«Յակոբ Եըլանճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եըլանճեան Յակոբ,''' Հնչակեան գորցիչ, ծնած է Թոմարզա 1878ին, ուր առած է նախնական կրթութիւնը, ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:31, 25 Յունուար 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եըլանճեան Յակոբ, Հնչակեան գորցիչ, ծնած է Թոմարզա 1878ին, ուր առած է նախնական կրթութիւնը, Իզմիր կ’երթայ հահ մը եւ 1908ին Ամերիկա կ’անցնի ու վերջապէս 1912ին Սաութհ Մելուօքի քաղաքին մէջ կը հաստատուի:

1895ին Թոմարզային մէջ Ս. Գ. Հնչակեան մանաճիւղի առաջին անդամներէն է: Ամերիկայի մէջ անդամակցած է Թոմարզայի Միութեան, որուն վարչութեան մասնակցած է: 1929ին Թոմարզայի Միացեալ Ընկերութեան Վերաշինած Յանձնախումբի Ատենապետ եւ Նոր Թոմարզայի շինութեան նախաձեռնարկ եղած է եւ աշխատակցած է Համակեսարացիական Միութեան գոյանալուն: Այժմ Թոմարզայի Միացեալ Ընկերութեան Կեդր. Վարչութեան Ատենապետն է: Անդամ է տեղակական կազմակերպութեանց:

1907ին Թոմարզայի մէջ դպրոցի հոգաբարձու եղած է եւ 1908ին Թոմարզայի մէջ թղթատարական ճիւղի մը բացումին աշխատած է:

Սաութհ Մալուօքի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբի Ատենապետն էր: 1916-1917 Հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի վարիչ մարմինի անդամ եղած է:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 661: