«Յովհաննէս Ամերիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ +{{անաղբյուր}}
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 7.
Ծնած է [[Ախալցխա]]յի [[Ծինուբան]]ի գիւղին մէջ [[1843]] Մայիս 1-ին։ Ներսէս Ե․ Կաթողիկոս պատահմամբ տեսնելով Ամերիկեանին, կը որդեգրէ եւ կ՛ընդունի՝ [[Ներսէսեան վարժարան (Թուրքիա)|Ներսէսեան]] դպրոցի սան։ Այնտեղ նա կը ծանօթանայ գրականութեան ու գեղարուեստի հետ, սիրելով թատերական գործը կը միտդրէ՝ հայոց կեանքէն ներս, կանոնաւոր [[թատրոն]] հիմնել։ Մինչեւ այդ ժամանակները, շատ քիչ ներկայացումներ կը տրուէին եւ գործը տակաւին չէր կանոնաւորուած։ Ձգելով Ներսէսեան դպրոցը, ան առաջին անգամ Միհրդատ ողբերգութեան մէջ բեմ կը բարձրանայ՝ կատարելով Միհրդատի դերը ու այդ օրուընէ, անոր անունը Միհրդատ կը մնայ։
 
[[1860]] թուականին խաղալով՝ «Դրաստամատ»ի ու «Արշակ Բ.»-ի դերերը, կը հռչակուի իբրեւ դերասան։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած, կը վճռէ ընդմիշտ նուիրուիլ բեմին։ [[Տփխիս]]ի ([[Թիֆլիս]]) հասարակութեան՝ դէպի հայոց [[թատրոն]]ն ունեցած անտարբերութիւնը, ստիպեց Ամերիկեանին հեռանալ Տփխիսէն, ուստի ան [[1874]]-ին կ՛երթայ [[Փոթի]], ուր [[հայերէն]] եւ [[վրացերէն]] լեզուներով կը ներկայացնէ ներկայացում մը եւ կ՛երթայ [[Կոստանդնուպոլիս|Կ․ Պոլիս]]։ Այնտեղ ալ կը սկսի խաղալ ([[Պէպօ]], Արշակ Բ․ եւ այլն), սակայն յաջողութիւն չ՛ունենար ու թոքախտով հիւանդացած Տփխիս կը վերադառնայ։ Այստեղ, ան հիւանդ դրութեան մէջ կը շարունակէ իր սիրած գործը, սակայն չարքաշ հիւանդութիւնը մէկ կողմէն, նիւթականն վիճակը միւս կողմէն՝ կը խեղդեն նրան եւ Ամերիկեան, իբրեւ վերջին ապաւէն, դիմեց հայ խմբագրատուներուն, օգնութիւն խնդրեց ու ձեռնունայն ելլելով՝ [[1879]] թուականի Փետրուար 5-ին ատրճանակով ինքնասպան կ՛ըլլայ, Տփխիսի մէջ։
 
Ամերիկեան աշխատակցած է «[[Կռունկ (շաբաթաթերթ)|Կռունկ»]]»-ին եւ «[[Մշակ (թերթ)|Մշակ]]»ին]], վերջինին շատ գեղեցիկ ու սրամիտ յօդուածներ տուած է «Զաքուճ» կեղծ ստորագրութեամբ։
 
[[Կատեգորիա:1843 ծնունդներ (արւմտ․)]]