«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 28.
 
Որոշ կայսրեր ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ժամանակ կայսրը կը նստէր երկու [[Հիւպատոս |հիւպատոս]]ներու միջեւ<ref name="Աբբոտ, 383">Աբբոտ, 383</ref>: Աւելի ցածր կոչում ունեցող ծերակուտականեր կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր<ref name="Աբբոտ, 383" />։ 3-րդ դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
 
=== Սենաթորներն ու Հեծեալներ ===
Ոչ մէկ կայսր չէր կրնար կառավարել առանց սենաթորներու եւ հեծեալներու կարգին։ Ամենապատշաճ պաշտօնները կը տրուէին այդ երկու ազնուական դասերուն։ Այդ պաշտօններն էին՝ նահանգի կառավարիչ, լէգէոնի հրամանատար եւ նմանատիպ բարձր պաշտօններ։ Հեծեալներու եւ սենաթորներու ծերակուտականներու դասը կը փոխանցուէր ժառանգաբար եւ մեծ մասամբ փակ էր օտարներուն համար։ Հեծեալ կամ սենաթոր կրնար դառնալ մեծ յարգանք վայելող եւ փառաւոր անձնաւորութիւնը, սակայն նման դէպքեր հազուադէպ էին։ Երիտասարդ ազնուականին ապագան կախուած էր իր ընտանիքի կապերէն։
 
Այնքան որքան ունակութիւնները, գիտելիքը, տաղանդը անհրաժեշտ էին բարձր պաշտօնի համար, նոյնքան ալ անհրաժեշտ էր կայսեր հայեցողութիւնը։
 
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==