«Հովանոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: <ref → <ref oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
 
{{ԱՀ}}
 
Տող 7 ⟶ 6՝
 
== Կառոյց ==
Հովանոցը կրնայ տարբերիլ չափով եւ ձեւով բայց անոր շինութիւնը միեւնոյնը կը մնայ՝ ան բաղկացած է փայտէ գաւազանէ մը եւ կմախքէ մը, որ հաստատ կը պահէ անջրանցիկ կտորը: Կեդրոնի փայտը ունի ընդհանրապէս իր ծայրին կոթ մը դիւրացնելու համար անոր բռնելու ձեւը: Իա. դարուն, հովանոցները կը նկատուին իբրեւ առօրեայ գործածուող իրեր, սակայն իրենց որակի պատճառով անոնք կրնան շատ արագ կտրուիլ, եւ քանի մը օրէ աւելի չդիմանալ: Այսպիսով, ուսումնասիրութիւն մը նշմարած է, թէ տասը միլիոնէն աւելի հովանոց աղբ թափուած են [[Ֆրանսա]]յի մէջ մէկ տարուան ընթացքին:
 
== Պատմութիւն ==
Հովանոցի գաղափարին ամէնէն հին յղումը [[Չինաստան]]ի կայսրութեան տակ գտնուած է: Գրական աղբիւր մը կը հաստատէ, թէ [[Ուանկ Մանկ]] կայսրը՝ Կզին գերդաստանի հիմնադիրը, յօրինած է առաջին դարու ծալլուող հովանոց-արեւանոց մը, կառքի մը վրայ հաստատուած, որ կ'օգտագործուի կրօնական արարողութեան ատեն.<ref>ouvrage|langue=en|auteur=Joseph Needham|titre=Science and Civilisation in China|éditeur=Cambridge University Press|date=1965|passage=71|isbn=|lire en ligne=</ref>.
 
 
Միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հովանոցի փոխարէն կը գործածուէր «անձրեւու շուրջառ»-ը, մուշտակապատ լայն վերարկու մը, որ բաղկացած է անջրանցիկ կտաւէ մը: <ref>ouvrage|auteur=P. L. Jacob|titre=Mœurs, usages et costumes au Moyen âge et à l'époque de la Renaissance|éditeur=Firmin Didot frères, fils et cie|date=1878|passage=576|isbn=|lire en ligne=</ref>.
 
Առաջին ծալլուող հովանոցը ստեղծուած է [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի մէջ [[1705]]-ին կամ [[1710]] -ին [[ժան Մարիւս]] վաճառականին կողմէ, «Կտրուող հովանոց» անունով, զոր կարելի էր ծալլել եւ տուփիկի մը մէջ դնել: [[1759]]-ին ֆրանսացի գիտնական մը «Նավար» անունով կ՛երեւակայէ հովանոց-գաւզանը, ուր գաւազանը կը գործածուի իբրեւ պայուսակիկ: Այդ ձեւի հովանոցը կը դառնայ Իա, դարու նորոյթի մեղսակից մը Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ատեն:
 
Հովանոց-ը մինչեւ այսօր կը շարունակուի բարելաւուիլ: [[1852]]-ին, [[Սամուէլ Ֆոքս]] կը յօրինէ զանգակաձեւ հովանոցը, որ աւելի տոկուն կը դարձնէ զայն: Գերմանացի [[Հանս Հոբդ]]-ը [[1930]]-ին, կը ստեղծէ պզտիկ հովանոց-ը զոր կարելի է զետեղել պայուսակին մէջ:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հովանոց» էջէն