«Վարդան Մամիկոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 38.
== Վարդանանց պատերազմ ==
[[Պատկեր:Vartan Mamigonian statue in Yerevan.jpg|մինի|[[Վարդան Մամիկոնեանի յուշարձան (Երևան)|Վարդան Մամիկոնեանի արձանը]]՝ Երեւան]]
Պարսկաստանի [[Յազկերտ Բ․]] Սասանեան արքան [[449]]-ին, հրովարտակով հայերուն կոչ ուղղած է հրաժարիլ [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութենէն]] եւ ընդունիլ [[զրադաշտականութիւն]]ը (կրակապաշտութիւն)։ Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ՝ [[Արտաշատի ժողով (արեւմտահայերէն)|Արտաշատի մէջ գումարուած ժողով]]ը, մերժած է Պարսից արքայի կրօնափոխութեան առաջարկը։ Մերժողական պատասխան ուղարկած են նաեւ դրացի [[Վրացիներ (արեւմտահայերէն)|վրացիներ]]ն ու [[աղուաններ]]ը։ Վարդանն ու Հայոց, Վրաց ու Աղուանից իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կանչածկանչուած են Տիզպոն։ Մահապատիժի սպառնալիքի տակ անոնք՝ առերես, ուրացած են իրենց հաւատքը։
 
ՀազկերտՅազկերտ Բ․, պատանդ պահելով մարզպան [[Վասակ Սիւնի]]ի որդիներն ու Գուգարքի բդեշխ Աշուշան, հայ նախարարները 700 մոգերու եւ հսկիչ զօրախումբի մը ուղեկցութեամբ ճամբած է Հայաստան՝ յանձնարարելով մէկ տարուան ընթացքին եկեղեցիները վերածել մեհեաններու ու կրակատուներու եւ կառուցել ատրուշաններ։ Հայ նախարարները վերադարձած են հայրենիք՝ անհրաժեշտ դիմադրութիւն կազմակերպելու յոյսով։ Վարդան Մամիկոնեան, վերադառնալով հայրենիք, գլխաւորած է կրօնափոխութեան դէմ ծաւալուած ժողովրդական ընդվզումը։
 
Ռազմական դաշինք կնքելով Աղուանից եւ Վրաց մարզպանութիւններուն հետ՝ [[450]]-ի սկիզբը ան օգնութիւն խնդրած է [[Բիւզանդական կայսրութիւն|Բիւզանդիայէն]], սակայն [[Մարկիանոս]] կայսրը ոչ միայն մերժած է, այլեւ այդ մասին գաղտնի տեղեկացուցած է Յազկերտ Բ.-ը։ 450-ին, Սպարապետին զօրագունդը Հայաստանէն վտարած է մոգերն ու անոնց աջակցող զօրքերը, [[Խաղխաղ]] (այժմ՝ [[Ղազախ (քաղաք)|Ղազախ]], [[Ատրպէյճան]]) քաղաքի մերձակայքը պարտութեան մատնած է պարսիկ Սեբուխտ զօրավարին գլխաւորած պատժիչ զօրքերը, ապա զանոնք քշած է նաեւ Աղուանքի բերդերէն։ Վարդան Մամիկոնեանի զօրախումբը հասած է մինչեւ [[Ճորա պահակ]]ի ամրութիւնները (այժմեան Դերբենդ քաղաքի մօտ) եւ փոխօգնութեան դաշինք կնքած հոներուն հետ։
[[Պատկեր:Saint Vartan statue, Gyumri.jpg|մինի|ձախից|Վարդան Մամիկոնեանի յուշարձանը՝ [[Կիւմրի]]]]
 
[[450]]-ի վերջերուն, Վարդան Մամիկոնեան ընտրուած է Հայոց տանուտէր՝ ի հակակշիռ մարզպան [[Վասակ Սիւնի]]ի, որ դէմ էր առաջացածյառաջացած ապստամբութեան։ Վարդան Մամիկոնեան վերականգնած է հայ նախարարներու եւ հոգեւորականութեան ոտնահարուած իրաւունքները, ամրացուցած բերդերը եւ նախապատրաստուած վճռական մարտին։
 
Ճակատամարտը տեղի ունեցած է [[26 Մայիս]], [[451]]-ին, [[Աւարայր]]ի դաշտին վրայ։ հակառակ անոր որ Վարդան Մամիկոնեան զոհուած է, բայց պարսիկները, տեսնելով հայերու յամառ դիմադրութիւնը, հարկադրուած ետ կանչած են իրենց զօրքերը։ Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, Պարսից արքունիքը հրաժարած է բռնի կրօնափոխութեան ծրագիրէն, ճանչցած է Հայաստանի ներքին ինքնավարութիւնը, թեթեւցուցած՝ հարկերը եւ որոշ ժամանակ վարած է հայերը սիրաշահելու քաղաքականութիւն։ Պարսիկներուն զգալի վնաս պատճառած են նաեւ հոները, որոնք Վարդան Մամիկոնեանի հետ կնքած պայմանագիրին համաձայն, ասպատակած են պարսկական նահանգները։
 
== Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը՝ զանազան արուեստներու մէջ ==
Վարդան Մամիկոնեանի կերպարն արտացոլած է գեղարուեստական գրականութեան՝ ([[Ղեւոնդ Ալիշան]]ի, [[Դերենիկ Դեմիրճեան]])ի, քանդակագործութեան ([[Երուանդ Քոչար]])ի, գեղանկարչութեան ([[Էդուարդ Իսաբեկեան]]ի, [[Գրիգոր Խանճեան]]ի, [[Վահան Խորէնեան]])ի մէջ եւ թատերարուեստին մէջ։ Վարդանանց նուիրուած է կաթողիկոսներ՝ [[Պետրոս Ա․ Գետադարձ]]ի «Արիացեալք» եւ [[Ներսէս Դ․ Կլայեցի]]ի (Ներսէս Շնորհալի) «Նորահրաշ» շարականները։
 
Վաղ միջնադարէն Վարդան Մամիկոնեանին եւ Վարդանանց նուիրուած եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցուած են Հայաստանի տարբեր նահանգներու մէջ, հայկական գաղթավայրերու, հետագային՝ նաեւ Սփիւռքի տարածքին։
 
== Վարդանանց Ուխտավայր ==
Վարդանանց մասունքներու շարքին կարեւոր ուխտավայր մը կը համարուի Հայաստանի [[Տաւուշ]]ի մարզի [[Ակնաղբիւր]] գիւղին մէջ գտնուող Վարդան Մամիկոնեանի տնկած կաղնին (ծառը ապրած է 1500 տարի), որու քովէն անցնելով, ըստ աւանդութեան, պատերազմի դաշտ յառաջացած են հայ զինուորները: Այսօր այդ աւանդութիւնը կը շարունակուի հայոց բանակի զինուորներուն պարագային. ամէն տարի, զօրակոչէն առաջ, շրջանի բնակիչները կը հաւաքուին եւ հոնկէ բանակ կը ճամբեն իրենց որդիները: Ժողովրդական այդ արարողութիւնը կը կոչուի «Վարդանանց կանչ», որու վերջին տարիներուն կը մասնակցին նաեւ հոգեւորականներ` ճիշդ կաղնիին քով օրհնելով զօրակոչիկները: Քանի որ կաղնին տապալած է եւ պահպանուած է միայն հաստաբուն, բայց չորցած կմախքը, կաղնիին մօտակայքը վերջին տարիներուն կառուցուած է եկեղեցի մը, որ իւրայատուկ խորհուրդ մը կը հաղորդէ «Վարդանանց կանչ» աւանդոյթին: Կաղնին կը համարուի Ակնաղբիւր գիւղի խորհրդանիշը:
 
== Ժամանակակիցները եւ Վարդան Մամիկոնեանը ==