«Ռոպէր Հատտէճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ +{{անաղբյուր}}
Տող 5.
'''Ռոպէր Հատտէճեան''' ([[1926]] թ.), ծնած՝ [[Պոլիս]], ուր ստացած է նախակրթութիւն եւ երկրորդական ուսում տեղւոյն [[Մխիթարեան վարժարան]]ին մէջ։
 
Պոլսոյ համալսարանի [[Փիլիսոփայութիւն|փիլիսոփայութեան]] ճիւղի ուսանող՝ կը սկսի գրել, առաւելաբար [[պատմուածք]]ներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական [[մամուլ]]ին մէջ։ Սակայն [[1949]] թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը [[թատերգութիւնթատրերգութիւն]] է։
 
Առատ արտադրող՝ անկէ ետք փոխնիփոխ լոյս կ՛ընծայէ պատմուածքներու ժողովածուներ, քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու [[Իրապաշտ ուղղութիւն|իրապաշտ]] լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։