«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 51.
=== Օգնական Ուժեր (Աուքսիլիա) ===
Թէեւ աուքսիլիան (Լատիներէն: auxilia = աջակիցներ) յայտնի չէ այնքան, որքան լեգէոնները, սակայն այն որոշակի դեր կը կատարէր հռոմէական զինուորական համակարգին մէջ: Աուքսիլիան հռոմէական քաղաքացութիւն չունեցող անձերու համախմբում էր: Աուքսիլիան թուաքանակով լեգէոնէն աւելի փոքր միաւոր էր, ատոնց մէջ ծառայողները աւելի քիչ կը վճարուէին: 25 տարուան ծառայութենէ ետք ատոնց զինուորները կը ստանային հռոմէական քաղաքացիութիւն, որ ժառանգաբար կ'անցնէր իրենց զաւակներուն: Ըստ պատմիչ Քոռնելիուս Թաքիթուսի կայսրութեան մէջ, որքան աուքսիլիա կար, նոյնքան ալ լեգէոն<ref>[[Կոռնելիոս Տակիտոս]], Տարեգրություններ''. IV.5</ref>: Քանի որ յայտնի է, որ այն ժամանակ կար 25 լեգէոն՝ իւրաքանչիւրին մէջ մօտ 5.000 զինուոր, հետեւաբար աուքսիլիայի մէջ պէտք է ընդհանուր առմամբ 125.000 զինուոր եւ մօտաւորապէս 250 աուքսիլիական միաւորում ըլլար<ref>Գոլդսվորտի (2003) 51</ref>:
 
=== Նաւատորմ ===
Հռոմէական նաւատորմը (Լատիներէն: Classis, բառացիօրէն. "նաւատորմ") ո՛չ միայն ռազմամթերք կ'ապահովէր լեգէոններուն եւ կը ծառայէր որպէս փոխադրամիջոց իրենց համար, այլ կ'օգնէր կայսրութեան սահմաններ հանդիսացող [[Հռենոս Գետ (արեւմտահայերէն)|Հռենոս]] եւ [[Տանուպ Գետ|Տանուպ]] գետերու պաշտպանութեան: Իրենց պարտականութիւնն էր նաեւ քաղաքացիական նաւերը ծովահէններու յարձակումներէն պաշտպանել: Այսպիսով այն գիշերապահութիւն կ'ընէր ամբողջ Միջերկրական ծովու ափին, հիւսիսային [[Ատլանտյան Ովկիանոս|Ատլանտեան ովկիանոս]]ի որոշ հատուածներու (Հիսպանիոյ, Կալիոյ եւ Բրիտանիոյ ափերուն), որոշ ռազմանաւեր ալ կը գտնուէին [[Սեւ Ծով|Սեւ ծով]]ուն մէջ: Չնայած ատոր՝ ցամաքային զօրքերը կը համարուէին բանակի աւելի պատուաւոր եւ աւագ ճիւղը<ref>''The complete Roman army'' by Adrian Գոլդսվորտի 2003, chapter ''After Service'', p.114; ISBN 0-500-05124-0</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==