«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտում» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը,զ → ը, զ (6) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 6.
Հայոց ցեղասպանութեան` որպէս [[20-րդ դար]]ու առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը նոր հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ մարդկութեան դէմ՝ ապագային նորանոր ոճիրներու իրականացման համար, ուստի հայութեան եւ համայն յառաջադէմ մարդկութեան առջեւ կը ծառանայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կանխելու եւ թոյլ չտալու պատասխանատու խնդիրը։ [[Արժանթինը (արեւմտահայերէն)|Արժանթինը]], [[Զուիցերիա]]ն եւ [[Ուրուկուէյ]]ը ընդունած են օրէնքներ, որոնցմով պատասխանատուութիւն սահմանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար։ [[2006]]-ի [[Հոկտեմբեր]]ին, [[Ֆրանսա (արեւմտահայերէն)|Ֆրանսայի]] Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքին համաձայն, Սենատի եւ նախագահի վաւերացումէն ետք, թոյլ կը տրուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դիտարկել որպէս յանցագործութիւն։ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար, քրէական պատասխանատուութեան մասին օրինագիծ կը պատրաստուի ընդունիլ նաեւ [[Սլովաքիա]]ն:
 
Հայերու ցեղասպանութեան ժխտումը կը տարբերի յատուկ անձերու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող ցեղասպանութիւններու ժխտման այլ տեսակներէն անով, որ անոնք պաշտօնապէս աջակցութիւն կը ստանան [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]] եւ [[Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն|Ազրպէյճանի]] մէջ, ինչպէս նաեւ այդ երկրներու պաշտօնական պատմաբաններուն կողմէ։ Այդ մէկը ակնածելի տեսք կը ստանայ եւ ակադեմական շրջանակներուն մէջ կը դառնայ աւելի փաստարկուած<ref name="racial" group="Ն">Օրինակ` ի տարբերութիւն Հոլոքոստի ժխտման, որ պայմանաւորուած է հիմնականին ռասսայական ձեւերով:</ref>: Թրքական կառավարութեան հիմնական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ կը կայանայ անոր մէջ, որ [[Առաջին Համաշհարհային պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Առաջին Համաշհարհային պատերազմի]] ժամանակ տեղի ունեցած են տեղահանութիւններ, այդ տեղահանութիւններու ժամանակ եղած են նաեւ բազմաթիւ զոհեր թէ՛ հայկական, թէ՛ թրքական բնակչութեան մէջ, սակայն ծրագրուած ցեղասպանութիւն որպէս՝ այդպիսիննմանը չէ եղած։
 
[[23 Յունուար]] [[2012]]-ին, Ֆրանսայի Սենատը ընդունեց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը, որ կը վերաբերի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան։
 
== Ժխտման առարկան ==