«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (5) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ|Q2277}}
{{Արևելահայերեն|Հռոմեական կայսրություն}}
'''Հռոմէական կայսրութիւն''' (լատիներէն`լատիներէն՝ Imperium Romanum, հին յունարէն`յունարէն՝ Βασιλεία Ῥωμαίων), Հին Հռոմի յետ-հանրապետական ժամանակաշրջան, որ կը բնութագրուի մէկանձնեայ իշխանութեամբ եւ [[Եւրոպա]]յի, [[Ասիա (արեւմտահայերէն)|Ասիոյ]] եւ [[Ափրիկէ]]ի մէջ հսկայական տարածքներ ընդգրկող պետութեան հաստատմամբ<ref>"Roman Empire", Microsoft Encarta Online Encyclopedia 2008</ref>։ Եզրոյթը կը գործածուի առաջին կայսր`կայսր՝ Օգոստոսի կառավարումէն սկսած մինչեւ [[476]] թ. Հին Հռոմի պատմութիւնը բնութագրելու համար։
 
Կայսրութեան նախորդած եւ 500-ամեայ պատմութիւն ունեցած Հռոմի Հանրապետութիւնը տկարացած էր բազմաթիւ [[քաղաքացիական պատերազմներ]]ու պատճառով (քաղաքացիական պատերազմներուն ժամանակ բազմաթիւ սենադորներ (ծերակուտականներ) սպանուած էին, եւ [[Սենադ]]ին ([[Ծերակոյտ]]ին) մէջ կը գերակշէին Առաջին կամ Երկրորդ եռապետութեան այս կամ այն մասնակիցներուն աջակիցները)։ Պատմաբանները կը մատնանշեն շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կը բնութագրեն հանրապետութենէն կայսրութիւն անցումը, ներառեալ [[Յուլիոս Կեսար]]ի հռչակումը որպէս ցմահ միապետ (Ք.Ա. 44 թ.), Ագդիումի ճակատամարտը (Ք.Ա. 31 թ., Սեպտեմբեր 2), եւ Սենադին (Ծերակոյտին) կողմէ [[Կայոս Օգդաւիանոս]]ին պատուաւոր «[[Օգոստոս]]» կոչման շնորհումը (Ք.Ա. 27 թ., Յունուար 4) (Օգդաւիանոսը, ըլլալով շատ զգուշաւոր եւ խորամանկ քաղաքական գործիչ, յայտարարեց, որ փրկած է Հռոմը, պահպանեց հանրապետական շրջանի որոշ տարրեր. գոնսուլները (խորհրդատուները) կը շարունակէին ընտրուիլ, Փլեպէյներու ատեանները կը շարունակէին առաջարկել օրինագծեր. սակայն իրականութեան մէջ Օգոստոսն էր, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուէր ամբողջ իշխանութիւնը, վերջնական որոշում կայացնելու իրաւունքը եւ բանակը)։
Տող 7.
Հռոմի ընդարձակումը սկսաւ հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, սակայն հասաւ իր գագաթնակէտին [[Դրայանոս]] կայսեր գահակալման ընթացքին։ Կայսրութիւնը իր առաւել ծաւալման շրջանին կը զբաղեցնէր 6.5 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք<ref>Parker, Philip, "The Empire Stops Here". p.2.</ref>։ Տուեալ պետական միաւորման երկարատեւ գոյատեւման շնորհիւ, հռոմէական մշակոյթը, օրէնքներն ու կառավարման համակարգը մեծ ազդեցութիւն ունեցան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն վրայ։
 
3-րդ դարու վերջաւորութեան, երկրի սահմաններուն պաշտպանութիւնն առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով [[Տիոգղեդիանոս]]ը հսկայ կայսրութեան տարածքը բաժնեց ենթակայսրերու միջեւ`միջեւ՝ այդպիսով վերջ դնելով 3-րդ դարու ճգնաժամին։ Յաջորդ դարերուն ընթացքին կայսրութիւնը քանի մը անգամ կիսուեցաւ արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու։ Իսկ [[Թէոտոս Ա.]] Մեծ կայսեր մահէն յետոյ`յետոյ՝ 395 թ., կայսրութիւնը բաժնուեցաւ վերջնականապէս<ref>Chester G. Starr, ''A History of the Ancient World, Second Edition.'' Oxford University Press, 1974. pp. 670–678.</ref>։
 
Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 476 թ., երբ վերջին կայսր Հռումուլուս Աւկուսդուլուսը ստիպուած եղաւ գերմանացի վարձկաններու առաջնորդ Օտոագրին ճանչնալ որպէս կայսր։ Արեւելեան հատուածը կամ [[Բիւզանդական կայսրութիւն]]ը շարունակեց գոյատեւել եւ նոյնիսկ պահ մը վերականգնած էր Հռոմէական կայսրութեան երբեմնի հզօրութիւնը։ Բիւզանդական կայսրութիւնը կործանեցաւ [[1453 թ.]], երբ մայրաքաղաք [[Կոստանդնուպոլիս]]ը գրաւուեցաւ օսմանեան-թուրքերուն կողմէ եւ սպանուեցաւ վերջին կայսր [[Կոստանդին ԺԱ]]-ը<ref>Asimov, p. 198.</ref>։