«Լեւոն Մոմճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն =Լեւոն Մոմճեան | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = | չափ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

16:11, 5 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Լեւոն Մոմճեան(1944), նկարիչ:

Կենսագրութիւն

Լեւոն Մոմճեան ծնած է Պէյրութ 4 Յուլիս 1944-ին: Յաճախած է Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ապա՝ Մելքոնեան, ուրկէ փոխադրուած է Թեհրան ծնողքին հետ: Տարի մը մնացած Թեհրան ուր կազմակերպած է երկու ցուցահանդէսներ որոնք առիթ մը կը ստեղծեն մղելու զինք դէպի կատարելագործում: Գ. Կիւլմէնքեան Հիմնադրութեան օժանդակութեամբ՝ մեկնած է Ֆրանսա ուսանելու Բարիզի Ազգային Գեղարուեստից Բարձրագոյն վարժարնին մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով տեղւոյն ուրիշ ակադեմեաներու:

Դեկտեմբերի կէսերուն Պէյրութի «Վանտոմ» ցուցահանդէսին մէջ իր ստեղծագործութիւններուն անդրանիկ ցուցահանդէսով մայրաքաղաքիս գեղարուեստասէր հասարակութեան պիտի ներկայանայ լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչ՝ Լեւոն Մոմճեանը:

Շնորհալի արուեստագէտն աւարտած է Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը: Մանկա-պատանեկան տարիներուն իսկ որոշ հակումեր ցուցաբերած է գեղանկարչութեան նկատմամբ եւ քաջալերուած իր անմիջական շրջանակէն: Ապա Բարիզ անցնելով հետեւած է նկարչական ակադեմիայի դասընթացքներու, ուր արժանացած է ֆրանսացի արուեստագէտներու խրախուսանքին:

Ուսանողութեան առաջին տարիներուն իսկ խլած է Փարիզի «Աննա Մէր»ի առաջնութեան մրցանակը որ՝ ընդհանրապէս կը տրուի երիտասարդ երաժիշտներու: Ինք այս մրացանակը ստացած է «Գերեզմանատունը» իւղանկարին համար:

Լեւոն Մոմճեան արդէն ուրոյն անհատականութիւն ունեցող նկարիչ մըն է: Ունի իր սեփական ոճը երանդապնակի պրիոմակէն անցնելով կը պաստառադրուի իւրայատուկ բանաստեղծականութեամբ: Թէեւ ենթական այլ նկարիչներու նման ուսանողական շրջանին ունեցած է որոշ ազդեցութիւններ եւ տատանումներ, սակայն ի վերջոյ հասած է որոշ կայունութեան մը, արտայայտելով ինքզինք որպէս ուրոյն անհատականութեան տէր արուեստագէտ մը:

Լեւոն Մոմճեանի գեղանկարները համակ արդիականութիւն կը բուրեն: Առանձին նիւթեր կամ կերպարներ որոնողը մը չէ ան, այլ՝ մտածումով ու խորհրդածութեամբ է որ կը դրսեւորուին իր վրձինի հպումները, որոնք առ հասարակ զերծ են շեշտուած վառ գոյներէն: Իր գոյներու եւ «ռիթիմ»ներու ցոլքն ունի աստիճանական զարգացում եւ որոնք՝ իրենց ընդհանրութեամբ կը շեշտեն անվիճելի առկայութիւնը գեղարուեստական բարձր ճաշակին{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|Գ}301-303}:

Ծանօթագրութիյուններ