«Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան''' աւաղանի անունով՝ Եդուարդ, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, արծու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

09:41, 8 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան աւաղանի անունով՝ Եդուարդ, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, արծուէբոյն Զէյթունի մէջ 1888-ին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծաղկոցին մէջ: Երեք տարիներ ետք, յաճախած է Կեդրոնական բարձրագոյն Նախակրդարանը, որուն տնօրէնն էր Պրն. Յովհաննէս Ահարոնեան:

1906-ին, Կ. Պոլիսէն, Կարնոյ Սանասարեանէն, Զէյթունէն ու այլ շրջաններէն կ'ուղուին ուսանողներ Սիսի Ժառանգաւորացին համար: Եդուարդ ընդունուած ու ղրկուած է դպրեվանք ուսանելու:

Սուլթան Համիտի ժամանակաշրջանին, հինգ օրուան տաժանագիր ճամբորդութենէ մը վերջ ու ջորեպանի մը ուղեկցութեամբ Եդուարդ Սիս հասած է Սեպտեմբեր 1906-ին:

Դմրեվանքին մէջ, ուսանողներ Եդուարդը կը կոչեն «Ուլնեցի»: Երեք տարի օրինաւորապէս ուսանելէ ետք, 1909Ատանայի կոտործի պատճառով Սիսի դպրեվանքը փակուած է եւ քանի մը շաբաթ վերջ, տեղւոյն հայասէր կառավարիչին կարգադրութեամբ՝ Եդուարդ ու երկու մարաշցի ուսանողներ, երկու ոստիկաններու պաշտպանութեան տակ, արիւնի ու դիակներու վրայէն քալելով հասած են Մարաշ: Ապա, երկու օր վերջ, Եդուարդ ինքզինք նետած է զորովագութ իր մօր գրկին մէջ:

1909-1910 ուսումնական տարեշրջանին, ան կոչուած է ուսուցչական պաշտօնի Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր Պրն. Տիգրան Գոչունեան:

1911-ին Եդուարդ մտած է Տարսոնի Ամերիկեան Գոլէճը ու նոյն տարուան վերջերը մեկնած է Կ. Պոլիս եւ անկէ անցած Պրուսա-Պիլէճիկի հայաշատ գիւղերը ու նշանակուած ուսուցիչ Հիսարլըզ գիւղին, ուր մնացած է մինչեւ 1914 թուական:

1915-ի Ա. Աշխարհամարտի սկիսբի օրերուն, կրթական առաքելութեամբ մեկնած է Էտիրնէ: Ադրիանուպոլսոյ մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, իբրեւ քաղաքական ամրաստանեալ ձերբակալուած ու բանտարկուած է Թուրքերու կողմէ եւ շղթաեակապ մնացած բանտիմ մէջ, 85 Էտիրնեցի ազգայիններու հետ:

Արտաքին միջամտութեամր Եդուարդ ազատ արձակուած է բանտէն։ Բայց ոստիկանութիւնր զինք հանգիստ չէ ձգած։ Թրքական բանակին մէջ զինուորագրած են զինք ու ղրկած են Պաղեստինի ճակատը։ Իր ճարպիկութեամբ թէեւ փախուստ տալով ճակատէն անցած է անգլիացիներուն կողմը, բայց այլազան միջոցներով կրկին ձերբակալուած է ու պատերազմական ատեանին կողմէ դատապարտուած գնդակահարութեան։ Բարեբախտաբար, տակաւին վճիոր չգործադրուած, ներքին պատճառներով՝ ճակատը քայքայուած է ու ինք փրկուած՝ է ստոյգ մահէ։ Այնուհետեւ Եդուարդը գերի տարուած է Գահիրէ ու Հելիոպոլսոյ գերանոցր, ուր ժամանակ մր մնալէ ետք, աղատ արձակուած է արտաքին միջամտութեամր։ Ապա, ան մեկնած է Բոր-Սայիտ ու տեղւոյն հայկական բանակին մէջ կամաւոր արձանագրուած:

1918-ին Բոր-Սայիտի հայկական Վրանաքաղաքի մէջ կրկին վարած ուսուցչական պաշտօնը:

1918-ին զինադադարէն վերջ, Մերսինի Հ.Բ.Ը.Միութեան որբանոցին մէջ ուսուցչոգթեան պաշտօն վարած է ժամանակ մը: Ապա, Կիլիկիոյ պարպումին, փոխադրուած է Հալէպ, ուր 1920-1930 թուական դարձեալ ուսուցչութեամբ պարապած՝ Ազգ. Հայկական Վարժարանին մէջ:

Իբրեւ փորձառու կրթական մշակ, Եդուարդ ուսուցչական վկայական ստացած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդէն:

Տէր Մաշտոց, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հաւանութեամբ տեղափոխուած է Լիբանանի Թեմ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Զահլէյի հայ գաղութին:

Ան հրաժեշտ տուած է աշխարհիմ 1962-ինՅուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 156-159։:

Ծանօթագրութիւններ