«Միհրան Ասքանազեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] [[Գատըգիւղ]] թաղամասը։ Անդրանիկ սանն է Պոլսահայ մանկավարժ ու հրապարակագիր՝ [[Ռեթէոս Պէրպէրեան|Ռեթէոս Պէրպէրեանի]]։ Պատանի տարիքէն նետուած է ուսուցչական ասպարէզ, դասաւանդելով [[Հայերէն|հայ լեզու։լեզու]]։ Ուսուցչագործած է Պոլսոյ Կեդրոնական, Պէրպէրեան, Արամեան, Մեզպուրեան վարժարաններուն մէջ։ Տնօրէն եղած է Ռոտոսթոյի ազգային վարժարանին։ 1896ին գաղթած է Եգիպտոս։ Հոն շարունակած է վարել ուսուցչական պաշտօններ մինչեւ իր մահը՝ 20 Դեկտեմբեր 1904ին։
 
== Աշխատութիւններ ==
Ասքանազեան 4 Յունուար 1891էն սկսեալ հրատարակած է «Ծաղիկ Մանկանց» կրթական շաբաթաթերթը՝ 22 թիւ, որ Պոլսահայ ուսուցիչներու կողմէ գրուած մասնագիտական յօդուածներ կը պարունակէր։ Եգիպտոս տեղափոխութենէն ետք՝ 1903 - 1904ին հիմնած է տպարան, ուրկէ լոյս ընծայած է «Պարտէզ» գրական, գիտական, մանկավարժական թերթը, որ իր մահուամբ կը դադրի գիրծելէ։«Պարտէզ»ի մէջ հեղինակած է «Մտային Հովեր» անուն յօդուածաշարք մը։ Աշխատակցած է նաեւ Եգիպտոսի [[Փեթակ հանդէս|«Փեթակ» հանդէսին՝հանդէսին]]՝ «Մեղրածած» ծածկանունով։<ref>{{cite book|author=Թէոդիկ|title=Ամենուն Տարեցոյցը|publisher=|location=Կ. Պոլիս|year=1911|page=244}}</ref>
 
== Երկեր ==
Տող 43.
 
== Աղբիւրներ ==
Պոտուրեան Հ. Մկրտիչ Վ., Հայ Հանրագիտակ, Հատոր Բ., [[Պուքրէշ]], 1938