«Միքայէլ Վարանդեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 11.
 
== Խմբագրութիւն ==
1898 Մարտին, Վարանդեան կը ստանձնէ Դրօշակի խմբագրութիւնը, երբ Ռոստոմ եւ Վռամեան կը մեկնին [[Կովկաս]], Դաշնակցութեան 2-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Այնուհետեւ, կարճ ընդհատումներով, ան կը մնայ Դրօշակի մէջ, մինչեւ [[Առաջին համաշխարհային պատերազմ|առաջին համաշխարայինհամաշխարhային պատերազմը]], իր հետ ունենալով ուրիշներ ([[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]], [[Էտկար Ակնունի|Ակնունի]], [[Յովնան]] եւ այլն) ու երբեմն ալ մինակ: 1906ին եւ 1915ին, ոչ երկար ժամանակով, կ'անցնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], կը գտնուի [[Յառաջ (քաղաքական շաբաթաթերթ, Լիբանան)|Յառաջի]] եւ [[Հորիզոն (թերթ, Թիֆլիս)|Հորիզոնի]] խմբագրութեան մէջ: Իր կեանքի մէծ մասը կ'անցընէ արտասահմանի մէջ, իբրեւ գործիչ խմբագիր եւ ղեկավար:
 
Վարանդեան կը մասնակցի Հ.Յ.Դ [[Վիեննա|Վիեննայի]] եւ ուրիշ ընդհանուր ժողովներու: Դրօշակի խմբագրի հանգամանքով՝ կ'անդամակցի Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին: 1907էն սկսեալ դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվարական Միջազգայնականին մէջ, բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատէ Ժոռէսի, Փրէսասէի, Ռնոտելի, կաուցկիի, Պէպէլի, Վանտերվելտի եւ ուրիշ եւրոպացի առաջաւոր դէմքերու հետ: