«Քրիստափոր Միքայէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 29.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Քրիստափոր Միքայէլեան''' ([[1859]], [[Նախիջեւան]] - [[17 Մարտ]], 1905, [[Պուլկարիա]] (Վիտոշ լերան լանջին)), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն,Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու կեդրոնական դէմքը, որ մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անկրկնելի բարձունք մը նուաճած է իբրեւ հայու յեղափոխական կամքին ու յանդգնութեան, այլեւ մարտունակ ուժին եւ կազմակերպական տաղանդին մարդակերտ դարբինը:
 
== Կենսագրութիւն ==
[[Պատկեր:Քրիստափոր Միքայելյանի կիսանդրին Գյումրիում 01.jpg|մինի|ձախից|Քրիստափոր Միքայէլեանի կիսանդրին՝ Գիւմրիի մէջ]]
Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է 18 Հոկտեմբեր, [[1859]]-ին, Նախիջեւանի [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթն գաւառ]]ի վերին Ագուլիս գիւղը։ 4 տարեկանին կըկորսնցուցած կորսնցնէէ մայրը, իսկ 10 տարեկանին` հայրը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ծխական դպրոցը։ [[1876]]-ին, ընդունուած է [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի ուսուցչական հիմնարկը, որու ընթացքը աւարտած է [[1880]]-ին։ 1880-1884-ին ուսուցչական պաշտօն վարած է ծննդավայրին Վերին [[Ագուլիս (արեւմտահայերէն)|Ագուլիս]]ի մէջ: Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ կ'արմատաւորենարմատաւորած են յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը:Կը, տեսնէմանաւանդ երբ տեսած է ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ:Ճիգ Կըչէ ծառանայխնայած ծառանալու այն բոլոր անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց կ՛ենթարկուէր հայ ժողովուրդը ցարական պաշտօնէութեան կողմէ պարզապէս այն պատճառով, որ հայ էր…: Ռուսական «Նարոտնայա վոլեա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանին, երբ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն, Քրիստափոր եւս անմիջապէս կըմիացած միանայէ անոնց, ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով եւ հետագայ տարիներուն այդ կապերը ամրապնդելով:
Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով` Քրիստափոր մօտէն շփում կը հաստատէհաստատած է հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային-ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ` յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ»-ին շուրջ խմբուած մտաւորականութեան ծանօթանալով: Այդ շրջանին է, որ Քրիստափորի մէջ կը սկսիսկսած է ձեւաւորուելու ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում յառաջացնելու գաղափարը: Եւ երբ 1885-ին ցարական կառավարութիւնը կ'որոշէորոշած է փակել 400 հայ դպրոցներ` անոնց 20 հազար աշակերտութիւնը եւ 3 հազար ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով կըձեռնարկած ձեռնարկէէ ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին:
1885-1887 թուականներուն իբրեւ ազատ ուկնդիր ուսանած է Մոսկուայի համալսարանը։
1887-ին, իր նախաձեռնութեամբ ստեղծած է «[[Երիտասարդ Հայաստան]]» կազմակերպութիւնը։
 
== «Հայ Յեղափոխականների դաշնակցութիւն» կուսակցութեան հիմնում ==
[[Պատկեր:Founders of the Armenian Revolutionary Federation Stepan Zorian, Christapor Mikaelian, Simon Zavarian.jpg|մինի|Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադիրներ՝ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան), Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սիմոն Վրացեան]]
Արմէնական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին: Քրիստափոր կը ձեռնարկէ ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին: Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն կը յայտնէ Դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց Հնչակեան կեդրոնը հետագային կը մերժէ միանալ նորակազմ հոսանքին եւ այդպէ՛ս, [[1890]]-ի ամրան,[[Թիֆլիս]]ի մէջ, [[Սիմոն Զաւարեան]]ի եւ [[Ստեփան Զօրեան]]ի (Ռոստոմ) հետ հիմնածկը էհիմնէ «[[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւնը]]» (Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը) եւ դարձած՝կը դառնայ՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամը եւ ղեկավարող դէմքը։
[[1891]]-ին ձերբակալուածձերբակալուելով եւ աքսորուած էկ'աքսորուի Պեսարապիա՝ Քիշնեւ։ Սակայն այնտեղ հանգիստ չի մնար։ 1891-ին գաղտնի կ'անցնի Ռումանիա եւ կը կազմակերպէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ» թերթի հրատարակութիւնը։ [[1892]]-ի ամրան կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. առաջին ընդհանուր ժողովին։ Այդ ժողովին կը հաստատուի Հ.Յ.Դ ծրագիրը, որու հեղինակներէն մէկն էր Քրիստափոր։ Քրիստափոր կը յաջողի ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն համախմբող աւազանը, ուր իրարու կը կապուին անխտիր բոլորը` երկու տարի ետք, 1892-ին, Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովին, պաշտօնապէս վերածուելու համար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:
Այնուհետեւ կը սկսի նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը: Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար` Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ կը դնէ Հ.Յ.Դ.-ի պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»-ը, որուն էջերուն մէջ լոյս կը տեսնեն Դաշնակցութեան ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները: Քրիստափոր նաեւ կը հաստատուի Ժընեւ` «Դրօշակ»-ի կողքին արտասահմանեան քարոզչութիւնը կազմակերպելու, «Փրօ Արմէնիա»-ն հիմնելու եւ երկրի մէջ ծաւալած կենդանի պայքարին ի սպաս Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ շարժում յառաջացնելու համար:
Ժողովը կ'ընտրէ Հ.Յ.Դ անդրանիկ Բիւրոն, որու անդամ էր նաեւ Քրիստափոր։ [[1895]] Հոկտեմբերին ան դարձեալ կը ձերբակալուի մինչեւ 23 Մարտ,[[1896]] Պաքուի բանտին մէջ։ Քրիստափոր ազատ կ'արձակուի միայն 2000 ռուբլիով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով։ Այնուհետեւ Քրիստափոր իր ուժերը կը կենդրոնացնէ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման ուղղութեամբ, որու նպատակն էր պատժել հայութեան համար պատուհաս դարձած կրթական Մազրիկ ցեղը։ [[1898]]-ին կայացած [[Հ.Յ.Դ.]] երկրորդ ընդհանուր ժողովի որոշմամբ Քրիստափոր կը մեկնի [[Ժընեւ]], ուր կը զբաղի «[[Դրօշակ]]» թերթի խմբագրման եւ քարոզչական գործունէութեամբ։ Այս ընթացքին ան կը գրէ իր «Ամբոխային տրամաբանութիւնը» (հրտ. [[1909]]), «[[Կովկասահայ Տագնապը]]» (հրտ. [[1903]]), գործերը, ուր պաշտպանած է ցոյցեր, արշաւանքներ, ահաբեչական գործողութիւններու միջոցով Արեւմտեան Հայաստանն ազատագրելու Հ.Յ. Դաշնակցութեան ծրագիրը։ Իր նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր [[1900]]-ին [[ժընեւ]]ի մէջ կը հրատարկուի ֆրանսալեզու, «Փրօ Արմենիա» թերթը, որու կը թղթակցին ժամանակի ֆրանսական շատ յատնի հայագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ/ [[Անատոլ]] Ֆրանս, Ժան Ժորես, Թոնի Կոշէն, Ժորժ Քլեմանսօ եւ այլն։ Քրիստափոր կը վերադառնայ Կովկաս եւ Իր նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի եւ գործունէութիւնը կը ծաւալէ նաեւ Հ.Յ.Դ. յայտնի «[[Փոթորիկ]]» խումբը, որ իր գործունէութիւնը սկսած է [[1901]]-ին՝ 1890-ականներու վերջերուն։ Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը՝ յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով, ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը։ Ան հայ ունեւոր խաւը կը դնէ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ, ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը խնդրած էին ընդդէմ հայ յեղափոխականներուն։
Վրայ կը հասնին պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ՝ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը, Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդեր։ Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր՝ բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռիւի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում առաջացնելով։
Տող 50 ⟶ 51՝
 
Քրիստափոր անհունօրէն բարի եւ միեւնոյն ատեն բարկացող եղած է։ Իր ընկերներուն հանդէպ ներողամիտ, բայց անգութ՝ կեղծիքի, սուտի, անազնուութեան եւ խարդախութեան դիմաց։ Այդպիսի պարագաներուն ոչ մոռնալ գիտցած է եւ ոչ ներել։
Քրիստափոր ունեցած է ազնուական բնաւորութիւն։ Անոր իւրաքանչիւր խօսքէն, վերաբերումէն կամ նամակէն միշտ բխած է գաղափարական ընկերայնութեան ոգին, որ այնքան ջերմութիւն հաղորդած է դաշնակցական մթնոլորտին։ Ամէն տեսակ զրկանք կրած է իր ընկերներու սիրոյն։ «ՍիրեցէքՍիրեցէ՛ք միմեանց» ըսած է յաճախ ընկերներուն։
Քրիստափոր ապրած է ծայրայեղօրէն համեստ պայմաններու տակ։ Հակառակ տիկնոջ խելացի խնայողութեան, նիւթական եկամուտը չէ բաւած «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն։ Քրիստափորի մտերիմ ընկերներէն մէկը անոր յանձնած է շատ նեղ շրջանակի մէջ հաւաքուած գումար մը, յատկապէս Քրիստափորի անհատական ծախսերուն համար։ Քրիստափոր, ժպտալով, ստացած գումարը արձանագրած է խմբագրութեան հաշուեմատեանին մուտքերու բաժնին մէջ։ Ընկերը բացատրած է, թէ գումարը յատկապէս իրեն համար էր. ««Դրօշակ»ին աւելի պէտք է». եղած է պատասխանը։
Քրիստափոր միշտ պատրաստ եղած է զոհաբերութեան՝ ծանօթ կամ անծանօթ կարօտեալներուն համար։ Բայց մեծագոյն սէրն ու զոհը պահած է մանաւանդ իր պաշտած Հայաստանին։ Անոր հոգին նոյնացած է Հայաստանի հետ։ Հայրենիքի տառապանքը իր հոգիին ամէնօրեայ տառապանքը եղած է։ Այդպէս է, որ գնացկ'երթայ մարդասպանին դէմ՝ արդար պատիժ տալու։ Իր յղացած ձեռնարկը ինք պէտք է իրագործէր։ Այդ սուրբ արարքով, Քրիստափոր գործի վերածած է իր գաղափարները։