«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 12.
 
== Կառավարման Համակարգ ==
 
=== Կայսր ===
Կայսրի ղեկավարութեան հեղինակային իրաւունքները կը բաժնուին երկու ճիւղերու՝ «ատենակալական իրաւունք կամ հեղինակութիւն » (potestas tribunicia) (անգլ.՝ tribunician) եւ «փոխնահանգի, փոխկուսակալի կամ փոխհիւպատոսային բացարձակ հեղինակութիւն» imperium proconsulare)<ref name="Աբբոտ, 342">Աբբոտ, 342</ref>։ Ատենակալական հեղինակութիւնները (որոնք նման էին հանրապետութեան «փլէպէյներ Plebs , Plebeians » «tribune of the plebs, tribune of the people» իրաւազուրկ եւ կամ ստորադաս դասակարգի ատենակալի իրաւունքներուն) (փլէպէյներ Plebs , Plebeians լատ.՝ հին հռոմի քաղաքականապէս իրաւազուրկ դասակարգ կամ ամբոխ) կայսրին իրաւունք կամ հեղինակութիւն կու տային ղեկավարելու ամբողջ քաղաքացիական կառավարման համակարգը, ներառեալ ծերակուտական ժողովը (Senate)<ref name="Աբբոտ, 342">Աբբոտ, 342</ref>։
Տող 22 ⟶ 23՝
 
Կայսրի մահէն ետք սովորաբար խառնաշփոթութիւն յառաջացաւ։ Ծերակուտական կազմը իրաւունք կամ հեղինակութիւն ունէր հռչակելու նոր կայսր, սակայն կայսրերուն մեծ մասը ինք կ՝ընտրէր իր ժառանգորդը՝ սովորաբար հարազատներէն որեւէ մէկուն։ Ո՛չ մէկ կայսրը չէր կրնար գահին երկար մնալ առանց Փրեթորական (Pretorian) պահակախումբին եւ լեգէոններու (legions - հետեւակ՝ 400 – 600 ձիաւոր) աջակցութեան։ Որոշ կայսրեր, անոնց համակրանքը շահելու նպատակով, զինուորներուն կը վճարէին յաւելեալ նուիրատուութիւններ՝ այսպէս կոչուած «donative» պարգեւ։
 
Ընդհանրապէս, կայսրն ու (սենաթը) ծերակոյտը կառավարութեան հաւասարազօր իշխանութեան մարմիններ էին, սակայն իրական իշխանութիւնը կայսեր ձեռքն էր։ Եւ հակառակ իր սենաթոր (ծերակուտական) հանգամանքին ան կը համարուէր պատուաւոր եւ փառահեղ կոչում, սակայն ծերակուտականը ընդամէնը գործիք էր կայսեր ձեռքին մէջ եւ կ՝օգտագործուէր վերջինիս կառավարութիւնը օրինականացնելու համար<ref name="Աբբոտ, 385">Աբբոտ, 385</ref>։
 
Որոշ կայսրեր ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ժամանակ կայսրը կը նստէր երկու [[Հիւպատոս |հիւպատոս]]ներու միջեւ<ref name="Աբբոտ, 383">Աբբոտ, 383</ref>: Աւելի ցածր կոչում ունեցող ծերակուտականեր կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր<ref name="Աբբոտ, 383" />։ 3-րդ դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
 
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==