«Հելլենականութեան Դարաշրջան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Հելլենականության դարաշրջան}} '''Հելլենիզմ''' կամ '''Յունականութիւն''', Մերձաւոր...»: |
(Տարբերութիւն չկայ)
|
11:42, 26 Մարտ 2016-ի տարբերակ
Հելլենիզմ կամ Յունականութիւն, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի երկիրներու պատմութեան մէջ իւրայատուկ ժամանակաշրջան (Ք.Ա. IV - Ք.Ա. I դարերուն): Սկզբնաւորուած է Ալեքսանդր Մակեդոնացիի նուաճումներէն ետք, սկսած է գերակայել յունական մշակոյթը եւ լեզուն:
Եզրոյթի Պատմութիւնը
«Հելլենիզմ» եզրոյթը գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է գերմանացի պատմաբան Եօ. Տրոյզէնը (1808-1884)` անոր տակ հասկնալով «Յունական պետականութեան եւ կրթուածութեան տարածումը» արեւելեան ժողովուրդներու մէջ, անտեսելով Հելլենիզմի հասարակական եւ տնտեսական էութիւնը: Այնուհետեւ Հելլենիզմը մեկնաբանուած է որպէս միայն մշակութային (Իւ. Կերստ), քաղաքական (Վ. Դառն) կամ տնտեսական (Մ. Ռոսդովցեւ) ազդեցութիւն: Հելլենիզմը բնորոշուած է նաեւ որպէս պատմական որոշակի ժամանակաշրջան` պայմանաւորուած յունական եւ տեղական հասարակական եւ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային տարրերու ու սովորոյթներու փոխազդեցութեամբ (ԱՅ. Ռանովիչ եւ ուրիշներ): Հելլենիզմի ժամանակաշրջանի աւարտը ընդունուած է իբրեւ Ք.Ա. 30-ը, երբ Հռոմը նուաճած է հելլենիստական վերջին պետութիւնը` Պտղոմէոսեան Եգիպտոսը, թէեւ Հելլենիզմին բնորոշ երեւոյթները շարունակած են գոյատեւել:
Հելլենիզմը Մեծ Հայքի Մէջ
Մեծ Հայքը սկիզբէն ընդգրկուած է հելլենիստական աշխարհի ոլորտը: Զարգացած են երկրի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը, քաղաքաշինութիւնը, հելլենիստական մշակոյթը: Արտաշէսեան արքայատան օրօվ (Ք.Ա. II-I դարերուն) Մեծ Հայքը դարձած է հելլենիստական խոշոր տիրութիւն: Ինչպէս մնացեալ ազգերու, այնպէս ալ հայերու շրջանին մէջ այն մեծ զարգացում ունեցեած է, դժբախտաբար, մեզի հասած է ժամանակի շինութիւններէն միայն Գառնիի հեթանոսական տաճարը: