«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ փոխարինվեց: ջ , → ջ, oգտվելով ԱՎԲ
Տող 38.
== Կենսագրութիւն ==
Մեսրոպ Մաշտոց՝ ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տնից»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ (մօտ [[385]] − [[388]] թթ․) թագաւորի արքունիքին մէջ , եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ Մօտ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն գաւառ]]ը, ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիք (արեւմտահայերէն)|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունեութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսի նախաձեռնութամբ հրաուիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտ 404-ին [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսի հետ։ Մօտ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս II- կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ յետոյ հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդի դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսի հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոցձորցին։