«Ճարպակալում» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- , +,, -, +, , - + )
Տող 21.
}}
 
'''Ճարպակալումը''' հիւանդութիւն մըն է, որ կրնայ զարգանալ կեանքի որեւէ հանգրուանին ։Բժիշկներուն դիտարկմամբ, հիւանդութիւնը կրնայ հոգեբանական, բժշկական եւ առողջական լուրջ խնդիրներ յառաջացնել։ Ճարպակալումը կը զարգանայ , երբ մարմնին ընդունած սննդանիւթերու քանակը կը գերազանգէ իր սպառած ջերմուժի ուժականութիւնը։
Բժշկութեան մէջ ընդունած է գիրութեան հաշուարակման յատուկ բանաձեւ, որ կը կոչուի մարմնի զանգուածը չափանիշ (BMI), որ կը գնահատէ մարդու հասակին եւ կշիռքին յարաբերակցութիւնը։ Ճարպակալում կը համարուի այն երեւոյթը, երբ ստացուած արդիւնքը, այսինքն՝ մարմնի զանգուածի չափանիշը 30-35-էն վեր է։
1992 թուականէն ի վեր սկսած է կիրարկուիլ ճարպակալման բուժման նոր ճիւղ մը- որ կը կոչուի պարիադրիկ վիրաբուժութիւն։ Պարոս յունարէն կը նշանակէ կշիռք, իսկ ադրիք՝ բժշկական։ Այս նոր վիրաբուժութիւնը կը պարունակէ շարք մը տարոեր վիրաբուժութիւններ, ինչպէս՝ ստամոքսի շրջանցում, պոլոնաւորում, օղակաւորում եւ այլն։
== Ե՞րբ եւ որո՞նց կ՝առաջարկուին այս գործողութիւնները ==
Այս վիրաբուժութիւնները կ՝առաջարկուին այն մարդոց , որոնց մարմնի զանգուածին չափանիշը 30-էն վեր է, եւ որոնք կը տաօապին շարք մը հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝ շաքարախտ, յօդացաւեր, եւ երբ մարմնի կշիռքին նուազումը առողջական լուրջ անհրաժեշտութիւն կը համարուի։
Այս վիրաբուժութիւնները կ՝առաջարկուին նաեւ այն մարդոց, որոնց կշիռքի նուազեցման համար աւանդական միջոցները, ինչպէս՝ մարզանքը, սննդականոններու հետեւումը, դեղահատերը երբեք չեն յանգեցուցած որեւէ դրական արդիւնքի ։
Ճարպակալման վիրաբուժութեան մաս կազմող բաժինները.
=== Ստամոքսի օղակաւորում ===
Այս վիրաբուժութեամբ սիլիքոնէ թաղանթով պատուած օղակ մը կը տեղադրուի ստամոքսին վերի բաժինը, որով ստամոքսը կը բաժնուի երկուքի՝ մեծ եւ փոքր բաժիններ, ստանալով աւազէ ժամացույցի տեսք։ Այս սիլիքոնէ օղակի տրամագիծի ճշդումը վիրաբուժի հայեցողութեան իբրեւ արդիւնքով, հիւանդը քիչ կ'ուտէ եւ շուտ կը յագենայ, որովհետեւ սնունդը նախ կը հաւաքուի ստամոքսի փոքր մասին մէջ, որ անմիջապէս կը փոխանցէ կուշտ ըլլալու զգացողութիւնը։
=== Ստամոքսի շրջանցում ===
Այս վիրաբուժութիւնը կը շրջանգէ ստամոքսը, այսինքն՝ շատ փոքր մաս մը ստամոքսէն վերցուելով զայն ուղղակի կը կցուի փոքր աղիքներուն, հետեւաբար հիւանդը ստիպուած կ'ըլլայ քիչ սնունդ ստանալ ու շուտ ալ այգենալ նաեւ անօթութեան հորմոնը ։
=== Ներստամոքսային փուչիկի տեղադրում ===
Վիրաբուժութեան այս եղանակով endoscopy-ի հսկողութեամբ սիլիքոնէ փուչիկը բերանէն կը տեղադրուի ստամոքս եւ այնտեղ կը լեցուի հականեխուած ջուր կամ օդ՝ ստանալով այնպիսի ծաւալ, որ կարելի չըլլայ անցումը դէպի աղիքներ։
Այս փուչիկը կը տեղադրուի ստամոքսին մեջ 6 ամսուան ժամկէտով, որմէ ետք դիւրութեամբ դուրս կը բերուի ստամոքսէն։Այս շիջոցը կարելի է իրականացնել տարին 1-2 անգամ ։ Փուջիկը որոշ տարածք գրաւելով ստամոքսին մէջ, տեւական յագեցած ըլլալու զգացողութիւնը կը յառաջացնէ հիւանդին մօտ եւ կը նուազեցնէ կրկնակի սնունդ ստանալու անհրեժուշտութիւնը։
=== Ստամոքսի կցում ===
Այս վիրաբուժութեամբ ստամոքսը կը վերածուի բարակ խողովակի։Նոր ստամոքսը ալ հնարաւորութիւն չ'ունենար ընդարձակուելու, հետեւաբար կ'ենդունի քիչ սնունդ, կու տայ շատ յագեցողութիւն եւ կ'արտադրէ քիչ քանակութեամբ անօթութեան հորմոն։
Վիրաբուժութեան այս տեսակը աւելի ապահով եւ արդիւնաւէտ է, քան նախորդը, որովհետեւ ոչ մէկ օտար նիւթ կը տեղադրուի ստամոքսին մէջ։ Այս վիրաբուժութիւնը առաջին անգամ կիրարկուած է 2006 թուականին։
Այս վիրաբուժութիւնը կը տարբերի միւսներէն անով, որ ստամոքսէն ոջ մէկ բաժին զանց կ'առնուի , այլ՝ զինք իր մէջ ծալելով ծաւալը կը փոքրանայ։
նշեալ վիրաբուժութիւնը ուշագրաւ է իր արդունաւէտութեամբ, մանաւանդ որ կողմնակի ազդեցութիւններ գրեթէ չունի, եւ կարելի է ստամոքսը վերականգնել իր նախքին ձեւին՝ առանց որեւէ բարդութեան։
== Աղբիւրներ ==
«Զգոյշ» Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Ա.Տարի, թիւ 2, Մայիս 2015: