«Յօդեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 23.
* Թելային (fibrous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրերը իրարու կը միանան խտացած թելերու հիւսուածքներով, որ կը պարունակէ սոսնձատու (collagen) նիւթ: [[Ակռա (արեւմտահայերէն)|Ակռաները]] ծնօտներուն մէջ թելային յօդերով կը հանգչին:
* Աճառային (cartilagenous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրամասերը ծածկուած են ապակենման սպիտակ նիւթ (hyaline) պարունակող հիւսուածքով եւ իրարու թելաճառային հիւսուածքով կը կապուին: Ոսկորները (vertebral bodies) եւ ցայլոսկրները (pubic bones) հարուստ են այս տեսակ յօդերով: Սաղմային կեանքի ընթացքին, քիթի խոռոչներու ոսկորները իրար միացած կ՛ըլլան աճառային յօդերվ, որոնք ծնունդէն ետք կ՛անյայտանան՝ ոսկրամիաձուլունով (bony fusion): Վերոյիշեալ երկու տեսակ յօդերու պարագաներուն, երբ թելային եւ աճառային հիւսուածքները կարծրանան եւ ոսկրացում (ossification) տեղի ոնենայ, երկու ոսկորները կը միաձուլուին, եւ այս մէկը կը կոչուի ոսկրակցութիւն (synostosis):
* Յօդաւշային (synovial) յօդեր, որոնք ազատ շարժում կը ստեղծեն: Յօդաւշային յօդը կազմուած է յօդապատեանով (joint capsule) մը որ երկու ոկորներու ծայրամասերը իրարու կը կապէ յօդէն քիչ մը անդին եւ յօդախոռոչ կը կազմէ ոսկորներու միջեւ:
 
Ոսկորներո ծայրամասերը ծածկուած են աճառային հիւսուածքէ, իսկ յօդապատեանը կազմուած է երկու շերտերէ՝
 
* Արտաքին շերտ, որ յօդակապան (joint ligament) կը կոչուի: Այս մէկը թոյլ կապան մըն է որ յօդին առիթ կու տայ ազատօրէն շարժելու:
* Ներքին շերտ որ յօդաւշապատեան (synovium) կը կոչուի: Այս մէկը իւղոտ հեղուկ մը կ՛արտադրէ, ոդ յօդաւշային հեղուկ կը կոչուի: Այս հեղուկը կը կուտակուի յօդախոռոչին մէջ եւ կակուղ կը պահէ ոսկորներու մակերեսները:
 
== Աղբիւրներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Յօդեր» էջէն