«Մարզպետ (Ղազար Ղազարեան)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Մարզպետ (Ղազար Ղազարեան)''', ծնած է Թամզարա 1878ին։ Մանուկ հասակէն ո...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

13:43, 4 Ապրիլ 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Մարզպետ (Ղազար Ղազարեան), ծնած է Թամզարա 1878ին։ Մանուկ հասակէն որբացած՝ կու գայ Կոստանդնուպոլիս եւ Պէզճեան վարժարանին մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, հօրեղբայրը զինք կ'ուղարկէ Միւնիխ, ուր կ'աւարտէ իր մասնագիտութիւնը։ Հոնկէ մեկնելով Պուլկարիա՝ պահ մը կը զբաղի ուսուցչութեամբ, ապա իր պատկանած կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կ'անցնի Պարսկաստան, եւ Խոյի մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ կը կարգուի։ Կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն, մանաւանդ զէնքի փոխադրութեանց գործը ստանձնելով։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին՝ կը մեկնի Թուրքիա եւ Բաղէշի մէջ գլխաւորաբար զարկ կու տայ կրթական գործին, մտնելով ամէն խաւէ ներս։ Կու գայ Պոլիս եւ կը վարէ Եէնի Գաբուի դպրոցին տեսչութիւնը քանի մը տարի, ապա Պուլկարիա կ'ուղեւորուի կազմակերպական գործերով։ Ձերբակալուած ու աքսորուած է։


Աշխատություններ

  • Թռուցիկի ձեւով հրատարակած է ՙԶուլումաթ՚ի զինուոր Օհաննէսի կենսագրութիւնը, իսկ Պոլիս՝ ՙՄանկական աշխարհը՚։

Աղբյուրներ