«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 46.
=== Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող ===
[[Պատկեր:Giovanni Battista Tiepolo. Mesrop Mashtots.jpg|ձախից|մինի|250px|Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)]]
Թէեւ [[քրիստոնէութիւն]]ը Հայաստան մուտք գործած էր Ա. դարուն եւ [[301]]-ին [[Քրիստոնէութեան ընդունումը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն|Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն]], բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս [[քրիստոնեայ]] էր, երկրին մէջ եղածգտնուող Աստուածաշունչ մատեանները, եկեղեցական այլ երկեր յունարէն կամ [[ասորերէն]] էին, [[ժամերգութիւն]]ները եւ [[ծէս]]երը կը կատարուէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց [[Աստուածաշունչ]]ը երբ հրապարակաւ կը կարդար, անմիջապէս [[բանաւոր]] կը թարգմանէր [[հայերէն]]՝ի՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթն]]ի մէջ կատարած [[քարոզչութիւն]]ը Մաշտոցի մէջ կը հաստատէ հայերէն [[գիր]] ու [[գրականութիւն]] ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ [[387]]-ին Բիւզանդիոնի եւ [[Պարսկաստան]]ի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի [[Արեւելեան Հայաստան|արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Հայաստան|արեւմտեան]] մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր [[Բիւզանդիոն]]ին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, [[եկեղեցի]]ն ենթակայ էր [[յունական եպիսկոպոսութիւնը|յունական եպիսկոպոսութեան]], եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն [[յունարէն]]ն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ[[ դպրոց]]ներու, [[համալսարան]]ներու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ [[ասորերէն]]ը, [[եկեղեցական]]ներու զգալի մասը [[յոյն]]եր ու [[ասորի]]ներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։
 
==== Հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ====
Արեւմտեան մեծ թիւով գաւառներու մէջ յունարէնն ու յունական կենցաղը կ'արմատանային հայ ընտանիքներուն մէջ։ Արքունիքին մէջ պաշտօնավարելու ընթացքին եւ անկէ ետք Մաշտոց կանխագուշակած էր հայկական ինքնուրոյն պետութեան մօտալուտ անկումը։ «Տեսնելով, որ հայոց թագաւորութեան վերջը հասած է, Մեսրոպ (երկրին) խռովութիւններն իր համբերութեան նիւթ կը դարձնէ» ([[Մովսէս Խորենացի]], [[Պատմութիւն Հայոց]], 1968)։
 
Այսպէս Մաշտոցի համար հայ դպրութեան հրատապ ստեղծումն ունէր հետեւեալ նպատակները.
Տող 60.
==== Սահակ Պարթեւ ====
[[Պատկեր:Mesrop1776t.jpg|մինի|Մեսրոպ Մաշտոց]]
387-ին կաթողիկոս դարձած [[Սահակ Պարթեւ]]ը, որ միշտ եղած է ազգակեդրոն քաղաքականութեան յառաջամարտիկ եւ Մաշտոցի գլխաւոր յենարանը անոր գործունէութեան սկիզբէն ի վեր, ունեցած է նոյն մտահոգութիւնը։ Գալով [[Վաղարշապատ]]՝ Մաշտոցը կաթողիկոսին կը յայտնէ իր ծրագիրը եւ անմիջապէս կը ստանայ անոր լիակատար հաւանութիւնը։ Ժողով մը կը գումարուի՝ նուիրուած հայերէն գիր ունենալու հարցին։ Վռամշապուհ թագաւորըթագաւոր հաւանութիւն կը յայտնէ, որ Ասորիքի մէջ Դանիէլ անունով եպիսկոպոսի մը քով հայերէն գիրեր կան։ Ժողովի խնդրանքով թագաւորը հայ գիրերու նախանձախնդիր Վահրիճ անունով իշխան մը կ'ուղարկէ Դանիէլին մերձակից Հաբէլ երէցին քով։ Վերջինս, ԴանիելէնԴանիէլէն առնելով գիրերը, Վահրիճին հետ կը բերէ Հայաստան։ Այստեղ կը հիմնուին դպրոցներ, Մաշտոց կը ստանայ վարդապետի (ուսուցիչի) կոչում եւ կը սկսի մանուկներուն հայոց լեզու ուսուցանել բերուած գիրերով։ Սկիզբ կը դրուի հայերէն դպրութեան։ Շուրջ երկու տարուան դասաւանդումէն ետք կը պարզուի, որ դանիէլեան նշանագրերը ժամանակի հայերէնն արտայայտելու համար անբաւարար են ու անյարմար լեզուի վանկարկման եւ ուսուցման տեսակէտէն. «… հասկցան, որ այդ նշանագրերը բաւական չեն հայերէն լեզուի կապերն ամբողջութեամբ արտայայտելու համար»։ [[Դանիէլեան նշանագրեր]]ու մասին բանասէրները հակադիր ենթադրութիւններ ըրած են։ Թէեւ անոնցմով որոշ շրջան մը [[հայերէն]] գրուած է, բայց Մաշտոցի օրով անոնք բաւարար չեն եղած հայերէն դասաւանդելու եւ հայոց դպրութիւն ստեղծելու համար։
 
Սահակ Պարթեւի երաշխաւորութեամբ, թագաւորին հրամանով այս անգամ Մաշտոց իր աշակերտ-օգնականներուն հետ, կ'երթայ Ասորիք։ Ամիդի, ապա Եդեսիոյ մէջ, հայոց գիրերուն մասին կը խորհրդակցի ասորի հոգեւորականներու հետ, բայց ապարդիւն։ Աշակերտներէն մէկ մասին ասորական կրթութիւն կու տայ Եդեսիոյ մէջ, միւս մասը կ'ուղարկէ հիւսիս Սամոսատ՝ յունական կրթութեան։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց ստեղծագործական երկունք կ'ապրի, «… Ան շատ նեղութիւններ քաշեց իր ազգային մէկ բառին օգնութիւն գտնելու համար»