փոխանակման ժամանակ Պրիսթոլ բնութագրեց յոյները եւ հայերը իբրեւ «դարերով արիւն քաշող տզրուկներու» եւ հրապարակայնօրէն յայտարարեց, որ բոլոր քրիստոնեաները պէտք է լքեն Թուրքիան եւ այլ վայրի մէջ բնակութիւն հաստատեն։ Այդ ամէնը կը ներդաշնակուէր Իթթիհատականներու եւ քեմալականներու ազգայնամոլական եւ հակաքրիստոնէական հռետորաբանութեան հետ<ref name="Bloxham-185-197">{{Գիրք|հեղինակ=Donald Bloxham|վերնագիր=The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians|մէջբերուող էջեր =185-197}}</ref>:
 
ԱՄՆ-ի մէջ միսիոնարական գրականութիւնը հիմնականին դրական ուղղութիւն ունէր հայերու հանդէպ եւ բացասական` թուրքերու նկատմամբ, բացի ատկէ, 1915-ի իրադարձութիւնները դժուար էր մեկնաբանել յօգուտ [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]]: «Հաւասարակշռութիւնը» պահպանելու համար Պրիսթոլ կը նուազեցնէր հայ զոհերու քանակը կամ ընդհանրապէս կը հրաժարէր զանոնք ընդունելէ։ [[Փետրուար]] [[1920]]-ին ան դիտումնաւոր ապատեղեկատուութիւն ներկայացուց [[ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան]] [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիոյ]] մէջ տեղի ունեցած հայերու սպանդի մասին` յայտարարելով, որ այնտեղ զոհեր չեն եղած։ Այն դէպքերուն մէջ, երբ ան պէտք է բացատրութիւն տար զանգուածային սպանութիւններու մասին, Պրիսթոլ կը յայտարարէր, որ անով զբաղած են «աշխարհի այդ հատուածի բոլոր ազգերը»: Կատարուածին վերաբերեալ տեսակէտներու վերանայման եւս մէկ աշխոյժ կողմնակից էր ատմիրալ [[Քոլպի Չեսթըր]]ը ({{lang-en|Colby Mitchell Chester}}), որ 1922-ին գրած էր, որ Օսմանեան ղեկավարութիւնը մեծ գումարներով տեղափոխած է հայերը [[Սուրիա|Սուրիոյ]] ամենահիասքանչ շրջանները, ուր կլիման կը յիշեցնէր [[Ֆլորիտա]]ն: Այդ պնդումները տարրեր կը պարունակէին, որոնք հետագային ընդունուեցան հայերու ցեղասպանութիւնը ժխտողներու հետեւորդները` հայերու կորուստներու նուազեցում, հայերը սպաննելու մտադրութեան ժխտում, սպանութիւններու զոհերու եւ եւրոպացիներու մեղադրում, ուժեղացուած ուշադրութիւն թրքական կորուստներուն։ Պրիսթոլ նոյնպէս ապատեղեկացուց արտաքին գործոց նախարարութեան թուրքերու կողմէ քրտական ապստամբութիւններու դաժան ճնշումներու մասին` նկարագրելով զանոնք, իբրեւ «թրքական բանակի հրաշալի քաջագործութիւն»: [[1923]]-ին ստեղծուեցաւ «Թուրքիոյ Ամերիկեան բարեկամներ» կազմակերպութիւնը ({{lang-en|American Friends of Turkey}}), որ հետագային ղեկավարեց Պրիսթոլը<ref name="Bloxham 197-202">{{Գիրք|հեղինակ=Donald Bloxham|վերնագիր=The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians|մէջբերուող էջեր =197-202}}</ref>:
 
1951-ին, ամերիկացի մասնագէտ [[Լիւիս Թովմաս]] ({{lang-en|Lewis Thomas}}) համահեղինակներու հետ կը հրատարակէ «Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան եւ Իրանը» գիրքը` «Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան գրադարան» շարքէն։ Սերիոյ խմբագիր հանդէս եկաւ [[Ամն-ի պետ քարտուղար]]ի նախկին տեղակալ [[Սամնըր Ուելս]]ը ({{lang-en|Sumner Welles}}), որ նախաբանին մէջ կը նշէր թուրքերու եւ կոմունիզմի միջեւ հիմնական հակադրութեան մասին։ Նկարագրելով Թուրքիան` Լիւիս Թովմաս կը պնդէր, որ թուրքերը, ոչնչացնելով եւ տեղահանելով հայերը՝ կը փրկէին իրենք զիրենք։ Ըստ Թովմասի` Թուրքիոյ բնակչութեան միատարրութիւնը կ՛ապահովէ երկրի կայունութիւնը, որ ԱՄՆ-ի համար կարեւոր գործընկեր էր։ Թովմասի աշակերտը [[Պրինսթընի համալսարան]]ին մէջ [[Ստենֆորդ Շոու]]ն էր, որ իր հերթին կը ղեկավարէր [[Ճասթին Մաքքարտնի]]ի եւ [[Հիթ Լոուրի]]ի թեզի պաշտպանութիւնը [[Գալիֆորնիոյ համալսարան (Լոս Անճելըս)|Գալիֆորնիոյ համալսարան]]ին մէջ<ref name="Bloxham_213-214">Donald Bloxham:The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians|մէջբերուող էջեր=213-214</ref>: Շոուն, Մաքքարտնին եւ Լոուրին դարձան հայերու ցեղասպանութեան ժխտման առանցքային անձերը ԱՄՆ-ի մէջ<ref name="Charny_163">Israel W. Charny:Encyclopedia of genocide, հատոր 1, 163</ref>:
Տող 57.
* Հայերը իրենք սադրած էին իրենց արտաքսումն ու ոչնչացումը։
 
Սադրանքներու վարկածը կը սնանէր գաղափարական ըմբռնումներով եւ օսմանեան հասարակութեան որեւէ բացասական գիծ չէր ընդուներ։ Ան կ՛անտեսէր նաեւ հայերու դիմադրութեան պատճառները եւ հայ ազգաբնակչութեան մեծամասնութեան օրինապահութիւնը թրքական պետութեան հանդէպ։ Առաջին անգամ այդ վարկածը առաջադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերու նախարար՝՝նախարար՝ ՝ [[Թալլաթ]]ի կողմէ, որ հայերու արտաքսումը կ՛արդարացնէր Վանի հայերու 1915-ի ապստամբութեամբ։ Այլ ընտրանքային բացատրութիւն կ՛առաջարկուէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի դեսպան [[Հենրի Մորկընթաու (արեւմտահայերէն)|Հենրի Մորկընթաուի]] կողմէ։ Հիմնուելով ռուսական զօրքերու նահանջած բնակավայրերուն մէջ օսմանեան զինուորներու կողմէն հետապնդուող հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ գազանութիւններու մասին ամերիկեան միսիոնարներու տեղեկութիւններու վրայ` Մորկընթաուն կու գայ այն եզրակացութեան, որ Վանի իրադարձութիւնները միայն առիթ հանդիսացան Թուրքիոյ հայ ազգաբնակչութեան նպատակաուղղուած ոչնչացման :<ref name="Miller-75-77">''Miller, Donald E. and Miller, Lorna Touryan''. Survivors: An Oral History Of The Armenian Genocide. Berkeley: University of California Press. P. 75-77</ref> Աւելի ուշ սադրանքներու վարկածը աջակցութիւն գտաւ արեւմտեան պատմաբաններ [[Ուիլիամ Լանգըր]]ի եւ [[Ստենֆորդ Շոու]]ի, ինչպէս նաեւ թուրք պատմաբաններու կողմէ, որոնք կը պնդէին, որ հայ յեղափոխականները գիտակցաբար զոհաբերեցին իրենց հայրենակիցները` յանուն անկախ հայկական պետութեան ստեղծման։
 
Այդ վարկածի քննադատները ուշադրութեան կ՛արժանացնեն այն հանգամանքը, որ հայկական յեղափոխական խումբերը կազմաւորուեցան, երբ այլեւս չկային հայերու գոյութիւնը ապահոուղ պայքարի այլ եղանակներ, եւ որ այդ խումբերը հիացմունքի առարկայ էին ծայրահեղական [[երիտթուրքեր (արեւմտահայերէն)|երիտթուրքեր]]ու համար։ Քննադատները անիմաստ կը համարեն սադրանքներու վարկածը [[1896]]-ին, մանաւանդ [[1908]]-ին դիտարկուող իրադարձութիւններէն ետք, երբ, չնայած հայ ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութեան օրինապահութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին մէջ հայկական կուսակցութիւններու աշխատանքին` հայերու նկատմամբ խտրականութիւնն ու սպանութիւնները չէին դադրեր (առաւել յայտնի դէպքերէն է [[Ատանայի ջարդ]]ը):<ref name="Suny-qog-24-27">{{Գիրք|վերնագիր=Suny, Gփջek, Naimark:A Question of Genocide. Armenians and Turks at the end of the Ottoman Empire|մէջբերուող էջեր=24-27|հեղինակ=Ronald Grigor Suny.|մաս=Writing Genocide. The Fate of the Ottoman Armenians}}</ref><ref name="Suny-qog-100-101">{{Գիրք|վերնագիր=Suny, Gփջek, Naimark:A Question of Genocide. Armenians and Turks at the end of the Ottoman Empire|մէջբերուող էջեր=100-101|հեղինակ=Ronald Grigor Suny.|մաս=Writing Genocide. The Fate of the Ottoman Armenians}}</ref> [[Տոնալտ Պլոքսհեմ]]ը կը նշէ, որ այդ փաստարկը կը միտէր Օսմանեան պետութեան գործողութիւնները ընկալելու միայն որպէս պատասխան` պետական գաղափարախօսութեան անտեսման եւ հայ յեղափոխականներու դերի բարձրացման։<ref name="Bloxham-17" /> Պատմաբանը բազմաթիւ ցեղասպանութիւններու օրինակներ կը բերէ` սկսած [[Հերերոներու եւ հոտենտոտներու ապստամբութիւն|հերերոներու եւ հոտենտոտներու ոչնչացումէն]] մինչեւ [[Հարաւ Սլաւիոյ փլուզում]], երբ սպաննող կողմը իր գործողութիւններու շարժառիթ կը համարէ զոհին դիմադրութիւնը<ref name="Bloxham-208-210">{{Գիրք|հեղինակ=Donald Bloxham|վերնագիր=The great game of genocide: imperialism, nationalism, and the destruction of the Ottoman Armenians|մէջբերուող էջեր =208-210}}</ref>: Հակադարձելով սադրանքներու վարկածին` [[Քրիստոֆըր Ճոզըֆ Ուոքըր]]ը կը նշէ, որ ան կը հակասէ ժամանակագրութեան, քանի որ հայերու առաջին արտաքսումը տեղի ունեցած էր [[[[8 Ապրիլ]] 1915-ին [[Զէյթուն]]]] քաղաքին մէջ, եւ օրինակ կը բերէ Ստենֆորդ Շոուն, որ, արդարացնելով թրքական իշխանութիւններու գործողութիւնները Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մասին գիրքին մէջ, ոչ մէկ ձեւով կը յիշատակէ Վանի (1915-ի Ապրիլի կէսերուն) հայկական ապստամբութեան նախորդող հայերու արտաքսումները եւ սպանութիւնները<ref name="The Armenian People from Ancient to Modern Times 2-218-219">Richard G. Hovannisian:The Armenian People from Ancient to Modern Times, volume=2, pages=218-219</ref>:
Տող 119.
Ինքը` [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիան]], իր պահոցները բանալու մասին առաջին անգամ պաշտօնապէս յայտարարած է [[1989]] թուականին։ Այս յայտարարութեան կապակցութեամբ [[Եաիր Օրոն]]ը կը նշէ, որ անոնցէ ետք թրքական կառավարութիւնը դեռեւս քանի մը անգամ յայտարարած է հերթական անգամ «պահոցներու բացման» մասին այն դէպքին, երբ իրականի մէջ փաստաթուղթերու հասանելիութիւնը սահմանափակուած է<ref name="Auron_259-260">Yair Auron "The banality of denial: Israel and the Armenian genocide", pages 259-260</ref>: Հիզեր Ռեյը նոյնպէս համաձայն է, որ գիտնականներուն վաղուց մերժուած է օսմանեան պահոցներու հասանելիութեան թոյլտուութիւնը. «1980-ականներու վերջերուն թրքական կառավարութեան կողմէն որոշ պահոցներ մուտք գործելու թոյլտուութիւն տրուեցաւ, բայց անոնցմէ էր այն նիւթը, որ սահմանափակուած էր, եւ կառավարութիւնը շատ կողմնակալ մօտեցում կը ցուցաբերէր անոնց հանդէպ, որոնց թոյլ կը տրուէր ուսումնասիրել նիւթը»<ref>Heather Rae. State Identities and the Homogenisation of Peoples. Cambridge: Cambridge University Press, 2002, p. 128. ISBN 0-521-79708-X. «Scholars have long been denied access to Ottoman archives. In the late 1980s access was granted to some archives by the Turkish government, but it appears that the material was limited and the government took a very selective approach to who was allowed to study the materialէ</ref><ref>Vahakn Dadrian. «Ottoman archives and Denial of the Armenian Genocideէ in The Armenian Genocide: History, Politics and Ethics. Richard G. Hovannisian (ed.) New York: Palgrave MacMillan, 1992.</ref>: Նմանատիպ տեսակէտ յայտնեց նաեւ Թաներ Աքչամը<ref>Taner Akcam. A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility. Macmillan, 2007, ISBN 1466832126, 9781466832121. Стр. 5 «While we are missing a significant portion of these papers, what remains in the Ottoman archives and in court records is sufficient to show that the CUP Central Committee, and the Special Organization it set up to carry out its plan, did deliberately attempt to destroy the Armenian populationէ</ref>: [[Հոկտեմբեր]] [[2000]] թուականին թրքական քաղաքական գործիչ Մուստաֆայ Շիւքրիի Էլեկդադագը նոյնպէս հաւաստեց, որ թրքական պահոցները բացուած չեն եղած ուսումնասիրութիւններու համար։<ref name="Sukru" />
 
[[WikiLeaks]]-ի հրապարակած փաստաթուղթերուն մաս կը կազեն անոնք որոնք, արկայ էր [[Ստամպուլ]]ի մէջ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի գրագոյն հիւպատոսի հաղորդագրութիւնը, ուր գրառուած է անոր զրոյցը թրքական պատմաբան [[Հալիլ Բերքթա]]ի հետ [[Յունիս]] [[2004]] թուականին։ Բերկթայը կը հաստատէ, որ թրքական պահոցները երկու անգամ ենթարկուած են «մաքրման» հայերու ցեղասպանութիւնը վկայող փաստաթուղթերէն` [[1919]] թուականին եւ [[20-րդ դար]]ու 90-ական թուականներուն<ref name="WikiLeaks">[http://www.mirrorspectator.com/2011/09/16/wikileaks-on-armenian-genocide-turkey-‘purged'-archives-to-destroy-evidence/ WikiLeaks on Armenian Genocide: Turkey ‘Purged' Archives to Destroy Evidence] // The Armenian Mirror Spectator, SEPTEMBER 16, 2011 ([http://web.archive.org/web/20110916220232/http://www.mirrorspectator.com/2011/09/16/wikileaks-on-armenian-genocide-turkey-‘purged'-archives-to-destroy-evidence/ պատճէն])</ref>:
 
== Հիթ Լոուրիի նամակը =='
Տող 258.
[[1995]] թուականին [[Ֆրանսա (արեւմտահայերէն)|Ֆրանսայի]] քաղաքացիական դատարանը դատապարտեց պատմաբան [[Պերնարտ Լուիս]]ի յայտարարութիւնը եւ հայերու ցեղասպանութեան ժխտման համար տուգանեց մէկ [[Ֆրանսական ֆրանք|ֆրաք]]ով, ինչպէս նաեւ վճռեց [[Le Monde]] թերթին մէջ պարտադիր վճարովի յայտարարութիւն տեղադրելու մասին` ի հակադրումն հէնց իրեն<ref name=Frjudg>[http://www.voltairenet.org/article14133.html Civil judgment finding Lewis at fault], 21 June 1995</ref>: Դատարանը որոշեց, որ եթէ Լուիսը իրաւունք ունի իր սեփական տեսակէտները ունենալ, ապա անոնք իրականին մէջ կարող են վնաս հասցնել երրորդ անձերու եւ «միայն ծածկելով փաստերը, որոնք կը հակասէին անոր համոզմունքներուն, պատասխանողը կարողացաւ յայտարարել, որ հայերու ցեղասպանութեան «լուրջ ապացոյցներ» չկան, հետեւաբար ան չարաշահեց անաչառ եւ այնպիսի վիճելի հարցի մասին կարծիք յայտնելու ողջախոհ ըլլալու իր պարտաւորածութիւնը` այդ պարագային չունենալով համապատասխան որակաւորում»<ref name="Frjudg"/>:
 
[[2006]] թուականին [[Ֆրանսայի ազգային ժողով|ֆրանսայի Ազգային ժողովը]] օրինագիծ ընդունեց<ref name="assembleenationale">[http://www.assembleenationale.fr/12/propositions/pion3030.asp Proposition de loi complռtant la loi n՛ 2001-70 du 29 janvier 2001 relative ՈՅ la reconnaissance du gռnocide armռnien de 1915]{{ref-fr}}</ref>, որ հայերու ցեղասպանութեան ժխտումը կը դիտէր որպէս յանցագործութիւն։ Օրինագիծը, որ կը նախատեսէր մինչեւ 1 տարի ազատազրկում եւ 45 000 [[եւրոյ]] տուգանք<ref>[http://en.rian.ru/society/20111222/170430019.html France makes denial of Armenian genocide illegal]</ref>, կրկնակի ընդունուեց [[22 դեկտեմբեր]] [[2011]] թուականին , իսկ [[23 Յունուար]] [[2012]] թուականին Սենատը հաստատեց այդ որոշումը<ref>NTV.RU. 24.01.2012, 11:21. [http://www.ntv.ru/novosti/263754/ Отношения Франции с Арменией расцвели, а вот связи Парижа с Турцией, напротив, грозят охладеть вплоть до разрыва]</ref>: Բայց օրինագիծը ուժի մէջ չմտաւ, քանի որ [[28 փետրուար]] [[2012]] թուականին [[Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդ]]ը որոշում ընդունեց, ըստ որուն 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը հակասող համարուեցաւ Ֆրանսայի Սահմանադրութեանը, քանի որ կը ոտնձգէ կարծիքի ազատ արտայայտմանն ու շփմանը<ref>[http://www.gazeta.ru/politics/2012/02/29_a_4016413.shtml Отрицание геноцида армян не является преступлением, решил конституционный совет Франции: "«Пресекая оспаривание факта или юридической квалификации преступлений, (…) которые им самим признаются и квалифицируются как таковые, законодатель совершил неконституционное покушение на свободу выражения мнений и общенияէ]</ref><ref>[http://www.russian.rfi.fr/frantsiya/20120228-zakon-ob-armyanskom-genotside-protivorechit-konstitutsii-frantsii Закон об армянском геноциде противоречит Конституции Франции] ([http://web.archive.org/web/20120301203014/http://www.russian.rfi.fr/frantsiya/20120228-zakon-ob-armyanskom-genotside-protivorechit-konstitutsii-frantsii պատճէն])</ref>:
 
[[Մարտ]] [[2007]] թուականին թուրք քաղաքական գործիչ Դողու Փէրինչէքը հայերու ցեղասպանութեան ժխտման համար ռասսայական տարբերակման մեղադրանքով մեղաւոր ճանչցուեցաւ շուէյցարական Լոզանի շրջանային դատարանի կողմէն։ Փէրինչէքը բողոքարկեց որոշումը, բայց [[դեկտեմբեր]] [[2007]] թուականին շուեէցարական դաշնային դատարանը դատավճիռը անփոփոխ ձգեց<ref>[http://www.swissinfo.org/eng/front/Court_confirms_verdict_against_Perin_ek.html?siteSect=104&sid=8549273&cKey=1198071731000&ty=nd Court confirms verdict against Perinջek], SwissInfo, December 19, 2007</ref>: [[Դեկտեմբեր]] [[2013]] թուականին Եւրոպական դատարանը արդարացրեց Փէրինչէքին` իր որոշումը հիմնաւորելով խօսքի ազատութեան սկզբունքով<ref name="News.Am_17_12_2013">[http://news.am/arm/news/185817.html Եւրադատարանն արդարացրել է Ցեղասպանութիւնը ժխտող Դողու Փէրինչէքին], Նիւզ.ամ, Դեկտեմբերի 17, 2013</ref>: [[12 մարտ]] [[2014]] թուականին [[շուէյցարիա]]յի արդարադատութեան դաշնային նախարարութիւնը բողոքարկեց վճիռը<ref>[http://www.armtimes.com/hy/read/54413 Փէրինչէքի գործով Միեդ-ում կայանալիք դատը վճռորոշ է լինելու]</ref>: Որպէս երրորդ կողմեր ներգրաւուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիան։ 15 հոկտեմբեր 2015 թուականին Միեդ-ը մերժեց Շուէցարիայի հայցը` վճիռ կայացնելով օգուտ Փէրիչէքի<ref>{{Cite web|title = Միեդ-ը վճիռ կայացրեց յօգուտ Փէրինչէքի|url = http://armtimes.com/hy/read/72014|website = Armtimes.com|publisher = https://plus.google.com/+ArmtimesNewspaper|accessdate = 2015-10-21}}</ref>: Հայկական կողմը եւ Հայաստանը ներկայացնող փաստաբանները այդ վճիռը յաղթանակ համարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համար, քանի որ դատաւորներէն 10-ը նշած են, որ այդ հարցը պէտք չէ քննուի, իսկ 7-ը արձանագրել, որ «հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ամրագրուած պատմական փաստ է»<ref>{{Cite web|title = Ռոբերթսոն եւ Քլունի. ՄԻԵԴ որոշումը յաղթանակ է Հայաստանի համար|url = http://news.am/arm/news/291082.html|website = news.am|accessdate = 2015-10-21}}</ref>: