«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 6.
Մաշտոցի կեանքի ու գործունեութեան վերաբերեալ կան վաւերական աղբիւրներ, այդ թուականի անոր ժամանակակից եւ դէպքերու ականատես [[Կորիւն (արեւմտահայերէն)|Կորիւն]]ի «Վարք Մաշտոցի», նաեւ [[Մովսէս Խորենացի]]ի, [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]]ի, [[Մովսէս Կաղանկատուացի]]ի, Կարապետ Սասնեցիի ընդարձակ վկայութիւնները (շուրջ 30 հին եւ միջնադարեան աղբիւրներ)։
 
== Կենսագրութիւն ==
== կենսագրութիւն ==
Մեսրոպ Մաշտոց՝ ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տնից»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[Յունարէն|յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ (մօտ [[385]] − [[388]] թթ․) թագաւորի արքունիքին մէջ , եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ Մօտ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն գաւառ |Գողթն գաւառ]]ը, ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիք (արեւմտահայերէն)|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունեութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսի նախաձեռնութամբ հրաուիրուած է յատուկ ժողովի։