«Հունգարիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 98.
 
=== Սկզբնական Շրջան ===
Հունկարիոյ ներկայիս տարածքին հնագոյն բնակիչները եղած են սկիւթները, իլլիրիացիները, [[կելտեր]]ը։ 6<sup>րդ</sup> դարուն հոս երեւցած են սլաւոնները։ Մինչեւ հոս տեղափոխուիլը հունկարները, որ ուկրական ցեղեր են, քոչուոր կեանք կը վարեին հարաւային Ուրալը, Վօլկա գէտի մերձակա տափաստանները:
ՀունկարներըԽազարներէ փեչենեկներուկրած կողմէպարտութիւններէ հոնէ դուրս մղուելէնմղուեցան: Ներկայիս հունկարներու ետքնախնիները Կարպատները անցած են եւ Տանուպի միջին հոսանքը բնակեցած են 896 թուականին: 900-901 թուականներուն անոնք հաղթահարեցին տեղուոյ սլավոնական իշխանականները, ապա գրաւեցան Թրանսիլուանիան: Հոս անոնք ստացած են սէքեյներու (szekelyek) աջակցութիւնը, որ հոներու ժառանգներն էին: Հունկարները նաեւ կ'ապատակէին Կեդրոնական եւ Հարաւային Եւրոպայի երկիրները: Աուկսպուրկի մոտ գերմանական զորքերէն կրած պարտութենէն (955) ետք այդ ասպատակութիւնները դադրած են։ <br />
Սա ատենները հունկարները կ'առաջնորդեր Արփատը: Անոր հիմնած Արփատներու դինաստիան հունկարները կառաւարեցաւ մինչեւ 1301 թուականը:
Արփատներու Կեոզա իշխանի եւ անոր որդիի՝ Իշթուան 1<sup>ինի</sup> (997—1038, թագաւորած է 1000-էն) օրոք Հունկարիոյ մէջ առաջացած է պետական կազմաւորում, ընդունուած [[քրիստոնէութիւն]] (կաթոլիկութիւն): Աստիճանաբար հունկարներու տիրապետութիւնը տարածուած է դէպի արեւելք (Թրանսիլուանիա) եւ հիւսիս ([[Սլովակիա]]), XII դ. սկզբին միացուած են [[Քրուաթիա]]ն եւ Տալմաթիան։ XIII դ. թագաւորական իշխանութիւնը թուլացած է, որ հեշտացած է թաթար-[[մոնկոլ]]ներու ներխուժումը ([[1241]]—[[1242]]) Հունկարիա։ XIII դ. վերջին — XIV դ. սկիզբը Հունկարիան բաժնուած է շարք մը ինքնուրոյն քաղաքական տիրոյթներու։ Թագաւոր Քարլոս I-ի ժամանակ ([[1308]]—42) ֆեոտալական երկպառակութիւնները դադրած են, զարգացած են քաղաքները։ Բայց անոր յաջորդներուն օրոք միջֆեոտալական հակասութիւնները սրուած են։ Ուժեղացած է [[թուրք]]երու կողմէ նուաճման վտանգը։ [[1456]]-ին հունկարական, լեհական եւ սերպական միացեալ խումբերը, զորաւար Եանոշ Հունեատիի գլխաւորութեամբ, [[Պելկրատ]]ի մոտ հաղթած են [[թուրք]]երուն։ Մաթեաշ Հունեատի թագաւորի օրոք ([[1458]]—90) կեդրոնական իշխանութիւնը ամրապնդուած է, Հունկարիոյն կցուած են Մորավիան, Սիլեզիան եւ Արեւելեան Աւստրիան։<br />
Տող 159.
Հունկարիան արուեստա-ակրարային երկիր է։ 1976-ին ժողովրդավարական տնտեսութեան մէջ զբաղուածներու 44% ֊ը բաժին կ'իյնար արդիւնաբերութեան, 21%-ը՝ գիւղատնտեսութեան։
== Պետութեան Կառուցուածքը ==
[[Պատկեր:Országház (509. számú műemlék) 35.jpg|մինի|աջից|280px240px|Խորհրդարանի շէնքը]]
Հունկարիան խորհրդարանական ժողովրդավարական երկիր մըն է: <br />
Խորհրդարանը կը կոչուի Պետական Ժողով, որուն անդամներու ընտրութիւնները կը կայանան չորս տարին մեկ: Կառաւարութեան գլուխը կը համարուի վարչապետը: <br />
Երկիրին նախագահը կ'ընտրուի Պետական Ժողովի կողմէ՝ հինգ տարի ժամկէտով:
=== Քաղաքական կուսակցութիւններ ===
Հուկարիոյ մէջ Պետական Ժողովը ներկայացուած ազդեցիկ քաղաքական կուսակցութիւնները չորսն են: Ներկայիս<br վարչապետ Վիքդոր Օրպան կը պատկանի աջ պահպանողական Ֆիտես կուսակցութիւնը:/>
Քաղաքական դաշտին մէջ գերիշխող դիրք կը գրաւէ աջ պահպանողական Ֆիտես կուսակցութիւնը, որուն անդամ է ներկայիս վարչապետ Վիքդոր Օրպանը:
{|
|-
Տող 205 ⟶ 206՝
[[Պատկեր:Hungarian Grey cattle-1.jpg|մինի|աջից|180px|Հունկարական ցեղական ցուլ]]
Հունկարիոյ հողերու պաշարի 52,3%-ը կը կազմեն վարելահողերը, մարգագետիններն ու արոտավայրերը՝ 14,1% ֊ը, խաղողի եւ պտղատու այգիները եւ բանջարանոցները՝ 5,6%֊ը։ Վարելահողերուն 14,2% ֊ը կը պատկանի պետութեան, 80,6% ֊ը՝ համագործակցական բաժանմունքներուն, 2% ֊ը՝ մենատնտեսներուն, 3,2%֊ը կը կազմեն տնամերձները։ Գիւղատընտեսութեան սոցիալիստական վերակառուցումն կ'ուղեկցուի անոր թեքնիքական վերազինմամբ, հանքային պարարտանիւթերու ուժգին օգտագործմամբ, ոռոգուող հողատարածութիւններու ընդարձակմամբ։ Ցանքատարածութիւններուն մեծ մասը կը զբաղեցնեն հացահատիկային հողագործութիւն (հիմնականորէն ցորեն եւ եգիպտացորեն): Շաքարի ճակնդեղի ցանքերը կենդրոնացած են Կիշալֆիոլտի եւ Ալֆիոլտի հարաւ-արեւելքին մէջ։ Կը մշակեն նաեւ արեւածաղիկ եւ կանեւ։ Խաղողի եւ պտղատու այգիներու հիմնական զանգուածը կը գտնուի Տանուպի եւ Թիսայի միջագետի մէջ. տեսակաւոր գինիներու արտադրութեան համար օգտագործուող խաղողի այգիները կը գտնուին լեռներու հարաւային լանջերուն։ Պտղաբուծութիւնը եւ բանջարաբուծութիւնը առանձին տարիներու կու տան գիւղատնտեսութեան արտահանութեան 1/3-ը։ Անասնապահութեանը բաժին կ'ինայ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի 44%֊ը եւ գիւղատնտեսութեան ամբողջ արտահանութեան մինչեւ 40% ֊ը։ Հիմնական ճիւղը խոշոր եղշերաւոր անասուններու բագմացումն է։
== Ճենապակիի արտադրութիւն ==
Ճենապակեայ սպասքեղէնի արտադրութիւնը կը պատկանէ 1826-ին հիմնուած Հերենտի ընկերութիւնըը, որը աշխարհի մէջ խոշորագոյններէն մին կը համարուի: 19<sup>րդ</sup> դարու կէսերը ան Հապսպուրկի դինաստիոյ եւ Եւրոպայի այլ ազնուական ընտանիքներու մատարարը կը համարուէր: Անոր շատ դասական նախշերը մինչ այժմ կ'օգտագործուին: Քոմունիզմի անկումէն ետք ֆաքթըրին 75%-ով անցած է ղեկավարներու եւ աշխատողներու ձեռքը եւ իր արտադրանքը կ'արտահանէ 60-էն աւել երկիրներ:<small><ref>=Herend Porcelain Manufactory Ltd http://www.herend.com/ Վերցուած է 2009 Սեպտեմբեր 20ին</ref></small>
[[Պատկեր:Hungary pecs zsolnay1.jpg|ձախից|180px]]
Ժոլնաիի ճենապակիի ձեռագործութիւնը հիմնած է Միքլոշ Ժոլնաին Պեճը 1853, արտադրելու համար խեցեգործական աղիւսներ եւ սալիկներ: Ընկերութիւնը սկսեցավ կիրառել էօզինով թրծելու եղանակը եւ փիրոկրանիթե խեցեղէնը: Անոր որդին հետագային դարձաւ սեփականատէրը եւ իր արտադրութիւնը դարձրեցաւ աշխարհի մէջ յայտնի, ցուցադրելով իր արտադրանքը քանի մը համաշխարհայի տօնավաճառներու եւ ցուցահանդէսներու մէջ, որոնցէն՝ 1873-ին Վիեննայի, այնուհետեւ՝ 1878 Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսը, ուր Գրան Փրի շահեցաւ:
 
===Մարզական===
Հունկարիան մեկ շունչի հաշւով ողիւմպիական մետալներու քանակով աշխարհի մէջ երրորդ դիրքն է, եւ երկրորդը՝ ոսկեայ մետալներու:<small><ref>http://medalspercapita.com Վերցուած է 2016 Մարտ 24ին</ref></small> Միայն եոթ երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, ԽՍՀՄ/Ռուսիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Չինաստան, Իտալիա եւ Գերմանիա շահած են Հունկարիայէն աւել ողիւմպիական մետալներ: 211 երկիրներու շարքը բոլոր ժամանակները շահած ողիւմպիական մետալներու քանակով (476) կը զբաղեցնէ 8<sup>րդ</sup> դիրքը:
 
== Հունկարիոյ Հայերը ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հունգարիա» էջէն