«Էտուարտ Մանուկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 55.
Տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, արդէն առաջին գործարար կազմակերպութիւնը արձանագրեցինք, որ դեղագործական ընկերութիւն է՝ Marckyrl Armeni: Կարելի է ըսել, որ ան առաջին եգիպտական ընկերութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ ներկայութիւն ունի:
 
{{քաղվածք|Առաջինը՝ Եգիպտոսէն Հայաստան դեղեր պիտի ներկրէ, երկրորդը՝ արտադրութիւն պիտի հիմնէ հայաստանեան ընկերութիւններուն հետ: Ընկերութեան գործունէութեան երրորդ ուղղութիւնն այն պիտի ըլլայ, որ Hepatit C-ի՝ լեարդաբոբի բուժման դեղերը բերենք եւ կրնամ ըսել, որ այդ հիւանդութեան դէմ բուժման եւ հիւանդներուն դեղերու տրամադրման ծրագիրը Հայաստանի մէջ կրցանք հաստատել իբրեւ ազգային նախագիծ:
 
Մեր գործունէութեան չորրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի հետ համատեղ արտադրանք ստեղծելն է, եւ համատեղ այդ արտադրանքով Եւորասիական տնտեսական շուկայ մտնել: Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:
|}}
 
== Աղբիւրներ ==