«Մոլեռանդութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Ֆանատիզմ}} '''Մոլեռանդութիւն''' ({{lang-gr|Φανατισμός}}, {{lang-lat|fanatismus}} — {{lang-lat|fanaticus}}...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

05:01, 23 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Մոլեռանդութիւն (Կաղապար:Lang-gr, լատիներէն՝ fanatismus — լատիներէն՝ fanaticus-էն, «մոլեռանդ» — լատիներէն՝ fanum-էն «տաճար»[1]) կոյր, անվերապահ հետեւում համոզմունքներուն, յատկապէս կրօնա-փիլիսոփայական շրջանին, ազգային եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ. ծայրայեղութեան հասած կապուածութիւն ինչ-որ գաղափարներու, հաւատալիքներու կամ տեսակէտներու, սովորաբար կը համադրուին օտար հայեացքներու եւ համոզմունքներու անհանդուրժողականութեան հետ։ Սեփական համոզմունքներու ընկալման քննադատութեան բացակայութիւն։ Մոլեռանդ՝ մոլեռանդ մարդ (ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստներով)։

Մոլեռանդութեան Ընկալումները

Մոլեռանդութիւնը, ինչպէս յուզական արտայայտին մէջ, կը բնութագրուի չափէն դուրս մղումով, ոգեւորումով, մոլեգնութեամբ, իր (աւելի յաճախ ծայրահեղ կրօնական կամ քաղաքական) համոզմունքներու կոյր հաւատքով, սեփական պաշտամունքու եւ իր հետեւորդներու, «յանձինս իրեն», առաւելութեամբ եւ բացառիկութեամբ։

Պատկեր:Ֆանատիզմ.jpg
Կրօնական մոլեռանդութեան դրսեւորում աղանդաւորականներու մօտ

Ըստ ամերիկացի փիլիսոփայ Ճորճ Սանտաեանայի՝ «Մոլեռանդութեան էութիւնը կը կայանայ ջանքերու կրկնապատկման մէջ, երբ մոռցուած է նպատակը»[2]. ըստ Ուինսթըն Չերչիլի՝ «Մոլեռանդը ան է, որ ի վիճակի չէ փոխել իր որոշումը եւ երբէք չի փոխեր թեման»։ Այս երկու բնորոշումներն ալ կը նախատեսեն ծայրահեղ խիստ պահանջներու ներկայացման եւ անհանդուրժողականութիւն որեւէ շեղումներու հանդէպ։

Մոլեռանդի եւ երկրպագուի տարբերությունը այն է, որ մոլեռանդի պահելաձեւը կը դիտարկուի որպէս ընդունուած ընկերային վիճակներու խախտում այն պարագային, երբ երկրպագուն այդ վիճակները չի խախտեր (չնայած որ պահելաձեւը կարող է տարօրինակ թուիլ)[3]։ Երկրպագուները եւ մոլեռանդները կը միաւորէ իրենց ամենակուլ ցանկութիւնը, սէրը այս կամ գործունէութեան ոլորտի, զբաղմունքի, հակուածութեան, մարդու նկատմամբ։

Այսպէս կոչուած տարօրինակ մարդիկ մոլեռանդներէն կը տարբերին գաղափարներով, որոնք իրենք կը դաւանեն եւ զբաղմունքներով, որոնցմով իրենք կը զբաղին, սովորաբար անվնաս են, բայց խիստ կը տարբերին համընդհանուր պատկերացումներէն կամ շրջապատող մարդկանց կենսակերպի սովորական պահուածքէն։ Ինչ կը վերաբերի մոլեռանդներուն, ապա իրենց երկրպագութեան առարկան կամ հետաքրքրութիւնները իրենք իրենցմով կրնան դիտարկուիլ որպէս «բնական», եւ միայն մոլեռանդութեան աստիճանը շրջապատողներուն կը թուի չափէն աւելի կամ «անբնական»։

Մոլեռանդութեան Դասակարգում

Մոլեռանդութեան միասնական դասակարգումը կը բացակայի։ Գոյութիւն ունեցող դասակարգումներուն մէջ ալ կ'օգտագործուին համակարգման տարբեր սկզբունքներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գործածուի կախուած հետազոտութեան նպատակէն։

Գրականութիւն

Ծանօթագրութիւններ

  1. Օտար լեզուներու բառարան, 18-րդ հրատ., — Մ։ Русский язык, 1989. — էջ՝ 531
  2. Santayana, George. Life of Reason: Reason in Common Sense. (New York: Charles Scribner’s Sons)
  3. Thorne Scott; Bruner, Gordon C. (2006)։ «An exploratory investigation of the characteristics of consumer fanaticism»։ Qualitative Market Research: An International Journal 9 (1): 51–72։ ISSN 1352-2752։ doi:10.1108/13522750610640558 


Կատեգորիա:Բանականութիւն Կատեգորիա:Հաւատք Կատեգորիա:Խառնուածքներ Կատեգորիա:Հոգեբանութիւն