«Վիգէն Շարոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ «Խմբագրում եմ» կաղապարի հեռացում (վերջին խմբագրումը՝ 4 օր առաջ)
No edit summary
Տող 51.
 
Փոքրածաւալ իր գծանկարները մեծ են իր բնութապաշտութեամբ:
 
 
ww.normarmara.com/gensakragan.html
 
Բնութեան գաղտնիքները անսահման են
 
Տեսնել գեղեցիկը, որսալ հրաշքը եւ յաւերժացնել գոյներով եւ գծերով , այդ արարման պահը որ կը կոչուի արուեստ:
 
Այդ օժտեալներէն է վիգէն Շարոյեանը:
Կարծես ձեռակերտ չեն Վիգէնի գունագեղ պատկերները: Անոր լուսաւորած աշխարհի սպառիչ մեկնութիւնը կարելի չէ տալ քանի որ անոր տեսանելի պատկերները մարդու ներաշխարհի եւ տիեզերքի ընկալման հատած լուսաճեղքեր են
 
Վիգէնը կը պաշտէ բնութեան բոլոր տարրերը՝ երկինքը , հողը եւ ջուրը , անոր գործերուն մէջ կիշխէ նորին մեծութեան բնութիւնը, տիեզերք, որոնք ընդերքին մէջ Վիգէնը կը որոնէ եւ կը գտնէ նոր հորիզոններ եւ կը նկարէ :
 
Անոր գոյները պարզ են եւ մաքուր , անոնք արեւային, հողեղէն եւ երկնային:
 
Անվերջանալի շարժում կայ գործերուն մէջ, անսահման տարածք, հզօր վազք, արեւային լոյս եւ տաքութիւն:
 
Անոր գործերը տօն են բնութեան բոլոր տարրերու , պահերու եւ տեսանելի տեսիլքներու:
Երազայինը կը դառնայ տեսանելի Վիգէնի մասնագիտութեամբ Հիւսուածքի տիզայներ է , այդ անոր աշխատանքային ոլորտն է, բայց անոր սիրտը, նկարիչի սիրտը կը սաւարնի տիեզերական անհունները:
 
Սասունցիներու հզօր ոգին ծնած է Սուրիային մէջ, ապրելով եւ կայանալով այդ հողին վրայ բայց իր մտածողութեամբ ան աշխարհի զաւակն է անոր պանթեիստակոն հոգին երկրպագում է բնութեանը ինչի մէջան գտած է իրեն հարազատ ոգի մեր Բիբլիաան հողը ծնում է եւ շռայլօրէն կը նուիրէ աշխարհին իր զաւակներուն:
 
Վիգէնը յայտնաբերեց Հայաստանը երեք տարի առաջ, բայց պարզուեցաւ որ Հայաստանը միշտ ալ ապրած է անոր երազներուն, տեսիլքներուն մէջ եւ այդ երազը սքանչելի էր:
 
Ան սիրահարուեցաւ եւ գտաւ իր կերպարներու գոյներու գիծերու նոր կառուցուածքներ եւ սիմվոլներ:
 
Հայաստանին նուիրուած շարքերը տակաւին առջեւում են երազներում:
 
 
 
Բնութեան ոգին, թաքնուած անտառներուն, լեռներուն թափառող դաշտերուն, երկնքի , անյայտ անտեսանելի , լուռ կը յայտնուին նկարիչին, կը դառնան տեսանելի եւ կը յաւերժանան անոր գոյներով:
 
 
 
Արեւային ներկապնակը կիշխէ գոյներու Վիգէնեան ներկապնակին մէջ :
 
Վիգէնի անսահման ազատ, արուեստով յարբեցած ոգին կը շրջի տիեզերական լարերուն որոնելով իր էութեան , գոյատեւման առեղծուածը, բնապաշտ, պանթեիստ Վիգէնեան վրձինը շռայլօրէն կը նուիրէ որ անսանց փառահեղ գոյներու աշխարհին
 
 
 
== Տե՛ս նաեւ ==