«Միշէլ Մոսէսեան (ճարտարապետ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = Միշէլ Մոսէսեան | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = Photo...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:47, 3 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Միշէլ Մոսէսեան (Նոյեմբեր 11, 1959, Փարիզ) Ֆրանսահայ ճարտարապետ, Անգլիական ճարտարապետական թագաւորական հիմնարկի անդամ, լիցենցաւորուած ճարտարապետ: Միշէլ Մոսէսեան համաշխարհային ճանչցող ճարտարապետ է[1]:

Կենսագրութիւն

Ծնած է 1959 թուականին Փարիզի մէջ: Մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Փարիզի Գեղեցիկ արուեստներուն Ազգային դպրոցը (École Nationale des Beaux-Arts)։ Անկէ ետք շարունակած է Նիու-Եորք (Cooper Union), ճարտարապետութեան մագիստրոսի կոչումը ստացած է Հարուարտի համալսարանէն (Harvard Graduate School of Design)։

Մինչեւ 1992 թուական ներգրաուած էր շարք մը միջազգային նախագծերու «SOM» (Skidmore, Owings & Merrill) կազմակերպութեան շրջանակին: Այս կազմակերպութիւնը հանդիսանալով աշխարհի ամէնամեծ ճարտարապետական կազմակերպութիւններէն մէկը կը ներառէ շատ լայն աշխարհագրութիւն՝ նախագծելով խոշորագոյն կառոյցներ:

1993 թուականին խումբ մը ճարտարապետներ, ճարտարագետներու ու շրջակայ միջավայրի հարցերով զբաղվող մասնագետներու հետ համատեղ հիմնած է «a4A» խումբը: Այն միտուած էր նորարարական մօտեցումններու շնորհիւ մարդածին միջավայրին խնդիրներուն երկարաժամկէտ կայունութեան՝ երկրորդական դարձնելով առագ վերադարձելի տնտեսական եւ տեխնիկական գործոնները:

2001 թուականին անոր կրկրին կը հրաւիրեն Ամերիկեան SOM ընկերութեան, որպէս փոխ տնօրէն եւ նախագծի գլվաւոր ճարտարապետ: Շիգակոյի եւ Նիու-Եորքի գրասենեակներուն աշխատելէն յետոյ, 2005 թուականին Լոնտոնի Միշէթ Մոսէսեան կը հիմնէ իր սեփական նախագծային «Մոսէսեան եւ գործընկերներ» գրասենեակը[2]։

Մոսէսեան եւ Գործընկերներ

Միշէլ Մոսէսեան հիմնադրած կազմակերպութիւնը ձեռք բերաւ նորարարական կոմերցիոն նախագծերի լաւագոյն համբաւ, Ամերիկեան կորպորատիւ ճարտարապետութեան մասշտաբները, պատմականութիւնն ու հաւակնութիւնները համատեղելով մայրցամաքային Եւրոպայի նրբազգութեան ու ոճականութեան հետ: Անոնք շատ առագ տարածուեցին դէպի Արեւելեան Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք:

«Մոսէսեան եւ գործընկերներ» կազմակերպութիւնը այսօր իրական է նախագծեր Արաբական Թագաւորութիւնը, Քաթարի, Մորոքի, Չինաստանի, Փորթուկալի եւ այլն[3]։

Հիմնական Ճարտարապետական Աշխատանքներ

  • Տուհա հին քաղաքի կեդրոն տարածքի վերանորոգման նախագիծ, Քաթար
  • ՆԱՏՕ-ի նոր մասնաշէնքի եւ յարող տարածքի նախագիծ, Պրուսլ
  • Բազմաթիւ շէնքեր Լոնտոն[4]

Միշէլ Մոսէսեան դասաուանդած է Հարուարտի, Իլինոյսի, Շիգակոյի ու Փենսիլուանիայի համալսարաններուն:

Պատկերասրահ

Ծանոթագրութիւններ