«Յակոբ Գույումճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գույումճեան Յակոբ''', ծնած է 1842ին Թալաս ու մահացած է 22 Յունիս 1913, կը զբաղուի վաճարական...»:
 
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Գույումճեան Յակոբ''', ծնած է [[1842]]ին Թալաս ու մահացած է [[22 Յունիս]] [[1913]], կը զբաղուի վաճարականութեամբ: Հօրը հետ գացած է [[Կարին]] եւ առեւտրական ասպարէզը մտած. նոյն գործով [[Տիգրանակերտ]] կը փոխադրուի իրբ ընկեր եւ գործակից Գիւլպէնկեան տան:
 
Տիգրանակերտի մէջ կուսակալութեան Իտարէի ժողովի անդամ եղած է երկար ժամանակ, առեւտրական սենեկի նախագահ եւ անդամ կառավարական ժողովներու: Այս առթիւ ստացած է Միւթէմայիզ աստիճան եւ զանազան պատուանշաններ: Ազգային շրջանակի մէջ ալ երկար ժամանակ Քաղաքական Ժողովի ատենապետութիւնը ըրած է եւ տեղւոյն Ազգ. գործերու օգտակար ուղղութիւն տալով՝ գնահատուած է ժողովուրդէն: Նպաստած է տեղւոյն [[Ս. Կիրակոս եկեղեցի (Դիարբեքիր)|Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյն]] վերաշինութեան թէ՝ անձնապէս նուիրելով կարեւոր գումար մը եւ թէ՝ յորդորած ուրիշներ որ տան եւ կրցած է գլուխ հանել այդ հոյակապ տաճարին շինութիւն:
Տող 6.
Հայկական կստորածներուն ատեն ([[1895]]-[[1896]]), Տիարպէքիր ջարդի օրերուն. իր տունը ընդունած է հարիւրաւոր Հայեր եւ շաբաթներով պահած է զանոնք:
 
Տիարպէքիրէն [[Հալէպ]] փոխադրուելով, Կիւլպէնկեան Տան շահակից ընկերի հանգամանքով, հոն ազգ. ձեռնարկներու սպտարող եղած է: Առեւտրական պատճառներով յարաբերութեան մէջ ըլլալով Ճիզրէ գաւառակին հետ ([[Տիգրիս|Տիգրիսի]]ի վրայ) կը տեղեկանայ թէ հոն ցիրուցան Հայեր կան մինչեւ գաւառակին խորերը, առանց եկեղեցիի եւ քահանայի. ինք ընտրել կու տայ քահանայ մը եւ Ճիզրէ կը ղրկէ, անոր բնակարանի, ապրուստի, մատուռի վարձքի ծախքերը վճարելով:
 
[[Պաղտատ]] փոխադրուելով, հոն ալ ժողովուրդը ընտրած է զինքը անդամ Գաւառական Ժողովին, պաշտօն մը՝ որ պահեց իր վրայ մինչեւ մահ: Հոն ալ կառավարական յանձնաժողովներու եւ Իտարէի ժողովներու անդամ եղած է:
Տող 12.
Պասրայի եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ալ իր գործունէութեամբ եղած է:
 
22 Յունիս 1913ին մեծաշուք յուղարկաւորութեամբ մը թաղուեցաւ. Ունէր 5 արու զաւակներ եւ երկու աղջիկներ: Յակոբի չորս զաւակները Պաղտատ կը գտնուին, ուր Ֆէլուճէ գիւղաքաղաքին մէջ ունին իրենց մեծ ագարակը, ուր այցելած է հանգ. Ֆէյսալ թագաւորը:
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 534: