«Լալա Միսկարեան-Մինասեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Լալա Միսկարեան-Մինասեան ծնած է մանկավարժներու ընտանիքի մէջ. ինքզինք լոռեցի կը համարէ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինին մէջ: Համալսարանական տարիներուն կը հանդիպի ապագայ ամուսնուն` Բիւզանդ ՄիսկարեանինՄինասեանին, կ'ամուսնայ ու [[Երեւան]]ի մէջ կ'ունենայ առջինեկը։ 1973-ին կը տեղափոխուին [[Հալէպ]]: Հալէպի մէջ ծնած է երկրորդ տղայ զաւակը<ref>[http://www.yerepouni-news.com/archives/329711 ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»-Ը` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՉԾԱՂԿԱԾ ԳԱՐՈՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ]</ref>:
 
== Գործունէութիւն ==
Աշխատանքային գործունէութիւնը կը սկսի [[Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան]]ին մէջ. այդ Միսկարեան-Մինասեանին մանկավարժական գործունէութեան դարբնոցը կը դառնայ, ուր կ'աշխատի մինչեւ 60-ամեակը, որմէ յետոյետք, 5 տարի եւս, կը պահեն զինք:
 
Կ'աշխատի «Մխիթարեան» վարժարանին մէջ, 2011- 2014 թուականներուն կը դասաւանդէ Սարգիս Ջեմպերճեան [[Կրթասիրաց Վարժարան (արեւմտահայերէն)|Կրթասիրաց վարժարան]]ին մէջ, կարճ ժամանակով մը կ'աշխատի նաեւ Կիլիկեան» ճեմարանին մէջ, հիմնադրութեան օրէն ի վեր` ես նաեւ Համազգայինի հայագիտական ամպիոնէն ներս կը դասախօսէ:
 
== Երկեր ==
2007-ին լոյս կ'ընծայէ իր առաջին գիրքը «Յոյսի Հորիզոններ» հատորը: Հատորը կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով, իսկ 20 Նոյեմբեր 2007-ին, Հալէպի մէջ տեղի կ'ունենայ հատորին գինեձօնը<ref>[http://www.hamazkayin.com/news/%D5%A3%D5%AB%D5%B6%D5%A5%D5%B1%D6%85%D5%B6-%D5%B5%D5%B8%D5%B5%D5%BD%D5%AB-%D5%B0%D5%B8%D6%80%D5%AB%D5%A6%D5%B8%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%B8%D6%80%D5%AB%D5%B6/ ԳԻՆԵՁՕՆ «ՅՈՅՍԻ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ» ՀԱՏՈՐԻՆ]</ref>։ Ապա, լոյս կ'ընծայէ «Հող ու Երկինք» հատորը,հատորը՝ 2010<ref>[http://www.haigazian.edu.lb/Libraries/Documents/Derian_June_2017.pdf Հայկազեան Համալսարան, Տէրեան Հայագիտական Գրադարան, Նոր Դասաւորուած Գիրքեր]</ref>։ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով։
 
2016-ին, Լա­լա Միս­կար­եան-Մի­նաս­եան կը հեղինակէ՝ սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի ցաւէն, տառապանքէն ծնունդ առած օրագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ պատերազմի արհաւիրքը, «Սուր­ի­ա­կան Օրագ­րու­թիւն» խո­րագ­րով<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/328858 «Սուրիական Օրագրութիւն» Հատորի Շնորհահանդէս]</ref>: Գիրքը կը բաղկանայ 374 էջերէ<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/290423 Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)]</ref>: Հրա­տա­րա­կու­թիւն` Մե­ծի Տանն Կի­լիլկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի» գրա­կան մր­ցա­նա­կին, խմբագրութեամբ` տոքթ. Ար­մե­նակ Տէր Եղ­իայ­եա­նի, թիւ 83, Տպա­րան Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ, Ան­թիլ­ի­աս-2016:
 
Իսկ 2017-ին լոյս կ'ընծայէ «Ծիրանի ոգիներ» պատմուածքներու հատորը։ Հատորը կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==