«Յանգ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ փոխարինվեց: վ , → վ, oգտվելով ԱՎԲ
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Հանգ}}
'''Յանգ եւ տուն''', գրական՝ չափածոյ [[Ստեղծագործութիւն|ստեղծագործութեան]], [[Հնչիւն (խօսքի միաւոր)|հնչիւնհնչիւնային]]ային ձեւաւորման հիմնական կողմերէն մին։
 
Յանգը, այսինքն՝ տողէ [[տող]] կրկնուող տողավերջի [[վանկ]]ը, իր կարգին կարեւոր գործօն է [[չափածո]]յի կշռոյթին եւ երաժշտականութեան համար։
Իր ձեւով, անիկա կը շեշտէ տողավերջի դադարը, որ կարեւոր է կշռոյթի համար․ նաեւ կը [[Շեշտ (երաժշտութիւն)|շեշտշեշտէ]]է, կը խտացնէ բառիմաստները (մանաւանդ զի՛նք պարունակող բառին իմաստը)։
 
Ասով Մէկտեղ, յանգը անհրաժեշտ տարր չէ չափածոյին համար։ [[Քնարական սեռ|ՔնարՔնարական]]ական երկերու պատմութեան մէջ, անիկա գործածութեան մտած է բաւական ուշ՝ [[միջնադար]]էն ասդին։ Երբեմն, նոր ժամանակներու մէջ եւս, բանաստեղծներ նախընտրած են անտեսել զայն, կամ յարգած եւ կիրարկած են՝ զայն նկատելով հանդերձ «արուեստին բռնաւորը, (բանաստեղծի) հոգիին ետմղիչը»։
 
Բայց աւելի՝ անոնք, երբեմն նոյնիսկ ամենայեղափոխականներէն համոզուած են, որ առանց յանգի՝ բանաստեղծութիւնը կը փլի։ «Յանգը,–ըսուած է,- կը վերադարձնէ նախորդ տողին․ կը ստիպէ յիշել զայն․ միտք մը ձեւակերպող բոլոր տողերը կը հարկադրէ միատեղ ըլլալու»։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Յանգ» էջէն