«Հայկանուշ Մարք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 38.
 
=== Հրապարակագիրը ===
Դեռ երիտասարդ՝ կը նետուի ազգային հանրային գործունէութեան ասպարէզ․ նաեւ կը նուիրուի գրականութեան։
Լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ կիներուն մօտ, որովհետեւ իր արձակ էջերն եւ քերթուածները, մէկ կողմէն՝ կ՛արտայայտեն կնոջական իր ներաշխարհը, իսկ միւս կողմէն կ՛արծածեն եւ կը պաշտպանեն քսաներորդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ կնոջական իրաւունքները<ref>[http://azator.gr/?p=2318, «Ազատ Օր» Հայկանուշ Մառք, Ն․]</ref>։
 
Կնոջական թերթ հրատարակող առաջին կին գրողը եղած է: Հրատարակած է «Ծաղիկ», «Արշալոյս» եւ «Արձագանգ» թերթերը<ref name=":0" />: 20 տարեկանին կ՛արժանանայ «Մասիս»<ref>[http://www.digilib.am/book/1410/1710/12734/?lang=en Գրական յուշքեր – Արփիար Արփիարեան]</ref> թերթի 2-րդ գրական մրցանակին։ [[1905]]-ին կը նշանուի Վահան Թոշիկեանին հետ։ Նոյն տարին կը հրատարակէ «Ծաղիկ» հանդէսը․ լոյս կը տեսնէ միայն երեք տարի ([[1905]]-[[1907]]), բայց անմիջապէս ընթերցող կը գրաւէ եւ հայ կնոջական շարժման գլխաւոր բեմը կը դառնայ։
 
[[1907]] թ. Հայկանոյշ Մարքն ու Վահան Թոշիկեանը կ՛ամուսնանան եւ կը մեկնին [[Իզմիր (արեւմտահայերէն)|Իզմիր]], ուր վերջինս հրաւիրուած է խմբագրելու «Արշալոյս» և «Արձագանք» թերթերը<ref>[http://tert.nla.am/cgi-bin/koha/opac-search.pl?q=ccl=su%3A%7B%D4%BB%D5%A6%D5%B4%D5%AB%D6%80%7D&sort_by=title_az&limit=available հայկական համահաւաք-գրացուցակ]</ref>: Այս թերթերուն Մարքը կ՛աշխատակցի ու կը վարէ կնոջական բաժինը:[[Պատկեր:Զաբել Հովհաննեսի Խանջյան.jpg|148x148px|մինի|Զապէլ Ասատուր|alt=]]
 
[[1909]]-ին, զոյգը Պոլիս կը վերադառնայ։ Կը գործակցի Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան<ref>[http://ararat.asj-oa.am/1754/ Կանոնագիր Հայուհեաց ազգանուէր ընկերութեան]</ref>․ հիմնադիրն է Սիպիլը ([[Զապէլ Ասատուր]]) եւ նպատակն է Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։ Սիպիլ այս բառերով կը ներկայացնէ զայն ընկերութեան անդամներուն․- «Ահա տարր մը, որուն այդքան պէտք ունինք»։ Կը զբաղի նաեւ ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօններ այլ կազմակերպութիւններու մէջ։<ref>[http://womennet.am/%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%B7-%D5%B4%D5%A1%D5%BC%D6%84-%C2%AB%D5%BA%D5%AB%D5%BF%D5%AB-%D5%AF%D6%80%D5%A5%D5%B6%D6%84-%D5%B4%D5%A5%D6%80-%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%BD%D5%AD/ կինը եւ հրատարակութիւնը արեւելահայերէն]</ref>
 
[[Պատկեր:Hay gin.jpg|մինի|Հայ Կին գրական հանդէսը՝ 1919-1932]]
[[1919]]թ․ կը հրատարակէ «Հայ կին» <ref>[http://tert.nla.am/cgi-bin/koha/opac-detail.pl?biblionumber=424 հայկական համահաւաք-գրացուցակ]</ref> հանդէսը։ Թղթակիցներ ունէր նաև [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]] ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|Միացեալ Նահանգներ]]: ։ Լոյս կը տեսնէ մինչեւ [[1932]]թ։ Դուստրին (աղջիկ զաւակ) մահէն ետք, մի քանի տարի չի կարողանար աշխատիլ նոյն եռանդով։ [[1936]]-ին կ՛աշխատակցի ամուսնոյն «Նոր լուր» թերթին ու կը վարէ կնոջական բաժինը։ Միաժամանակ, իր յօդուածները, արձակ էջերը այլ թերթերէ ու հանդէսներէ կը հրատարակուին ։հրատարակուին։
 
=== Հրատարակութիւններ/Ստեղծագործութիւններ ===