«Մեծ Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 43.
Եւ սքանչելի խորհրդակից, զի:Եւ Աստուած հզօր իշխան, զի:Եւ իշխան խաղաղութեան, Հայր հանդերձելոյ յաւիտենին Տէր Աստուած ընդ մեզ է:
Եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
 
===== ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ իր Արարողութիւններով: ԱՐԵՒԱԳԱԼ, ՀՍԿՈՒՄ, ՄԻՋԻՆՔ =====
Դարերէն մեզի փոխանցուած` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արարողութիւններուն հոգեթով ներշնչումով կը շարունակուին Մեծ պահոց յատուկ արարողութիւնները:
===== Արեւագալի Արարողութիւն =====
Առաւօտեան ժամերուն մեր եկեղեցիներուն տեղի կ՛ունենայ վեց շաբաթներու վրայ, շաբաթական երկու ժամերգութիւններով եւ մեղքերէ հեռու մնալու «Հրաժարիմք» աղօթքով:
Միջնադարեան մեր սրբազան գրականութիւնը կը հնչէ Մեծ պահոց շաբաթներուն, Արեւագալի լոյսին փառաբանանքով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս»: Ի՜նչ խորհրդաւոր, հոգեշունչ, մարդը Աստուծոյ միացնող տրամադրութիւն, 21-րդ դարու գիտութեամբ յագեցած այս դարուն, գիտութիւն, որուն բարիքին կը խառնուի չարիքը, որ մեզ կը հեռացնէ աստուածայինէն, բնութեան բարիքէն եւ անոր շնորհքէն:
 
===== Հսկումի Արարողութիւն =====
Նոյնպէս շաբաթական երկու երեկոներ` չորեքշաբթի եւ ուրբաթ երեկոները յատուկ ժամերգութեամբ կը փառաւորուին մեր սուրբ հայրերուն ստեղծագործած աղօթքները:
Մեր ժողովուրդին սիրած աղօթքի պահն է, Աստուծոյ հետ զրուցելու ժամը, մանաւանդ երբ Գրիգոր Նարեկացին է յիշեցնողը «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս»: Նարեկացիին խնդրանքները կը շարունակուին: Քիչ ետք Ներսէս Շնորհալին կը խօսի իր «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուներէ բաղկացած սքանչելի աղօթքով:
 
===== ՄԻՋԻՆՔԸ =====
Մեծ պահոց եօթը շաբաթներուն կէսը` մէջտեղը յիշեցնող օրն է, որ կը զուգադիպի չորեքշաբթի օրուան: Եկեղեցական տօն մը չէ, չունի յատուկ արարողութիւն, որովհետեւ պարզապէս թուական մը կը յիշեցնէ:
 
 
[[Պատկեր:Example.png|մինի|Caption text]]
Տող 51 ⟶ 65՝
[http://www.http://sharakanner.blogspot.ae]
[http://www.youtube.com]
[http://www.aztagdaily.com/archives/7637]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեծ_Պահք» էջէն