«Նախահայկական Դարաշրջան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Պրոնզէ Դարը Հայաստանի Մէջ: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ն,շ → ն, շ oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5.
== Քարէ Դարը Հայաստանի Մէջ ==
=== Նախնադարեան Մարդկային Ընկերութիւն ===
Աշխատանքի միջոցով նախամարդը ստացած է ներկայ մարդու կերպարանքը։ Աստիճանաբար ստացած է ուղիղ կեցուածք, երկու ոտքերու վրայ կանգնելու եւ քալելու, ձեռքի թաթերը գործածելու կարողութիւն։ Ասոր զուգընթաց կազմաւորունած է գանկը, զարգացած են ուղեղն ու միտքը։ [[Լեզու (արեւմտահայերէն)|Լեզու]]ն եւս ունեցած է համապատասխան յառաջդիմութիւն, առանձին բացագանչութիւններէն բառեր եւ [[Նախադասութիւն|նախադասութիւն]]ներ արտասանելու կարողութեան անցնելով։ Ձեռքի եւ մտքի գործակցութեամբ, մարդը պայքարած է բնութեան արհաւիրքներուն դէմ եւ պաշտպանած է իր գոյութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, այս ձեւով, ան տարբերած է կենդանական աշխարհէն եւ հեռացած անկէ։
 
Հարիւր հազարաւոր տարիներ տեւող այս ընթացքը կը կոչենք [[Նախնադար (արեւմտահայերէն)|Նախնադար]]։ Նախնադարեան մարդու պատմութեան այս ժամանակաշրջանը կը կոչենք նաեւ՝ Քարէ Դար, որովհետեւ մարդու առաջին եւ հիմնական գործիքը եղած է քարը։
Տող 22.
==== Հին Քարէ Դար ====
Հին Քարէ Դարը հայկական լեռնաշխարհին մէջ կը սկսի մօտ մէկ միլիոն տարի առաջ եւ կը վերջանայ 14 հազար տարի առաջ՝ Ք․Ա․ 12-րդ հազարամեակին։ Այս դարաշրջանին մարդը օգտագործած է կայծքարէ եւ մանաւանդ վանակատէ (օպսիտեան, որունն ժողովուրդը կու տայ «սատանայի եղունգ» անունը) կոշտ գործիքներ։ Ասիկա նախամարդուն առաջին զէնքն էր։ [[Վանակատ (արեւմտահայերէն)|Վանակատ]] քարէ այդ գործիքէն գտնուած են Արագածի շրջանի Արտին լերան վրայ եւ [[Երեւան]]ի մօտիկ [[Արզնի (արեւմտահայերէն)|Արզնի]] բնակավայրին մէջ։
 
 
Հին Քարէ Դարուն մարդը իր գոյութիւնը կը պահէր պտուղներ եւ արմատներ հաւաքելով եւ հում միսով սնանելով։ Վայրենութեան այդ աստիճանին մարդիկ շատ քիչ կը տարբերէին անասուններէ։ Անոնք կ’ապրէին խումբերով, կը կազմէին հորդաններ եւ կը վարէին թափառական կեանք։ Մարդկային խումբերը կը կազմուէին սնունդ հայթայթելու, գազաններէն պաշտպանուելու եւ սերունդը խնամելու բնազդով։ Դարերու ընթացքին մարդը կայծքարէն կամ ուրիշ կարծր քարերէն կ’անցնի աւելի մշակուած գործիքներու պատրաստումին։ Անոնցմէ էր ձեռքի հատիչը, որ 10-15 սմ. երկարութեամբ մէկ ծայրը սուր, միւսը՝ հաստ, տանձաձեւ ամուր քար մըն էր։ Ձեռքի հատիչը կը գործածուէր հարուածելու եւ ճեղքելու համար<ref>{{Cite web|title = Early Stone Age Tools {{!}} The Smithsonian Institution's Human Origins Program|url = http://humanorigins.si.edu/evidence/behavior/tools/early-tools|website = humanorigins.si.edu|accessdate = 2015-11-17}}</ref>։
 
Նախնադարեան մարդու կեանքին մէջ մեծ յեղաշրջում յառաջացուցած է կրակի գիւտը։ Կրակը կը բարեփոխէր սնունդը, մարդիկը կը պաշտպանէր ցուրտէն եւ գիշատիչ գազաններէն, կը լուսաւորէր գիշերուան խաւարը եւ կը հեռացնէր «չար ոգիները»։ Կրակը նպաստած է նաեւ նստակեցութեան։
 
 
 
Հազարամեակներու փորձառութեամբ՝ նախնադարեան մարդը հնարած է նաեւ [[Նետ (արեւմտահայերէն)|նետ]] ու աղեղ։ Իբրեւ նետի սլաք օգտագործուած են կայծքարը եւ վանակատի սուր կտորները։ Նետն ու աղեղը կարեւոր զէնք դարձած են որսը հեռուէն սպաննելու եւ գիշատիչ գազաններէն ու թշնամիներէն պաշտպանուելու համար։
Տող 37 ⟶ 34՝
Աստիճանաբար նստակեաց դառնալով՝ մարդիկ կը սկսին քարայրանման բնակարաններ շինել՝ գետնափոր, առանց լուսամուտի եւ ծխնելոյզի պատկերը անկոփ քարերէ կազմուած, իսկ տանիքը սալաքարերով ծածկուած<ref>{{Cite web|title = Neolithic Houses {{!}} English Heritage|url = http://www.english-heritage.org.uk/visit/places/stonehenge/things-to-see-and-do/neolithic-houses/|website = www.english-heritage.org.uk|accessdate = 2015-11-17}}</ref>։
 
Կը սկսի նաեւ ձեռքի բրիչով մշակուած [[Երկրագործութիւն|երկրագործութիւն]]ը։ Պեղումներէն ետք յայտնաբերուած են կաւէ ամաններու մէջ ցորենի եւ [[Գարի (արեւմտահայերէն)|գարի]]ի տարբեր տեսակներ, որոնք կը վկայեն նստակեաց կեանքի եւ հողով նախնական մշակման մասին։ Երբ թափառումներու շրջանը վերջ կը գտնէր, եւ սկիզբ կ'առնէր տոհմային համայնական կեանքը, որունն հիմքը մարդոց արենակցական-ազգականական կապերն էին, կինը կը դառնար [[Տոհմ (արեւմտահայերէն)|տոհմ]]ի կեդրոնական դէմքը։ Այր մարդոց հիմնական զբաղումը կը մնար որսորդութիւնը, որուն յաջողութիւնը կապուած էր պատահականութեան։ Կինն էր, որ մշտապէս վառ կը պահէր կրակը, բրիչով կը մշակէր հողը, կը խնամէր ու կը սնուցանէր մանուկները եւ, վերջապէս, կ'ապահովէր համայնքին անհրաժեշտ կենսամթերքը։ Սերունդը կը ճանչցուէր մօր միջոցով։ Կնոջ այս բարձր դիրքին ու նշանակութեան համար այդ դարաշրջանը կը կոչենք մայրիշխանական<ref>{{Cite web|title = What was the Role of Men and Women in the Stone Age?|url = https://prezi.com/foasr5v7voxk/what-was-the-role-of-men-and-women-in-the-stone-age/|website = prezi.com|accessdate = 2015-11-17}}</ref>։
 
=== Պղինձէ Դար ===
Հինգերորդ հազարամեակին կը սկսի [[Մետաղ (արեւմտահայերէն)|մետաղ]]ի օգտագործումը։ Մշակուած առաջին մետաղը պղինձն է։ Թէեւ դիւրահալ, սակայն դիւրաբեկ մետաղ ըլլալով՝ պղինձը չի կրնար ամբողջութեամբ փոխարինել քարը։ Պղինձին հետ կը շարունակուի նաեւ քարին գործածութիւնը։ Այս պատճառով Ք․Ա․ 5-4-րդ հազարամեակները կը կոչուին Պղինձէ-Քարէ դարեան (էնէոլիթ)<ref>{{Cite web|title = Copper Age|url = http://www.btm.hu/old/varmuzeum/allando/oskor/arezkor.html|website = www.btm.hu|accessdate = 2015-11-17}}</ref>։
 
Այս դարերուն կը կատարելագործուին աշխատանքային գործիքները եւ կը յառաջդիմէ [[Տնտեսութիւն|տնտեսութիւն]]ը։ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ պեղումներէն գտնուած են պղինձէ ուրագ, [[Դանակ (արեւմտահայերէն)|դանակ]], կացին, ձուլելու քարէ կաղապար եւ տեսակաւոր այլ գործիքներ հողի եւ բերքի մշակման համար։ Պեղումներու ընթացքին, տարբեր բնակավայրերու մէջ գտնուած են նաեւ մանգաղներ, [[Սանդ (արեւմտահայերէն)|սանդ]]եր, աղօրիքներ, որոնք ապացոյց են, որ արդէն կային [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]]ի հասկերը քաղելու, հասկերէն հատիկները բաժնելու եւ զանոնք փշրելու գործիքները։
 
Կը զարգանայ նոյնպէս [[Կաւագործութիւն|կաւագործութիւն]]ը։ Կը պատրաստուին փայլուն եւ անփայլ [[Կաւ|կաւ]]է տեսակաւոր ամաններ, նախկինէն աւելի ողորկ եւ լաւորակ, որոնք յաճախ կը զարդարուին կենդանական եւ բուսական նկարներով։ Գտնուած են կնոջ, թռչունի, եզան, ոչխարի կաւէ արձանիկներ։ Կ’ընտելացուին եղջերաւոր մեծ կենդանիներ։ [[Եզ (արեւմտահայերէն)|Եզ]]ը կը գործածուի իբրեւ լծկան կենդանի։ Անասուններու [[Բուրդ (արեւմտահայերէն)|բուրդ]]էն եւ մազէն իլիկով թել կը պատրաստուի. կը զարգանայ մանագործութիւնը կենդանական եւ բուսական թելերու օգտագործումով։
Այս դարերուն կը կատարելագործուին աշխատանքային գործիքները եւ կը յառաջդիմէ [[Տնտեսութիւն|տնտեսութիւն]]ը։ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ պեղումներէն գտնուած են պղինձէ ուրագ, [[Դանակ (արեւմտահայերէն)|դանակ]], կացին, ձուլելու քարէ կաղապար եւ տեսակաւոր այլ գործիքներ հողի եւ բերքի մշակման համար։ Պեղումներու ընթացքին, տարբեր բնակավայրերու մէջ գտնուած են նաեւ մանգաղներ, [[Սանդ (արեւմտահայերէն)|սանդ]]եր, աղօրիքներ, որոնք ապացոյց են, որ արդէն կային [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]]ի հասկերը քաղելու, հասկերէն հատիկները բաժնելու եւ զանոնք փշրելու գործիքները։
 
Կը զարգանայ նոյնպէս [[Կաւագործութիւն|կաւագործութիւն]]ը։ Կը պատրաստուին փայլուն եւ անփայլ [[Կաւ|կաւ]]է տեսակաւոր ամաններ, նախկինէն աւելի ողորկ եւ լաւորակ, որոնք յաճախ կը զարդարուին կենդանական եւ բուսական նկարներով։ Գտնուած են կնոջ, թռչունի, եզան, ոչխարի կաւէ արձանիկներ։ Կ’ընտելացուին եղջերաւոր մեծ կենդանիներ։ [[Եզ (արեւմտահայերէն)|Եզ]]ը կը գործածուի իբրեւ լծկան կենդանի։ Անասուններու [[Բուրդ (արեւմտահայերէն)|բուրդ]]էն եւ մազէն իլիկով թել կը պատրաստուի. կը զարգանայ մանագործութիւնը կենդանական եւ բուսական թելերու օգտագործումով։
 
=== Պրոնզէ Դարը Հայաստանի Մէջ ===
Էնէոլիթին (պղինձ եւ քար) կը յաջորդէ Պրոնզէ դարը, որ հայկական լեռնաշխարհի մէջ կը տեւէ 3-րդէն մինչեւ 2-րդ հազարամեակի կէսերը։ Պղինձը, իբրեւ [[Զէնք|զէնք]] եւ գործիք, իրի փափկութեան պատճառով երկար չի մնար գործածութեան մէջ։ [[Մետաղագործութիւն|Մետաղագործ]]ները պղինձի եւ [[Անագ (արեւմտահայերէն)|անագ]]ի միաձուլումէն կ’արտադրեն նոր որակի աւելի կարծր եւ հատու մետաղ մը, որունն կու տանք անագապղինձ կամ [[Պրոնզ|պրոնզ]] անունը։
 
 
Պրոնզը լայն գործածութիւն կը ստանայ եւ յեղաշրջիչ դեր կը կատարէ նախնադարեան [[Քաղաքակրթութիւն|քաղաքակրթութեան]] զարգացման մէջ։ Այդ պատճառով ալ հին պատմութեան այս փուլը կը կոչենք Պրոնզի դարաշրջան։ Պրոնզը մեծապէս կը նպաստէ նախնադարեան մարդու աշխատանքը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու։ Պրոնզէ դարուն կ’օգտագործուին նաեւ այլ մետաղներ՝ [[Ոսկի (արեւմտահայերէն)|ոսկի]], [[Արծաթի (արեւմտահայերէն)|արծաթ]], անագ եւ այլն… :
Տող 56 ⟶ 51՝
 
Պատմական Հայաստանի մէջ գտնուած են մետաղ հալեցնելու [[Հնոց (արեւմտահայերէն)|հնոց]]ներ, որոնցմէ հռչակաւոր է [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտ]]ի մէջ Մեծամօրի ձուլարանը։ Գտնուած են այդ դարաշրջանի քաղաքակրթութեան բազմաքանակ ու բազմատեսակ նիւթական մնացորդները։ Անոնց մէջ կան պրոնզէ կացիններ, դանակներ, ձուլուած սղոց, մանգաղներ, եղաններ, սանձեր։ Շատ են յատկապէս զէնքի տեսակները՝ սուր, դաշոյն, նետասլաք, վահան, սաղաւարտ։ Մեզի հասած են պրոնզէ եւ ոսկիէ պատրաստուած եղջերուի, թռչուններու, քարայծի, առիւծի արձանիկներ, ուլունքներ, զարդարուած թասեր, գօտիներ եւ այլն։
 
 
 
Հնագիտական պեղումներէն գտնուած իրեղէնները ցոյց կու տան բացառիկ զարգացումը արհեստներուն, որոնք ճիւղաւորունած են եւ մասնագիտացած։ Բացի մետաղագործական արհեստներէն, կը զարգանան նոյնպէս կաւագործութիւնը, մանածագործութիւնը, կահագործութիւնը եւ կաշեգործութիւնը։ Կը շինուին հարուստ զարդերով սիրուն կաւամաններ, որոնք պատրաստուած են բարձր որակով շնորհիւ նոր յայտնուած բրուտի անիւին (դուրգ):
 
 
 
Կը յառաջդիմեն անասնապահութիւնն ու հողագործութիւնը։ Կ'ընտելացուի ձին եւ կը գործածուի արօրը քաշելու համար։ Կ'ընդարձակուին ցանքատարածութիւնները. կը սկսին մշակուիլ [[Խաղող (արեւմտահայերէն)|խաղող]]ի եւ պտղատու ծառերու այգիներ։ Ասոնց ոռոգումին համար կը բացուին առուներ, [[Ջրանցք (արեւմտահայերէն)|ջրանցք]]ներ: Երկրագործութեան յառաջդիմութեան մէջ մեծ դեր կ'ունենան անասուններու ուժով գործող արօրն ու կամը։ Այս ժամանակներուն կը ստեղծուին անասնաւոր կառքերը, որոնցմէ բազմաթիւ նմոյշներ գտնուած են Հայաստանի մէջ կատարուած պեղումներէն<ref>{{Cite web|title = Middle Bronze Age|url = http://www.btm.hu/old/varmuzeum/allando/oskor/akozepbronzkor.html|website = www.btm.hu|accessdate = 2015-11-17}}</ref>:
 
 
Երկրագործութեան եւ [[Անասնապահութիւն|անասնապահութեան]] զարգացումը փոփոխութիւններ կը մուծէ մարդոց ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։ Արտադրութեան մէջ դժուարին եւ հիմնական աշխատանքը կը կատարէր այր մարդը. հետեւաբար, ան էր [[Ընտանիք (արեւմտահայերէն)|ընտանիք ]]ին, [[Տոհմ (արեւմտահայերէն)|տոհմ]]ին կամ [[Ցեղ (արեւմտահայերէն)|ցեղ]]ին մէջ գլխաւոր դէմքը, ուստի՝ մայրիշխանութիւնը իր տեղը կը զիջի հայրիշխանութեան։
 
[[File:Սափոր՝ գալարուն ոձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար).jpg|200px|մինի|ձախից|Սափոր՝ գալարուն օձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար):]]
Տող 80 ⟶ 69՝
[[File:Պրոնզէ կացին Մարտուինէն (Ժդ.-Ժբ. դարեր).jpg|150px|մինի|ձախից|Պրոնզէ կացին Մարտուինէն (Ժդ.-Ժբ. դարեր):]]
 
Պաշտուող կենդանիներ եւ բնութեան երեւոյթները համարուած են պաշտպան ոգիներ։ Մարդիկ զոհեր մատուցած են անոնց, իրենց խնդրանքը կատարելու համար։ Հաւատացած են, որ մեռնելէ ետք մարդը կ'ապրէր անդրշիրիմեան կեանքով։ Այդ պատճառով հանգուցեալին հետ թաղած են իր հագուստները եւ անձնական այլ իրեր։ Դամբարանային պեղումները ցոյց կու տան, որ ցեղապետին հետ թաղուած են իր զէնքերը, ծառաները, եւ նոյնիսկ եզներով լծուած սայլը։ Անոնք համոզուած էին, որ մեռած նախնիները կը հետեւին ու կը մասնակցին տոհմին անդամներուն առօրեայ կեանքին։ Հետեւաբար, կը պաշտէին ու զոհեր կը մատուցանէին նաեւ նախնիներուն։
 
[[File:Պրոնզեայ օձաձեւ վարսակալ, (Ժբ.-Ժա դարեր, Գետաշէն-Արցախ).jpg|150px|մինի|Պրոնզեայ օձաձեւ վարսակալ, (Ժբ.-Ժա դարեր, Գետաշէն-Արցախ):]]
Տող 89 ⟶ 78՝
 
Պրոնզէ դարու մշակոյթին կարգ մը տարրերը կը պահուին ու հետագային կը զարգանան Վանի ուրարտական թագաւորունթեան շրջանին<ref>{{Cite web|title = Religion and society in the Bronze Age|url = http://www.academia.edu/5698976/Religion_and_society_in_the_Bronze_Age|website = www.academia.edu|accessdate = 2015-11-17}}</ref>:
 
 
[[File:Միաձոյլ, քանդակազարդ պրոնզէ դաշոյններ, Լճաշէն, Արթիկ,- (Ժդ.-Ժբ. դար).jpg|150px|մինի|Միաձոյլ, քանդակազարդ պրոնզէ դաշոյններ, Լճաշէն, Արթիկ,- (Ժդ.-Ժբ. դար):]]
 
Նախնադարեան մարդը հարիւր հազարաւոր տարիներու ընթացքին կը հասնի գեղեցիկի ստեղծման մակարդակին։ Արուեստը իր շատ նախնական ձեւով կը ծնի մարդուն մէջ շնորհիւ դիտելու եւ երեւակայածը արտայայտելու կարողութեան։ Բնութեան երեւոյթներու նկատմամբ այս ընդունակութիւնը մարդուն կու տայ ձեւի, չափի, եւ գոյնի զգացողութիւն, որոնցմէ կը ձեւաւորունի նոյն ատեն գեղեցիկի պատկերացումը։ Պրոնզէ դարէն մեզի հասած են բաւական զարգացած արուեստի նմոյշներ։ Հայկական լեռնաշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ([[Արագած (արեւմտահայերէն)|Արագած]], [[Գեղամայ Լեռներ|Գեղամայ լեռներ]], [[Սիւնիք|Սիւնիքի]]ի [[Ուղտասար (արեւմտահայերէն)|Ուղտասար լեռ]], եւ այլն...) կը գտնուին հազարաւոր ժայռապատկերներ, որոնց վրայ համաչափ ու գեղեցիկ տեսքով փորագրուած են կենդանիներ, թռչուններ, որսի տեսարաններ։ Քարէ, կաւէ, պրոնզէ պատրաստուած մարտակառքերը, պաշտամունքի տեսարանները, քարայրներու պատկերազարդումը կը հանդիսանան մարդուն առաջին մուտքը արուեստի կալուածէն ներս։
 
[[File:Լճաշէն - եղջերուի պրոնզէ արձանիկ (Ժէ.-Ժդ. դար).jpg|200px|մինի|ձախից|Լճաշէն - եղջերուի պրոնզէ արձանիկ (Ժէ.-Ժդ. դար):]]
Տող 103 ⟶ 91՝
[[Պատկեր:Ուղտասար, ժայռապատկերներ (Ե.-Բ. հազարամեակ).jpg|ձախից|250px|մինի|աջից|Ուղտասար, ժայռապատկերներ (Ե.-Բ. հազարամեակ)]]
 
Սիւնիքի Ուղտասար լեռը բացառիկ կերպով հարուստ է իր բազմական ու առատ ժայռապատկերներով։ Շուրջ հազար քարերու վրայ փորագրուած են քանի մը հազար նկարներ՝ նախնադարեան մարդոց առօրեայ կեանքն ու կենցաղը պատկերացնող տեսարաններով։ Աչքի կը զարնեն յատկապէս որսորդական նկարները, նետ ու աղեղով զինուած որսորդներով եւ վայրի կենդանիներով։ Այս վերջիններուն մէջ կը տիրապետեն քարայծները, եղջերուները, վայրի ձիերը։ Կը հանդիպինք նոյնպէս գայլերու, շուներու, առիւծներու, յովազներու, օձ-վիշապներու, թռչուններու, ինչպէս նաեւ կրօնական պաշտամունքի տեսարաններու։
 
Ժայռափոր հնագոյն այս արուեստագէտները յաջողած են պարզ, զուսպ բայց բնորոշ գիծերով եւ կենդանի կերպով պատկերացնել մարդիկն ու կենդանիները, իրենց այլազան դիրքերով, շարժումներով եւ գործողութեամբ։
 
=== Երկաթէ Դարու Սկիզբը եւ Նախնադարեան Ընկերութեան Քայքայումը ===
Նախնադարը կ'աւարտի երկրորդ հազարամեակի վերջերուն, երբ [[Պրոնզ|պրոնզ]]ին կը յաջորդէ երկաթը. երկաթին օգտագործումը յեղաշրջիչ հսկայական դեր կը կատարէ։ Երկաթէ խոփով արօրը եւ երկաթեայ կացինը աննախընթաց մղում կու տան երկրագործութեան եւ կը բարձրացնեն հողի աշխատանքի արտադրողականութիւնը։ Մեծ թափով կը զարգանան նաեւ արհեստներն ու շինարարութիւնը, որոնք բաժնուելով երկրագործածութենէն անջատ ճիւղեր կը կազմեն։ Տնտեսական կեանքի զարգացումը կը խախտէ նոյնպէս տոհմի որոշ չափի հաւասարութեան սկզբունքը։
 
Այնքան ատեն որ նախնադարեան մարդը իր գոյութեան պահպանումին համար անհրաժեշտ ապրուստէն աւելի չէր կրնար արտադրել, մասնաւոր սեփականութիւն գոյութիւն չունէր։ Ամէն ինչ հաւասարապէս կը պատկանէր տոհմի բոլոր անդամներուն։ Տոհմապետը կը վարէր համայնքին գործերը. աշխատանքը կը բաժնէր [[Հողագործութիւն|հողագործ]]ներու, [[Անասնապահութիւն|անասնապահ]]ներու եւ որսորդներու միջեւ. կը կազմակերպէր համայնքի անդամներուն եւ հարստութեան պաշտպանութիւնը թշնամի յափշտակիչներուն դէմ. իսկ հաւաքական աշխատանքով ձեռք բերուած արդիւնքին բաշխումը, հաւասար եւ արդար կերպով, դարձեալ կը կատարէր տոհմապետը, որ այս ձեւով նման էր նահապետական մեծ ընտանիքի հօր մը։
Տող 115 ⟶ 103՝
Երկաթէ դարուն, սակայն, այս իրաւակարգը կը սկսի փոխուիլ։ Արտադրութիւնը կը մեծնայ եւ տոհմին կամ ցեղին սպառողական պահանջները գոհացնելէն ետք, անոր մէկ մասը կը մնայ։ Այս է, որ առիթ կը ստեղծէ մասնաւոր սեփականութեան։
 
Տոհմա-ցեղային աւագանին կը սկսի իւրացնել բարեբեր հողերը, ուրիշ ցեղերէ ձեռք բերուած աւարին [[Առիւծ|առիւծ]]ի բաժինը։ Հետզհետէ իր ընտանիքով ան կը բաժնուի տոհմին միւս անդամներէն։ Նահապետական ընտանեկան համայնքը կը բռնէ քայքայման ուղին, եւ կը ստեղծուին աւելի փոքր ընտանիքներ։
 
Յաճախակի կը դառնան նաեւ միջ-ցեղային պատերազմները՝ կողոպուտի եւ նոր հողամասեր գրաւելու նպատակով, ինչ որ աւելի կ'ամրապնդէ տոհմի աւագանիին կարողութիւնն ու իշխանութիւնը։ Այս վերջինները կը ստեղծեն կռուողներէ բաղկացած ջոկատներ, որոնց գործը միայն պատերազմն էր։ Ուրիշ ցեղերու յարձակումներէն պաշտպանելու համար կը բարձրացնեն հսկայական քարերով կառուցուած բերդեր, ուր կ'ամբարեն իրենց հարստութիւններն ու պաշարը։ Տոհմին կամ ցեղին մէջ, այս ձեւով, կը յառաջանան իշխողներ եւ հպատակներ, հարուստներ եւ աղքատներ։ Կը կազմալուծուի նահապետական ընտանիքը եւ ճամբայ կը հարթուի դասակարգերու ստեղծման։
Տող 129 ⟶ 117՝
* Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վլադիմիր Բարխուդարեան, էջ 13->23:
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}}
 
[[Կատեգորիա:Նախահայկական դարաշրջան]]