«Կարպիս Ճանճիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ →‎top: հիմնական յաւելումներ կենսագրութեան բաժնին։
Տող 14.
| ազգութիւն = Հայ
| ալմա մատեր =
| կրօնք = Քրիստոնիա
| ազդուած է =
| ազդած է =
Տող 28.
| ստորագրութիւն =
}}
'''ՃանքիկեանՃանճիկեան ԿարիսԿարպիս''' ([[1920-1946 արեւմտահայերէն|1920-1946]]), ծնած եւ մահացած է [[Իսթանպուլ:արեւմտահայերէն|Իսթանպուլ:]]
 
== Կենսագրութիւն ==
Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 6 Յունուար 1920-ին: Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է Կեդրոնական, 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:
Յաճախած է [[Սահակեան-Նունեան արեւմտսահայերէն|Սահակեան-Նունեան]] եւ [[Կեդրոնական արեւմտահայերէն|Կեդրոնական]] վարժարանները։ Առողջական պատճառներով ընդհատած է ուսումը։
 
Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բ. Թեւեանի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ: Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:
Աշխատակցած է Իսթանպուլահայ մամուլին բանաստեղծութիւններով։ Աշակերտական շրջանին խմբագրած է «[[Արաքս]]» խմորատիպ հանդէսը։ Հայկազուն Գալուստեանի հետ միատեղ կը նկատուի իսթանպուլահայ նորարար եւ արդիաշունչ գրականութեան նախակարապետը։ Կրկին Հ. Գալուստեանի հետ միատեղ իր առաջին ու միակ գիրքը հրատարակած է թրքերէն լեզուով՝ «[[Balkis]]» խորհագրին տակ։
 
Յետ մահու, կը հրատարակուի «[[Օրէ Օր]]» հաւաքածոն։ Իր նահուընէ մօտ կէս դար ետք, Ռուբէն Մաշոյեանի խըմբագրութեամբ հրատարակուեցան իր հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւնները, «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով» խորհագրին տակ։ Օգտագործած է Աէաքսի Սողոմոն գրչանունը։
Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն (Հայկազուն Գալուստեանի հետ):
 
Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
 
Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:
 
== Հրատարակուած Գործեր ==
*(Հայկազուն ԳալուսկեանիԳալուստեանի աշխատակցութեամբ) BalkisBalkıs (թրքերէն բանաստեղծութիւն)- [[Իսթանպուլ արեւմտահայերէն|Իսթանպուլ]], [[1942 արեւմտահայերէն|1942]]։ Վերատպուած İş Sanat-ի կողմէ, 2014-ին, Պոլիս։
*Օրէ Օր (բանաստեղծութիւն)- [[Իսթանպուլ արեւմտահայերէն|Իսթանպուլ]], [[1950 արեւմտահայերէն|1950]]։
*Ռուբէն Մաշոյեանի խմբագրուեամբխմբագրութեամբ) կարպիս Ճանճիկեանի ՀետեւանքովՀետքերով (բանաստեղծութիւն եւ արձակ էջեր)- [[Իսթանպուլ արեւմտահայերէն|Իսթանպուլ]], [[1990 արեւմտահայերէն|1990]]<ref>{{Գիրք:Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ|202}}</ref>։ Վերատպուած՝ 2015-ին, «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}