«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 24.
Կայսրի մահէն ետք սովորաբար խառնաշփոթութիւն յառաջացաւ։ Ծերակուտական կազմը իրաւունք կամ հեղինակութիւն ունէր հռչակելու նոր կայսր, սակայն կայսրերուն մեծ մասը ինք կ՝ընտրէր իր ժառանգորդը՝ սովորաբար հարազատներէն որեւէ մէկուն։ Ո՛չ մէկ կայսրը չէր կրնար գահին երկար մնալ առանց Փրեթորական (Pretorian) պահակախումբին եւ լեգէոններու (legions - հետեւակ՝ 400 – 600 ձիաւոր) աջակցութեան։ Որոշ կայսրեր, անոնց համակրանքը շահելու նպատակով, զինուորներուն կը վճարէին յաւելեալ նուիրատուութիւններ՝ այսպէս կոչուած «donative» պարգեւ։
 
=== Սենաթ ===
Ընդհանրապէս, կայսրն ու (սենաթը) ծերակոյտը կառավարութեան հաւասարազօր իշխանութեան մարմիններ էին, սակայն իրական իշխանութիւնը կայսեր ձեռքն էր։ Եւ հակառակ իր սենաթոր (ծերակուտական) հանգամանքին ան կը համարուէր պատուաւոր եւ փառահեղ կոչում, սակայն ծերակուտականը ընդամէնը գործիք էր կայսեր ձեռքին մէջ եւ կ՝օգտագործուէր վերջինիս կառավարութիւնը օրինականացնելու համար<ref name="Աբբոտ, 385">Աբբոտ, 385</ref>։
 
Որոշ կայսրեր ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ժամանակ կայսրը կը նստէր երկու [[Հիւպատոս |հիւպատոս]]ներու միջեւ<ref name="Աբբոտ, 383">Աբբոտ, 383</ref>: Աւելի ցածր կոչում ունեցող ծերակուտականեր կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր<ref name="Աբբոտ, 383" />։ 3-րդ դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
 
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==