«Հիւանդութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} Հիւանդութիւնը այն վիճակն է, ուր կը գտնուինք, երբ մեր մարմինէն մաս մը լաւ չի գործեր: Գիտնականն...»:
 
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 6.
Մեր մարմինը վտանգաւոր մանրէներէ կը ձերբազատուի՝ անոնց դէմ ղրկելով արեան ճերմակ գնդիկները:
== Տաքութիւն/ջերմ ==
Մեր մարմնին բնական ջերմութիւնն է մօտաւորապէս 37 °C: Երբ հիւանդ ենք, մեր մարմնին ջերմաստիճանը կրնայ բարձրանալ. «տաքութիւն ունի» կ'ըսուի: Տաքութիւնը արդունքն է մեր մարմնէն ներս խուժող մանրէներու դէմ պայքարին: Ջերմաստիճանը կը չափեն ջերմաչափի մը միջոցաւ:
== Ժահրեր ==
Ժահրերը, որոնք աւելի պզտիկ են քան մանրէները, կ'ապրին միայն կենդանի բջիջներու մէջ. անոնք կը փճացնեն եւ կը պատճառեն հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ հարբուխ, հարսանէթ, ջրծաղիկ եւ լարականջային թքագեղձի բորբոքում: Ասոնք հիւանդութիւններ են, որոնք դիւրաւ կը փոխանցուին մէկ անձէն միւսին: Կ'ըսեն թէ այս հիւանդութիւնները փոխանձիկ են: