«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 47.
 
Օգոստոսը ստեղծեց նաեւ Պրետորական պահակախումբը. անոնք 9 գունդեր էին, որոնք տեղակայուած էին [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]] մէջ եւ Հռոմի մէջ խաղաղութիւնը պէտք է պահպանէին: Պրետորականներու աշխատավարձը լեգէոններէն աւելի բարձր էր, եւ անոնք աւելի քիչ կը ծառայէին՝ լեգէոններու 25 տարուան փոխարէն 16 տարի<ref>''Rome and her enemies'' published by Osprey, 2005 part 3 ''Early Empire 27BC&nbsp;— AD 235'', chapter 9 ''The Romans'', section ''Remuneration'', p.183; ISBN 978-1-84603-336-0</ref>:
 
=== Օգնական Ուժեր (Աուքսիլիա) ===
Թէեւ աուքսիլիան (Լատիներէն: auxilia = աջակիցներ) յայտնի չէ այնքան, որքան լեգէոնները, սակայն այն որոշակի դեր կը կատարէր հռոմէական զինուորական համակարգին մէջ: Աուքսիլիան հռոմէական քաղաքացութիւն չունեցող անձերու համախմբում էր: Աուքսիլիան թուաքանակով լեգէոնէն աւելի փոքր միաւոր էր, ատոնց մէջ ծառայողները աւելի քիչ կը վճարուէին: 25 տարուան ծառայութենէ ետք ատոնց զինուորները կը ստանային հռոմէական քաղաքացիութիւն, որ ժառանգաբար կ'անցնէր իրենց զաւակներուն: Ըստ պատմիչ Քոռնելիուս Թաքիթուսի կայսրութեան մէջ, որքան աուքսիլիա կար, նոյնքան ալ լեգէոն<ref>[[Կոռնելիոս Տակիտոս]], Տարեգրություններ''. IV.5</ref>: Քանի որ յայտնի է, որ այն ժամանակ կար 25 լեգէոն՝ իւրաքանչիւրին մէջ մօտ 5.000 զինուոր, հետեւաբար աուքսիլիայի մէջ պէտք է ընդհանուր առմամբ 125.000 զինուոր եւ մօտաւորապէս 250 աուքսիլիական միաւորում ըլլար<ref>Գոլդսվորտի (2003) 51</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==