«Մանկավարժութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Մանկավարժություն}} Պատկեր:Bundesarchiv B 145 Bild-F079064-0006, Bonn, Gymnasium.jpg|250px|մինի|աջից|Ման...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

08:23, 3 Յուլիս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ


Մանկավարժը եւ աշակերտները դասի ժամանակ

Մանկավարժութիւնը (Pedagogy, (pɛdəɡɒdʒi/pɛdəɡoʊdʒi/) հուն. paidagogos, pais (paidos) երեխայ, տղայ + ago կը տանի, կը դաստիարակեմ) ազատամիտ գիտութիւն է, որ վաղ ժամանակներէն կը համարուի փիլիսոփայութեան ճիւղ մը։ Դեռեւս անդիգ շրջանի մէջ ժողովրդապետութիւնի, Սոգրադիզի, Բլադոնի եւ Արիսդոդելի փիլիսոփայական աշխատութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը հատկացնէ մտաւոր, հոգեկան ու ֆիզիկական դաստիարակութեան հարցերուն։

17-րդ դարուն մանկավարժութինը կ'անջատի փիլիսոփայութիւնէն, սակայն վերջաւորութեան փոխկապակցուածութիւնը կը պահպանէ։ Մանկավարժութեան զարգացումն անցած է երկարատեւ ճանապարհ։ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մարդաբաներու աշխատութիւններուն մէջ կ'արծարծեն մարդու համակողմանի ու ներդաշնակ զարգացման խնդիրները։

Եւրոպական բուրժուական առաջին հեղափոխութիւններու ժամանակ գիտական մանկավարժութեան հիմքերը դրին չեխ մեծ մանկավարժ Յան Ամոս Կոմենսկին։ Ան առաջինն էր, որ հիմնաւորեց մարդու՝ մինչեւ անոր կեանքի վերջը կրթելու եւ դաստիարակելու հարցը։

Այսպիսով, մանկավարժութիւնը գիտութիւն է անձի ձեւավորման ու զարգացման օրինաչափութիւններու, կրթութեան, ուսուցման եւ դաստիարակութեան ձեւերու, ձեւերու ու բովանդակութեան մասին։ Մանկավարժութիւնը որպէս գիտութիւն կը զբաղի սերունդներու կրթութեան, դաստիարակութեան, զարգացման հիմնախնդիրներով[1]։

Ծագում, ուսումնասիրութեան առարկայ, խնդիրներ

Մանկավարժութիւնը մարդաբանական գիտութիւն է։ Աշխարհի շատ լեզուներով այն կը կոչուի «Պեդագոգիկա» (հին յուն․՝ παιδαγωγική` παῖς մանուկ, ἄγω տանիլ):

Վաղ ժամանակներէն այն համարուած է փիլիսոփայութեան ճիւղ մը, իսկ 17-րդ դարուն այն անջատուեցաւ անոնցմէ, սակայն փոխկապուածութիւնը պահպանեց եւ կը պահպանուի այնքան ժամանակ, որքան ժամանակ կը պահպանեն այդ գիտութիւնները։ Ժամանակին մանկավարժութիւնը մարդու մասին գիտութիւններու համակարգի մասն մը կը կազմէ, որուն կ'ուսումնասիրէ մարդու զարգացումը, անոր գործունէութեան, հարաբերութիւններու, սոցիալական կապերու համակարգը, ներաշխարհը։ Պատմականօրէն մանկավարժութիւնը ծագած եւ զարգացած է որպէս գիտութիւն դաստիարակութեան մասին։ 20-րդ դարուն մանկավարժութեան սահմանները ընդլայնուած են, փոխուած է նաեւ մանկավարժութեան ուսումնասիրութեան առարկան։ Շարունակական կրթութեան գաղափարով պայմանաւորուած` այսօր մանկավարժութեան ուսումնասիրութեան առարկան կրթութիւնն է։ Մարդը կը զարգանայ եւ կը փոփոխուի ողջ կեանքի ընթացքին, այսինքն ան շարունակական մանկավարժական օգնութեան կարիք կը զգայ ողջ կեանքի ընթացքին։ Մանկավարժութիւնը եւ տեսական, եւ գործնական գիտութիւն է։ Մանկավարժութիւնը չ'առաջարկէր դեղատոմսեր, միանշանակ պատասխաններ։ Սակայն կ'առաջարկէ դրոյթներ եւ ստեղծագործական որոնողական աշխատանքի ծրագիրեր, որոնք թոյլ կ'ուտան իրականացնել երեխայի դաստիարակութիւնը, ձեւաւորելով անոր անձնային որակները։ Մանկավարժութիւնը գիտութիւն է եւ արուեստի, գիտելիքի, վարպետութեան, մարդկանց ճանաչելու ձգտման եւ կարողութեան համադրութիւն։ Կարելի է սահմանել նաեւ այսպէս. մանկավարժութիւնը գիտութիւն է, որ կը հետազոտէ կրթութեան, դաստիարակութեան եւ զարգացման օրինաչափութիւնները։

Մանկավարժութեան հիմնական հասկացութիւններ

Իւրաքանչիւր գիտութեան առանձնացման պարտադիր պայման է անոնց համար կատեգորիաներու համակարգի առկայութիւնը։

Մանկավարժական հասկացութիւնները կը ներկայացնեն մանկավարժական իրողութիւնները՝ անոնց միջեւ եղած ընդհանուր եւ տարբերակիչ գիծերը, անոնցմով կ'օգնեն ստեղծել մանկավարժական իրողութիւններու իրական պատկերը մեր գիտակցութեան մէջ։ Մանկավարժական հասկացութիւններու միջոցով մեր գիտակցութեան մէջ կ'արտացոլուին դաստիարակութեան հասարակական-պատմական ընդհանրացուած փորձը, անոր տիպական առանձնահատկութիւնները եւ օրինաչափութիւնները, որոնց ճանաչման հիման վրայ հնարաւոր է արդէն ուղղութիւն տալ մեր հետագայ մանկավարժական գործունէութեանը։

Մանկավարժութեան կողմէն կիրառուող գիտական հասկացութիւնները բազմազան են։ Մանկավարժութիւնը, կը գրէ Յու.Կ. Բաբանսկին, կը գործառնէ շարք մը ուրիշ հասկացութիւններ (օրինակ՝ գիտելիք, կարողութիւն, հմտութիւն, հնար, միջոց, ձեւ), որոնք ունին ինչպէս ընդհանուր գիտական նշանակութիւն, այնպէս ալ՝ նեղ մանկավարժական[2]։

Մանկավարժութեան հիմնական հասկացութիւններն են՝

  • անձի ձեւաւորումը՝ ինչպէս նպատակաուղղուած գործողութիւններու, այնպէս ալ շրջապատի՝ հաճախ հակասական ազդեցութեան ներքին,
  • դաստիարակութիւնը՝ ընտանիքի, տարբեր կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով աշխարհայացքի ձեւաւորումը, աշխատանքային, մտաւոր, բարոյական, գեղագիտական ու ֆիզիկական դաստիարակութիւնը,
  • կրթութիւնը՝ գիտելիքներու յուրացման ընթացքն ու արդիւնքները, հմտութիւններու ու կարողութիւններու մշակումը,
  • ուսուցումը՝ մարդուն կրթելու անընդմէջ գործընթացը՝ գիտելիքներու հաղորդումը եւ յուրացումը։
  1. Գ.Ե.Ղույումչեան, «Մանկավարժութիւն», գիրք 1-ին, էջ 14, Երեւան, 2005 թ
  2. Յու. Կ. Բաբանսկի, «Մանկավարժութիւն», 1-ին մաս, Երեւան, 1986, էջ 7